Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր, երբ Մանարայի մէջ, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
Նշենք, որ Ռիատի Պէյրութ այժմ 1-0 արդիւնքով կը յառաջանայ ՀՄԸՄ-ի վրայ:
Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Այսօր իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Սաժես Ժըտէյտէի դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, պիտի մրցի Շեպիպէի դէմ, Լիբանանի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ:
ՀՄԸՄ, որ առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած է, երկրորդը արձանագրելու պարագային այսօր պիտի ապահովէ «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն իր տոմսը:


