Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երաժշտութիւն

April 16, 2013
| Գրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1

Վարդը դուրս ելաւ իր աւազանէն
………..որ հանդիպի իրեն,
արեւը մերկ էր
աշնան մէջ, բացի ամպի մը թելէն` իր կոնքին վրայ:

Այսպէս կը ծնի սէրը
գիւղին մէջ այն, ուրկէ եկայ:

2

– Բերանդ լոյսն է, ո՛չ կարմրութիւնը
որ իր հորիզոններուն կը վայլէ:

– Բերանդ լոյսն է եւ ստուերը
վարդի մը մէջ:

6

Կ՛երեւակայեմ սէրս –
…..կը շնչէ իրին թոքէն
…..եւ կու գայ
…..բանաստեղծութեան
…..վարդին մէջ կամ փոշիին,

…..կը փսփսայ ամէն բանի հետ
…..եւ տիեզերքին իր վիճակները կը շշնջայ`
…..ինչպէս կ՛ընեն հովն ու արեւը,
…..երբ բնութեան կուրծքը կը ճեղքեն
…..կամ երկրի տետրակին վրայ կը թափեն
…..թանաքը ցերեկին:

10

Ձեռքը գիշերուան մոռցաւ մեզ –
….դուռը չթակեց,
….դուռը չբացաւ, խաւարը
պայծառութիւնը կը գրգռէր, որ մեր մէջ կը պահուըտի
….եւ իր փարոսները կը ցնցէ:

Կը ներխուժէր մեր վրայ, կը թափանցէր մեր մէջ
եւ մեր բորոտիքներուն կ’ուսուցանէր ամէն բան,
որուն պայծառութիւնը չէր տեսներ
եւ որուն դիմաց խօսքը անզօր է:

15

Տո՛ւր իրեն, ո՜վ սէր, մարմին մը նոր:

….Ուր կարելի չէ մեկնիլ,
….եթէ նոյնիսկ ցանկայ երկիրը բարձր բռնել
….անոր վիզէն` մեկնելով
….ցերեկին տօթակէզ տառապանքներուն:
….Գիշերը իր արտին մէջ թաղեց
….իր սպաննուած առաջին մարմինը:

Տո՜ւր իրեն, ո՛վ սէր, մարմին մը նոր:

28

Ամէն ինչ, որ գիշերը մեր մասին գրեց եւ կը գրէ,
…..արշալոյսին պէս կ’անջատուի բարձին շուրջ,
…..ծիծերուդ միջեւ,
…..ծիծերուդ տակ,
…..վարդին մէջ ծածկոցներու, որ մեր մէջ կը մենամարտին:

Որքան կարդացինք – տեսանք
….գրութեան մէջ ահաւորութիւնները մեր, եւ քեզ կը կոչէի…
….«Ցարդ չեմ գիտեր ո՞վ ես դուն»,
……..կ’ըսէիր դուն,
……..եւ գիշերը կը ծածկէր
……..ինչ որ արշալոյսը մեր մասին կը գրէր.
ի՞նչ կոչեմ քեզ, ո՞վ ես դուն, ո՞վ էիր իմ սիրոյս գիշերուան մէջ:

30

Ի՞նչ կ՛ըսէ.
………..անոնք որ զինք սիրեցին` մեռան
………..եւ անոնց որ ինք սիրեց` սպաննեցին զինք:

Ո՜վ աղբիւրներն իր քմահաճոյքներուն
եթէ իր մասին հարցնող մը գայ` զայն գրկեցէք եւ ըսէք.
–  Ճիշդ այստեղէն ան անցաւ
իր անունը չյայտնեց
եւ կանգ չառաւ:

37

Թերեւս,
երկրին վրայ սէր չկայ
բացի անկէ, որ կ՛երեւակայենք
….թէ օր մը զայն ձեռք պիտի ձգենք:

Մի՛ կենար
շարունակէ՛ ապրել, ո՜վ սէր, ո՜վ բանաստեղծութիւն,
եթէ նոյնիսկ ան մահ է:

 

(«Սկիզբը մարմինին վերջաւորութիւնը ծովուն» – 2003)

Նախորդը

«Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան Մամուլի Ուսումնասիրական Կեդրոն»-ը. Բաց Է Ուսումնասիրողին Համար

Յաջորդը

Հայաստան` Բանաստեղծութեան Եւ Ներշնչանքի Երկիրը

RelatedPosts

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*
Գրական

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*

November 4, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան
Գրական

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան

March 3, 2023
Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա
Գրական

Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները` Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին

October 13, 2022
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.