Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բնաջնջողները Եւ Առաքինի Մահմետականները»

April 19, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս լոյս տեսաւ Սայիթ Չեթինօղլուի «Բնաջնջողները եւ առաքինի մահմետականները» խորագիրով թրքերէն գիրքը, որ կը մեկնի Զաւէն պատրիարք Տէր Եղիայեանի »1868-1947( կազմած հայերու ցեղասպանութեան կազմակերպիչներու ցուցակէն: Այս առիթով «Ակօս» հեղինակին հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որուն վեց հարցումներէն չորսը թարգմանաբար պիտի ներկայացնենք այստեղ:

«ԱԿՕՍ».- Ձեր գիրքին կազմաւորման փուլերը կրնա՞ք բացատրել: Փաստաթուղթերու քննարկման միջոցին ի մասնաւորի ո՞ր կէտերը ձեզ աւելի շահագրգռեցին:

ՉԵԹԻՆՕՂԼՈՒ.- Կատարած աշխատանքս, որ կը մեկնի Զաւէն պատրիարքի ցուցակէն, տարբեր անկիւնէ մը կը քննէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կազմութեան շրջանն ու անոր վարչաձեւը ու այդ նիւթին առնչուող վէճերուն մասնակցելու առիթ կու տայ: Գիրքը ընթերցողները պիտի տեսնեն, թէ մեկնաբանութեան հարկը չեմ զգացած: Բաւականացած եմ ցանկին մէջ աւելցնել կենսագրութիւններ եւ Պատրիարքին ցուցակը հարստացուցած եմ միայն ամբողջացնող ուսումնասիրութիւններով: Յաւելումներու մէջ Այհան Աքթարի եւ Ռաչօ Տոնեֆի այս նիւթով արժէքաւոր աշխատութիւնները Ռեճեփ Մարաշլըի գրի առած, Ապտիւլ Համիտէն մինչեւ Մ. Քեմալ երկարող բնաջնջողներէն Քիւրտ Մուսա պէյի կենսագրութիւնը Զաւէն պատրիարքի ցանկին տարբեր հարստութիւն մը շահեցուցած է: Թէեւ խորհած էի այս աշխատութիւնս ձօնել Պեհաէտտին Շաքիրի հրոսախումբերուն կողմէ սպաննուած պապերուս, սակայն Պեհաէտտին Շաքիր պէյին թողած վաւերաթուղթերուն համեմատ «Իթթիհատ եւ թերաքքը» անուն աշխատութենէն առած իշխան Սապահատտինի խօսքերուն յատկացուցի: Պատահարներուն մասին հետեւեալը ըսած է իշխանը. «Թէեւ միշտ կը մերժէինք, որ օտար տէրութիւնները խառնուին մեր ներքին գործերուն, սակայն առանց օտար միջամտութեան` կարելի չէր բարեկարգումներ հաստատել: Մենք օտար տէրութիւններէն քաշուելով է, որ մեզի հետ ապրող քրիստոնեաները պահեցինք: Եթէ օտար պետութիւններէն վախ չունենայինք, բոլոր քրիստոնեանները, ի մասնաւորի հայերը, կը սպաննէինք` մէկ հոգի իսկ չխնայելով…»:

1907-ին տեղի ունեցած երիտթուրքերու համաժողովին իշխան Սապահատտին իր արտայայտութեամբ ուրիշ որեւէ խօսքի պէտք չթողուց: Զաւէն պատրիարք հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած յանցանքներուն դէմ առարկելուն համար իրաւազրկուած եւ աքսորուած կրօնական առաջնորդ մըն է: Զաւէն պատրիարք աքսորի մէջ ալ իր ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան հանդէպ անտարբեր չէ մնացած եւ կրցած է պատմութեան փոխանցել ցեղասպանութիւնը իրականացնող ջարդարարներուն ցուցակը: Առանց ժամանակ կորսնցնելու` ան հարուստ ցանկ մը պատրաստած է: Այս ցանկը միեւնոյն ատեն ցոյց կու տայ, թէ հակառակ իր գտնուած դժուար պայմաններուն եւ միջոցներու նեղութեան` պատրիարքը իր ժողովուրդին հանդէպ անտարբեր չէ եղած: Ասիկա ցոյց կու տայ նաեւ իր այն հաւատքը, որ օր մը արդարութիւնը երեւան պիտի ելլէ:

«Զաւէն պատրիարքի ցուցակը» գիրքը չորս տարուան աշխատութեան մը արդիւնքն է: Զանազան աղբիւրներէ կարդացած էի այդ մասին, սակայն չորս տարի առաջ դիպուածով մը անոր հանդիպելէս ետք է, որ տքնաջան աշխատանքի լծուեցայ: Պակասներ կան, որոնք յոյս ունիմ, որ այլ հետազօտողներ պիտի ամբողջացնեն: Ինչպէս ըսած եմ` իմ ջանքերս նպաստ բերել կը միտին վարչաձեւը քննադատող վիճաբանութիւններուն:

Ցուցակը հետաքրքրական դարձնող յատկանիշներէն մէկն ալ այն է, որ թէեւ Զաւէն պատրիարք աքսորի մէջ կը գտնուէր, աքսորէ վերադարձին, 1918-ին, ան շատ ճշգրտօրէն պատրաստած է ցուցակը: Այս պարագան է, որ ցուցակը կը դարձնէ կարեւոր ու արժէքաւոր:

Այս ցուցակ Ռեմոն Գէորգեանի բովանդակալից եւ հոյակապ «Les Genocides des Armeniens»-ի հետ ալ բաղդատեցի: Հակառակ անոր, որ Զաւէն պատրիարքին ցուցակը շատ սահմանափակ պայմաններու մէջ պատրաստուած էր, սակայն ճիշդ էր: Ինչպէս որ ըսի, պատրիարքը Ցեղասպանութեան մասին պատմութեան համար կարեւոր ծանօթագրութիւն մը ձգած է, հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը օրակարգի բերելով` Ցեղասպանութեան հեղինակները աչքերու առջեւ փռած է:

«Ա.».- Զաւէն պատրիարքին ցուցակը ինչպէ՞ս եւ որքա՞ն ժամանակի մէջ պատրաստուեր է: Պատրիարքին վկայագրերու որքա՞նը հայոց, որքա՞նը թուրքերու եւ որքա՞նը քիւրտերու կը պատկանին:

Չ.- Կրնանք ըսել, թէ պատրիարքը իր ցուցակը աքսորի շրջանին իրականացուցած է, եւ վկաները կարեւոր տեղ գրաւած են: Այս իսկ պատճառով կը կարծեմ, թէ բաղդատական մը ընելը կարելի չէ: Զաւէն պատրիարքին ցուցակները պատերազմական ատեանի նիստերէն առաջ պատրաստուած են: Կրնանք ըսել, թէ ցուցակը այս նիստերուն ընթացքին թուրք եւ քիւրտ վկաներու կողմէ ճշդուած է: Ի՜նչ մեղք, որ թրքական Նիւրենպերկը ռէալփոլիթիքի զոհ գացած է: Քաղաքակիրթ երկիրներ մարդկութեան համար այս պատմական առիթը փախցուցած եւ 20-րդ դարու առաջին մեծ ցեղասպանութիւնը անտեսած են: Եթէ այդ տարիներու իրաւականօրէն մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները, այսինքն 1915-ի ցեղասպանութիւնը դատել կարելի ըլլար, այսօր անկասկած շատ աւելի յառաջընթաց ապահոված պիտի ըլլայինք: Կրկին անգամ պէտք է ստորագծել, թէ այս յանցանքները քեմալական վարչաձեւին կազմութեան մէջ «յղումի» մեկնակէտ եղած են: Ցուցակին մէջ մտած անձանց կենսագրութիւններուն մէջ այս բանը տեսնել կարելի է: Կրնա՞ք երեւակայել, որ բնաջնջողներ, այսինքն exterminateur-ներ դատական կարգի ամենաբարձր աստիճաններուն վրայ պաշտօնավարեր են: Այսօր արդարութեան թշուառութիւնը ճիշդ այս աւանդութենէն կը ծագի:

«Ա.».- Հայոց ցեղասպանութեան մէջ թուրք բժիշկներու մասնակցութենէն կը խօսիք: Այս բժիշկները ի՞նչ մարզերու մէջ սպանդի մասնակցեցան: Ի՞նչ ըրին:

Չ.- Ցեղասպանութեան ընթացքին բժիշկները կարեւոր պարտականութիւններ ստանձնեցին, Պեհաէտտին Շաքիր, Ռեշիտ եւ Նազըմ բժիշկ էին: Բժիշկները Տրապիզոնի եւ Երզնկայի մէջ սպանդներու մասնակցեցան: Երզնկայի մէջ բժիշկներ հայ բժիշկներ սպաննեցին, իսկ բծատենդէ (թիֆիւս) վարակուած Էրզրումի կուսակալի դարմանումին համար առողջ հայ երիտասարդներու բծատենդ փոխանցելով պատուաստ պատրաստելու համար զանոնք «գօպայ» գործածեցին: Այս բժիշկները անուն փոխեցին եւ կրնանք ըսել, թէ իրենց հետքը կորսնցուցին: Ասոնց մէջ կան խելագարողներ եւ խօսելնուն արգելք ըլլալու համար հիւանդանոցի մէջ բանտարկուողներ: Երզնկայի հիւանդանոցին պարտէզը հայ բժիշկներուն սպանդին վկայ եղած վայրերէն մէկն է: Հոս գործող բժիշկներէն մէկն ալ Քեանի Եաւերն է: Քեմալական շրջանին կարեւոր պարտականութիւններ ստանձնած է: Քեանի Եաւէր Թալէաթի յուղարկաւորութեան ընթացքին առաջին շարքը զբաղեցնողներէն եղած է: Զօրավար Թեւֆիք Սաղլամ ալ անունը փոխողներէն է: Մուսթաֆա Քեմալի անփոփոխ արտաքին գործոց նախարար Թեւֆիք Ռիւշթիւ Արասին համար ալ բժիշկ մը ըլլալով` Ցեղասպանութեան խառնուած ըլլալուն մասին տեղեկութիւններ կան:

«Ա.».- Զաւէն պատրիարքի վաւերաթուղթերուն համաձայն, ո՞ւր ամէնէն շատ սպանդներ կատարուած են: Ո՞ր շրջանի իսլամները ամէնէն աւելի հայերուն տէր կանգնած են: Գոնեայի եւ Քոթահիոյ կուսակալները աքսորի որոշումը գործադրելը մերժած են: Այս նահանգներուն կուսակալներն ու ժողովուրդները միւսներուն բաղդատմամբ տարբեր դարձնողը ի՞նչ բան էր:

Չ.- Ըստ Զաւէն պատրիարքի ցուցակին, Տիգրանակերտը, Մարաշը, Սեբաստիան, Ամասիան, Թոգաթը սպանդներու գլխաւոր վայրեր եղած են: Այս շրջաններուն վերաբերեալ մանրամասն ծանօթութիւններ կու տայ: Գասթամոնու նահանգին կուսակալն ու ժողովուրդն ալ աքսորներուն դէմ ելած են: Քեմալական վարչակարգին նախարարներէն եւ դատարանի նախագահ Մուսթաֆա Նեճաթիին գտնուած Գասթամոնուի Ազատութեան դատարանները ամէնէն աւելի մահավճիռ արձակած վայրերէն եղած են: Ինչպէս յայտնի է, Մարաշի ցուցակն ալ երկար է: Սակայն կարելի չէ ըսել, թէ Մարաշի մասին տուեալներուն կրցած եմ հասնիլ: Այս նահանգին մէջ գտնուող ընկերներս ցուցակին մէջ գտնուող անուններուն մասին տեղեկութիւն տալէ խուսափեցան, հակառակ որ զանոնք կը ճանչնային: Յաւելուածներու մէջ տեղ տրուած Ռաքօ Տոնելին «Առաքինի իսլամներ» աշխատութիւնը մեր երեսը մաքուր հանող մարդ լոյս աշխարհ կը բերէ: Այհան Աքթարէն առնելով աւելցուցած աշխատութիւնս ալ կը վկայէ, թէ ինչպէ՛ս Ճելալ պէյին բոլոր ջանքերը Համալ Ֆերիթի կողմէ մէկ անգամէն պարապի գացին եւ Գոնիա գտնուող հայերը մահուան ճամբորդութեան ղրկուեցան: Կ՛ուզեմ առանձնապէս յիշել Ռաքըպ Զարաքօլուն եւ Այհան Աքթարը, որոնց պնդումին եւ քաջալերանքին կը պարտիմ այս աշխատութիւնս: Կը յուսամ, որ այս աշխատութիւնս 1915-ի Ցեղասպանութեան հետ դէմ յանդիման գալու առիթ կը ստեղծէ:

Թարգմանեց`
ԱՐԱ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ

Նախորդը

Նախաշեմին Ազրպէյճանը` Թուրքիայի Գլխաւոր Մարտահրաւէր

Յաջորդը

Խմբագրական «Վէմ»-ի. Ղարաբաղեան Շարժման 25-ամեակի Հաշուեկշիռը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.