Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան Մամուլի Ուսումնասիրական Կեդրոն»-ը. Բաց Է Ուսումնասիրողին Համար

April 16, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Գաղութային մշակութային մեր կեանքը պայծառացնելու սահմանուած են ուսումնասիրական մամուլի եւ գրականութեան կեդրոնները: Մամուլը ինքնին կը նկատուի ԴՊՐՈՑ ՄԸ ժողովրդային մտաւոր զարգացման սատարող: Այսօր լիբանանահայ մամուլը ունի 85 տարիներու աւանդ մը, հարստացած որբանոցային առօրեայի փորձառութեամբ, երբ առաջին անգամ եղեռնէն փրկուած մեր որբերը ճանչցան հայոց գիրն ու գրականութիւնը, հատորներով զանոնք ընծայեցին յաջորդ սերունդներուն:

Յաջորդող սերունդը, համեմատաբար բարօր վիճակով, եղածին վրայ գումարեց իր նոր փորձառութիւնը, որբանոցներէն դուրս «Որբին շինած տան» խրախուսիչ, յիշողութիւնները թարմացնող հատորներ ստեղծելով:

Սփիւռքի մէջ լոյս տեսան օրաթերթեր, ամսաթերթեր ու պարբերականներ: Մամուլը ստեղծեց ընթերցասիրութեան լայն շրջանակ մը, որով զարգացաւ տեղեկատուական մարզը, գաղութէ գաղութ փոխանցելով սփիւռքահայութեան առօրեան ներկայացնող իրադարձութիւններ:

Մեր հանրային թէ ընտանեկան գրադարանները ճոխացան գրականութեան տարբեր սեռերը ներկայացնող հատորներով: Մեր միութիւնները ունեցան մասամբ իրենց յատուկ գրադարանները: Հայրենակցական միութիւնները առիթներ ստեղծեցին եւ ջանադիր հետեւողականութեամբ լոյս ընծայեցին պատմագրութիւնը իրենց կորսնցուցած քաղաքներուն եւ գաւառներուն, կորուստէ եւ մոռացումէ փրկելով ծաղկուն անցեալ մը, օսմանեան եւ ցեղասպանութեան ոճիրով կորսուած:

Մեր վարժարանները անդրադարձան նորագոյն սերունդին ստեղծագործական ձիրքերը զարգացնելու կարեւորութեան: Թափ առաւ աշակերտական մամուլը: Մեր կուսակցութիւններուն գաղափարական գործունէութիւնը արտայայտուեցաւ յատուկ գրականութեամբ, պաշտօնաթերթերով:

Մեր վանքերուն մէջ կիրարկուած տպագրական աշխատանքները ներշնչեցին հաւատքի զօրութեամբ հայապահպանման ու քրիստոնէական ճանապարհը պայծառացնող պաշտօնաթերթերու լոյս ընծայումով: «Հասկ»-ը Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն, «Սիոն»-ը Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց վանքի  պաշտօնաթերթը:

Մօտաւորապէս 90 տարիներ հաշուող սփիւռքը ունեցաւ իր իւրայատուկ մատենագիտական պատկերը: Վերջին 20 տարիներու ընթացքին գրադարաններու գրապահպանման դրութիւնը փոխուեցաւ նորահնար գիւտերով: Ներկայիս անհրաժեշտութիւնն է թուայնացման դրութիւնը (տիճիթըլ): Դիւրացնելու համար ընթերցող-ուսումնասիրողին աշխատանքը եւ ժամանակի խնայողութիւնը նկատի առած, «Ազդակ»-ի Ժիրայր Պուտագեան մամուլի ուսումնասիրական կեդրոն»-ը դիւրութիւն կ՛ընծայէ ուսումնասիրողին, ԹԵԶ պատրաստող ուսանողին, անցեալի մեր պատմութեան ծալքերը պրպտել ուզող հետաքրքրասէրին: Գրադարանները կ՛ընծայեն մամուլի հաւաքածոներու մտերմանալու առիթ, մտաւորական աշխատանք կիրարկելու մղում: Հերթը ուսումնասիրողինն է:

Դարը կը պատկանի համակարգիչի ընձեռած դիւրութիւններուն: Հարկ է օգտուիլ: Լիբանանահայ մեր ուսումնասիրական կեդրոնները` պէտք է ունենան երիտասարդ թէ հասուն տարիքի այցելուներ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատենադարան, Հայկազեան համալսարանի մատենադարան, Զմմառու հայոց վանքի մատենադարան, Համազգայինի Նշան Փալանճեան-Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի մատենադարան: Պուրճ Համուտի հանրային գրադարան (Լ. եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ): «Ազդակ»-ի Ժիրայր Պուտագեան մամուլի ուսումնասիրական կեդրոն»-ը կը հրաւիրէ հայ տիպ ու տառին մտերմութիւնը փնտռողները, իրենց մտային «ժամանցը» ծաղկեցնելու իր բազմահատորներու շուքին:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Կը Պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Նկատմամբ Քանատայի Դիրքորոշման Փոփոխութիւն

Յաջորդը

Երաժշտութիւն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.