Կազմակերպութեամբ «Կրին մայնտ» միութեան, գործակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ հեծելարշաւի յատուկ օր մը Պէյրութի թաղերուն մէջ` «Պայքաթոն-2013» անունին տակ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 1500 հեծելանւորդներ, որոնցմէ 500-ը` դպրոցականներ:
10 քմ-ի մրցումին առաջին հանդիսացաւ Աթլեթիքօ ակումբին մաս կազմող Զահեր Հաժ, որ արձանագրեց 11′ 21″ արդիւնք մը:
Տեղի ունեցան նաեւ երեք այլ տեսակի` 10, 15 եւ 20 քմ հեծելարշաւի սիրողական մրցումներ` բոլոր դասակարգերուն մէջ:
Հետաքրքրականը եղաւ այն, որ այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան տարբեր շրջաններէն մարզիկներ:
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան, ֆետերասիոնին անդամները եւ անգլիական դեսպանատան անձնակազմի անդամներ:


