Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2013-Ի Նոյեմբերէն Առաջ Պէտք Է Համաձայնինք. Պրիւքսէլի Մէջ Մուրատ Եթքինին Հարցումներուն Պատասխանող Այտար, Կը Հաստատէ, Որ Քիւրտերը Հարց Մը Չունին Թուրքիոյ Դրօշակին Եւ Սահմաններուն Հետ

April 10, 2013
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱԿ-ի Եւրոպայի ղեկավարներէն Զիւպէյիր Այտար «Ռատիքալ»-ի տուած հարցազրոյցին ընթացքին կը շեշտէ նոյեմբերէն առաջ նահանջի բոլոր հանգրուաններուն վերջանալուն անհրաժեշտութիւնը եւ կ՛աւելցնէ, որ Էրտողանը խաղաղութեան համար բախտաւորութիւն մըն է:

Պրիւքսէլի մէջ Մուրատ Եթքինին հարցումներուն պատասխանող Այտար կ՛ըսէ, թէ քիւրտերը Թուրքիոյ դրօշակին եւ սահմաններուն հետ հարց չունին:

ՔԱԿ-ի ամենաազդեցիկ անուններէն, Օսլոյի հանդիպումներուն մասնակցած, Եւրոպայի ճիւղին ղեկավարներէն եւ ՔՃՔ-ի վարչական անդամներէն Զիւպէյիր Այտարի հետ Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ գտնուող Քրտական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ տեսնուեցանք:  Այտարի հետ հաշտութեան գործընթացէն մինչեւ Ազգային համաձայնութիւն, Օսլոյի տեսակցութիւններէն մինչեւ Իմրալըի ատենագրութիւններուն մամուլի մէջ բացայայտումներուն նման բազմաթիւ հարցերու մասին խօսեցանք:

Հ.- Տարիներով ճակատելէ ետք, արագացող երկխօսութեան շրջանէ մը կ՛անցնինք:  Ըստ ձեզի, կարելիութիւն մը կա՞յ երկխօսութենէն «վերադարձ»-ի մը:

Պ.- Կը ջանանք, որ վերադարձ մը չըլլայ:  Այդ պատճառով ալ բոլորս ուշադիր ենք:  Կը փափաքինք, որ կառավարութիւնն ալ, մենք ալ նաւեր հրկիզելու աստիճանին հասնինք:  Մենք մեզմէ կասկած չունինք: Կ՛ուզենք, որ այս հարցը լուծուի:  Մեր մտահոգութիւնը կառավարութենէն է:

Հ.- Կառավարութիւնն ալ մտահոգութիւններ ունի.  «զէնքերը վար դրուին, եւ հարցը կը լուծուի»  կ՛ըսեն: Ձեր մտահոգութիւնը ի՞նչ է:

Պ.- Երբ լուծումի մասին կը խօսուի, քիւրտերուն ինգնագիտակցութեան, մշակոյթին, մայրենի լեզուին հետ քաղաքականութիւն կատարելու ճամբան արդեօք բաց պիտի ըլլա՞յ: Մենք այս է, որ կը հարցնենք:

Հ.- Սակայն ՊՏԲ-ն կայ. սա միջոցին քաղաքականութեան ճամբան արդեօք բաց չէ՞:

Պ.- Ո՛չ, այս ճամբան ամբողջութեամբ բաց չէ, սահմանադրութեան մէջ, օրէնքներուն մէջ քրտութիւնը արգիլուած է:  Վարչապետը «ասիմիլասիոնը վերցուցինք» կ՛ըսէ, եւ սակայն օրէնքներուն մէջ անոր գոյութիւնը կը շարունակէ:  Լեզուի մը մէջ, մշակոյթի մը մէջ  «ասիմիլասիոնը վերցաւ»  կարենալ ըսելու համար մայրենիով կրթութիւն պէտք է հաստատուի, այդ լեզուով հանրային ծառայութիւններ պէտք է կատարուին:

Հ.- Դուք այս մէկը շատ հաւանաբար արեւելեան, հարաւարեւելեան որոշ նահանգներու համար կը պահանջէք:  Սակայն Թուրքիոյ մէջ ամէն տեղ քիւրտ արմատներով բնակչութիւն կայ, եւ հաւանաբար ալ ամէնէն շատ Պոլսոյ մէջ կայ:  Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ:

Պ.- Կրթական կամ հանրային ծառայութիւնը Պոլսոյ մէջ ալ կրնայ ըլլայ:  Այս կացութեան մէջ հակասութիւն մը չկայ:  Օրինակի համար, Պրիւքսէլի մէջ ամէն փողոցի ցուցատախտակը երկլեզու է, ֆրանսերէն եւ հոլանտական լեզուով …  Երբ պետական գրասենեակ մը երթաք, կը հարցնեն, թէ ձեր վաւերաթուղթերը ի՞նչ լեզուով կ՛ուզէք:  Քերքուքի մէջ ասորերէնը կրնայ պետական լեզուն չըլլալ, վստահ չեմ, սակայն պետական լեզու համարուող արաբերէն, քրտերէն եւ թիւրքմեներէնով հանրային ծառայութիւն կը տրուի:  Այս կացութիւնը ոչ մէկուն նեղութիւն կամ վնաս կը պատճառէ:  Թրքերէնը ամէն տեղ կայ, թող ըլլայ:  Եւ սակայն որոշ մարդիկ, միայն քրտերէնին համար չեմ խօսիր, եթէ որոշ թիւով, եւ որոշ քանակութեամբ կան, պէտք է կարենան հոն մայրենի լեզուով կրթութիւն տալ:  Այս միջոցին լեզուական կրթութեան գործադրութիւն մը կայ:  Մայրենիով կրթութիւն եւ հանրային  ծառայութիւնը զիրար ամբողջացնող հարցեր են:  Այդ լեզուով ձեր ստացած վկայականը եթէ հանրային կեանքին մէջ արժէք չունի, պակասաւոր է:

Հ.- Ատենին Թուրքիոյ մէջ յաճախ կարմիր գիծերու մասին ակնարկութիւններ կ՛ըլլար:  Այս ալ ձեր կարմիր գի՞ծն է արդեօք:

Պ.- Միասնաբար ապագայ մը կազմել փափաքողներ իրարու հանդէպ կարմիր գիծեր պէտք չէ դնեն:  Միասնաբար աւելի լաւ Թուրքիա մը, աւելի լաւ Միջին Արեւելք մը, աւելի լաւ ապրելակերպ մը կը փափաքինք ունենալ:  Նպատակադրած ենք այս մէկը քաղաքականութեան ճամբով իրագործել:

Հ.- Քաղաքական ճամբաներուն բացումը արդեօք զէնքով կարելի՞ է` ըստ ձեզի:

Պ.- Մենք այս գործընթացին անկեղծ մօտեցում կը ցուցաբերենք:  Բռնութեան մթնոլորտը ամբողջովին չքացնելով` քաղաքական ճամբան բռնել կը փափաքինք:  Տիգրանակերտի մէջ, Ամիտի մէջ ընթերցուածը (կ՛ակնարկէ Օճալանի յայտարարութեան), մեր բոլորին անունով ընթերցուած յայտարարութիւն մըն է:

Հ.- Միւս կողմէ, Նովրուզին, հրապարակին վրայ թրքական դրօշակին բացակայութեան պատճառով կառավարութիւնը կը քննադատուի:

Պ.- Այս բանավէճը ճիշդ չեմ գտներ: Նախորդ Նովրուզներուն ալ չկար (դրօշակը):

Հ.- Սակայն այս Նովրուզը քաղաքական իմաստ մը ունէր:

Պ.- Եթէ կառավարութենէն մէկը կազմակերպիչ յանձնախումբին ուշադրութեան յանձնէր, կը կախուէր անիկա:  Քիւրտերը Թուրքիոյ դրօշակին հետ հարց մը չունին: Ամէն պետութիւն դրօշակ մը ունի:  Դրօշակը փոխելու նման պահանջ մը չունինք:  Սակայն կը փափաքինք մեր գոյներն ալ պաշտպանել:  Օրինակի համար, Սպանիոյ մէջ երկրին դրօշակին քովն ի վեր ինքնավար շրջաններուն դրօշակներն ալ կը կախուին:  Ասոնք լուծելի հարցեր են:  Թուրքիոյ սահմաններուն հետ ալ հարց չունինք:  Մենք երկիրը բաժնել չենք փափաքիր. այս երկիրը չի բաժնուիր:  Մեր հարցերը ներքին, կառավարման ձեւին, յարաբերութիւններու ձեւերուն հետ է:  Թուրքիան կը մեծնայ, երբ քրտական հարցը լուծէ:

Էրտողանը բախտաւորութիւն մըն է խաղաղութեան համար:

Հ.- Այսպիսի «արտայայտութիւններէն» ետք, «չհամաձայնեցանք» ըսելով` զինեալ պայքարի վերադարձը աւելի եւս դժուար պիտի չըլլա՞յ:  Այն ատեն, կառավարութեան կողմէ ձեզի ուղղուած  «ամէն բան փորձեցինք, ձախողեցանք»  պատճառաբանութիւնը արդեօք օրինականութիւն չի՞ զգենուր:

Պ.- Կառավարութիւնը ռիսք մը կ՛առնէ, ճիշդ է, մենք ալ կ՛առնենք:  Թայիփ Էրտողանի նման ռիսք առնող անձի մը նոյն ատեն ժողովուրդէն նեցուկ ստանալն ալ խաղաղութեան հաստատման համար բախտաւորութիւն մըն է:  Մեր մօտ Օճալանէն դուրս այս ռիսքը առնելիք զօրութեամբ մէկը չկայ:  Այս ալ բախտաւորութիւն մըն է:  Կառավարութիւնը Օճալանին գործը պէտք է դիւրացնէ:  Այս գործը 11 մեթր քառակուսիով չի սահմանափակուիր (ակնարկութիւնը` Օճալանի բանտախուցին): Այս գործընթացը չվերջացած` դէպի դուրս նամակ գրելով շարունակուիլը դժուար է:  Քարտուղարներ, «խորհրդականներ», մամուլի եւ այլ անձերու հետ տեսակցութիւններ ունենալու կարիքը ունի:

Հ.- Գարայըլանը զինեալներուն նահանջի դժուարութիւններուն մասին խօսեցաւ, փոխվարչապետն ալ «աճապարելու պէտք չկայ»  իմաստաւորումով խօսեցաւ:  Անգարայի մթնոլորտը նոյեմբերի սկիզբներուն տեղի ունենալիք պետական ելեւմտացոյցի (պիւտճէ) վիճարկումները չսկսած` նահանջի ամբողջացումին կողմնակից է:  Արդեօք նահանջը (այս թուականին) պիտի ամբողջանա՞յ:

Պ.- Պէտք է աճապարենք:  Քանի մը օր առաջ Էրտողան «այս գործը մինչեւ 2013-ի աւարտը պէտք է, որ վերջացնենք» ըսաւ:  Պարզ այն պատճառով, որ 2014-ին տեղական ընտրութիւններու շրջանը կը սկսի:  Իմ փափաքս է, որ ելեւմտացոյցի (պիւտճէ) վիճարկումները չսկսած` բոլոր հանգրուանները ամբողջացած ըլլան:  Նահանջ, ժողովրդական սահմանադրութիւն, օրինական կարգաւորումներ, վերադարձ եւ բնականոնացումի հանգրուանները պէտք է կարենանք ամբողջացնել:

Հ.- Ի՞նչ կ՛ըսէք այն քննադատութիւններուն, ըստ որոնց, բանակցութիւններու գործընթացին Էրտողանի նախագահական պահանջին նպաստելու կը ծառայեն:

Պ.- Մեր նպատակն է, որ Թուրքիա ժողովրդավար երկիր մը դառնայ:  Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական, Ֆրանսայի մէջ կէս նախագահական դրութիւն մը կայ, եւ իրենց ժողովրդավարութիւնները մեզմէ շատ լաւ է:  Կարեւորը ժողովրդավար կառոյցներու աշխատելաոճն է:  Նախագահական դրոյթին դէմ չենք, սակայն դէմ կը կենանք մէկ մարդու իշխանութեան վերածումին:

Հ.- Ըստ ձեզի, գործընթացը ինչպիսի՞ անդրադարձ մը կ՛ունենայ խորհրդարանին մէջ:

Պ.- Ըստ մեզի, Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան այս գործընթացին մէջ ըլլալը կարեւոր է:  Կառավարութիւնը, ՃՀՓ-ին այս գործընթացին մասնակցութեան համար աւելի յամառ եւ դիւրացնող ըլլալու է:  Երանի ՄՀՓ-ն ալ նեցուկ տար, եւ սակայն ՃՀՓ-ն անպայմանօրէն պէտք է մասնակցի:  Իբրեւ Թուրքիոյ հիմնադիր կուսակցութիւն` ՃՀՓ-ին կը պարտի ներդրում ունենալ եւ նեցուկ կանգնիլ խաղաղութեան ու ժողովրդավարութեան նորովի հիմնարկութեան:  ՃՀՓ-ի զանգուածին մէջ անցեալէն ճանչցած, միասին գործակցած անձեր կան, տարբեր կեցուածք պէտք է ըլլայ:  Հոս թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ ալ ՃՀՓ-ին պատասխանատուութեան բաժին կայ:

Հ.- Զարմանալիօրէն կառավարութեան հետ նոյն լեզուն գործածելու սկսաք, նահանջի, բնականոնացումի նման…  Կառավարութիւնը երբ «բնականոնացում» եզրը գործածէ, զինեալ գործողութիւններուն վերջ գտնելուն եւ ՔԱԿ-ի անդամներուն հասարակութեան մէջ համարկուելու մասին կը խօսի:  Դուք ինչի՞ մասին կը խօսիք:

Պ.- Մեր հասկցած բնականոնացումը հարցին սահմանադրական մակարդակով լուծում գտնելը, Քանտիլի Կորդուաց լեռներուն վրայ եւ Եւրոպայի մէջ գտնուողներուն վերադարձը, քաղաքական պատճառներով բանտերը գտնուողներուն ազատ արձակումը եւ քաղաքականութեան ճամբաներուն բոլորին առջեւ բացուիլն է:

Հ.- Իրենց միջեւ մարդասպաններ չկա՞ն արդեօք:  Սպաննուողներուն մերձաւորները ազատ արձակուողը պիտի ընդունի՞ն:

Պ.- Այո, ան ոճրագործը կը ճանչնայ, բայց միւսն ալ ոճրագործը կը ճանչնայ:  Զինք տանջողը, իր զաւակը գիշերով տունէն առնելով անհետ կորսնցնողն ալ կը ճանչնայ:  Կը հաւատամ, որ եթէ երկրին մէջ արիւնահոսութիւնը դադրի, անդորրութիւն եւ խաղաղութիւն տիրէ, մեր հաւաքականութիւնը կը ներէ:  Վարչապետին կը միանամ. այս գործը մինչեւ 2013-ի վերջաւորութիւնը պէտք է վերջացնենք: Եթէ աճապարենք, կրնանք վերջացնել:

Հ.- Ձեր վարչութեան մէջ լուծում չուզողներ կա՞ն արդեօք:

Պ.- Թուրքիոյ մէջ այսպիսի բանավէճեր կան. կազմակերպութեան ղեկավարները պերճանքի մէջ են եւ չեն ուզեր հրաժարիլ քաղաքական շահերէ:  Ասոնք հոգեբանական պատերազմի դրութեան մէջ պատրաստուած սուտեր են:  Ձեզի կը վստահեցնեմ, թէ մեր վարչութեան տակ գտնուող բոլորը, գրեթէ` տերվիշներու նման, պատառի մը, պատմուճանի մը հասկացողութեամբ կ՛ապրին:  Իբրեւ վարչութիւն` խաղաղութեան պատրաստ ենք եւ մեր անձնակազմերը կը պատրաստենք:  Երբ առաջնորդին նամակը ստացանք, վարչական աստիճանաւորումներով հանդիպումներ կատարուեցան, եւ նամակը կարդացուեցաւ:  Ո՛չ հոս եւ ո՛չ ալ լերան վրայ վարչութեան մէջ մէկ հոգի իսկ դէմ չկեցաւ:  Հիմա Եւրոպայի մէջ, Իրաքի մէջ, Թուրքիոյ մէջ, լերան վրայ, քաղաքին մէջ տեղեկացումի հանդիպումներու պիտի սկսինք:  Խաղաղութեան գործընթացին վերաբերեալ հարցադրումներ ունեցողներ կան, անոնց պիտի պատասխանենք եւ համոզելու պիտի աշխատինք:  Լեռնային հեռաւոր վայրերը չեմ կրնար գիտնալ, սակայն կեդրոնական վայրերը մէկ ամիսէն կը վերջանան:  Օսլոյի գործընթացին ալ մաս կը կազմեմ:  Այդ ժամանակ այսքան յուսալից չէի, հիմա շատ աւելի եմ:

Հ.- Երբ լուծումի մասին խօսուի, վստահաբար միմիայն մայրենի լեզուով կրթութիւն չէք հասկնար. ուրիշ ի՞նչ կը հասկնաք:

Պ.- Այս լուծումը միայն Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ չի մնար, սահմանները անցնող ազդեցութիւն մը կ՛ունենայ:  Յատկապէս ազգային համաձայնութիւնը կը շեշտենք:  Ազգային համաձայնութիւնը օսմանեան խորհրդարանին մէջ 28 յունուար 1920-ին առնուած վերջին որոշումն է եւ Մուտրոսի զինադադարի սահմաններուն պահպանութեան մասին է:  Այդ օր ո՛չ հիւսիսային Սուրիոյ, ո՛չ ալ հիւսիսային Իրաքի մէջ մէկ հատ իսկ անգլիացի զինուոր կար:  Անգլիացի զինուորը մէկ շաբաթ ետք է, որ Մուսուլ մտած է:  Ուրֆա, Այնթապ, Մարաշ եթէ ֆրանսական գրաւման չդիմադրէին, հիմա ազգային համաձայնութէնէն դուրս մնացին պիտի ըսէինք:  Պերլին-Պաղտատ երկաթուղային գիծով երկրին սահմանը գծուած է, եւ այս նուիրական սահման մը չէ:  Թուրքիա 100 տարի առաջ կայսրութիւն մըն էր, եւ հոն ապրող ազգերու կամքին հակառակ` բաժանուեցաւ:  Հակառակ թուրքերուն, քիւրտերուն, արաբներուն կամքին` այս աշխարհագրութեան մէջ օտար ուժերու կողմէ բաժանուեցաւ:  Ազգային համաձայնութեան այժմէականացումը մեր պահանջներէն է:

Հ.- Դուք հիմա սահմանային փոփոխութիւններէն, Սուրիոյ եւ Իրաքի պետութիւններուն գերիշխանութիւններուն մասին չէ՞ք խօսիր:

Պ.- Նոր պատերազմ մը չենք ուզեր:  Առանց սահմանը փոխելու` ազգային համաձայնութիւնը կարելի է կրկին բնութագրել:  Թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ ժողովրդավար համաձայնութեան մը մասին կը խօսինք:  Պելճիքայի օրինակը տամ:  Հոլանտերէն խօսող շրջանէն երբ Հոլանտա երթաք, սահմանը ձեւակերպութիւն մըն է:  Այդ սահմանին երկու կողմը եղողներ իրականին մէջ միասին կ՛ապրին, առեւտուր կ՛ընեն, տարբերութիւն մը չկայ արդէն. ձգէ թող մնայ այդ սահմանը:

Հ.- Սակայն Եւրոպական Միութեան մաս կը կազմեն այս երկիրները:  Մաքսային քննութիւնները վերացած, միացեալ դրամանիշի անցած, միացեալ արտաքին քաղաքականութեան, սահմանադրութեան փնտռտուքի մէջ են:   Սուրիոյ, Իրաքի վիճակը յայտնի է, ըստ ձեզի, այս մէկը գործնականին մէջ իրականալի՞ է:

Պ.- Ամէն բան մէկ օրուան մէջ թող վերջանայ ըսող չկայ:  Ասոնք հասարակաց նպատակներ պէտք է ըլլան:  Յետ հաշտութեան միացեալ նպատակներուն մասին է, որ կ՛ակնարկենք:

Հ.- Ձեր խօսքերուն մէջ արդեօ՞ք դաշնակցային պետութեան մը ակնարկութիւն կայ:

Պ.- Այս մէկը վիճելով կարելի է գտնել:  Վարչական ձեւը վիճելով կը գտնուի: Օճալան (Այտարը տեսակցութեան ամբողջ տեւողութեան  «առաջնորդ Աբօ» արտայայտութիւնը ունեցաւ) աւելի առաջ Եւրոպական Միութեան արմատներուն մէջ գտնուող ածուխի եւ պողպատի միութեան օրինակը տուած էր:  Մենք ալ, իբրեւ թուրքեր, քիւրտեր եւ արաբներ, կրնանք Եփրատի եւ Տիգրիսի հողամասերու ջրային միութիւնը կազմել:  Ժողովրդավար համաձայնութեամբ մը կրնանք շրջանին օրինակ ծառայել: Ասոր թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Միջին Արեւելքին քաղաքական նպաստը կայունութիւն կ՛ըլլայ, տնտեսական, մշակութային ցոլացումներ կ՛ունենայ. երբ համաձայնութիւնը Թուրքիոյ սահմաններէն անդին կ՛անցնի ըսենք, այս է մեր ակնարկութիւնը:  Եւ սակայն, նոյն ատեն կը պնդենք, որ քիւրտերուն գոյութիւնը, ապահովութիւնը եւ ազատութիւնը պէտք է ապահովուի, եւ քաղաքականութեան ճամբան ամբողջութեամբ պէտք է բացուի:

Հ.- Աւելի կրնա՞ք մանրամասնել:

Պ.- ՔԱԿ եւ ՔՃՔ ներառեալ, բոլորին համար օրինական ձեւով քաղաքականութիւն կիրարկելու  արգելքները պէտք է վերնան:  Այս կը նշանակէ` առանց քրէական հարցապնդումի բոլորին քաղաքականութիւն կիրարկելու իրաւունք ունենալ:  Մեր կողմի բոլոր իրաւասութիւնները Օճալանին ձեռքն են:  Անոր մարդիկը սահմանէն անդին տար, զէնքերը ձգել տուր, ուրիշ բաներ ալ ընել տալով Իմրալըի մէջ այդպէս պահելը ճիշդ բա՞ն մըն է: Կը պահանջենք, որ 30 տարուան իրաւազրկութիւնը վերջ գտնէ:  Բոլոր ժխտական պարագաները պէտք է չքանան … Եթէ ներումի մասին պիտի խօսինք, ատիկա բոլորին համար ալ ի զօրու պէտք է ըլլայ, երկկողմանի է:

Հ.- Ձեր ուզածը ընդհանուր ներո՞ւմ մըն է:

Պ.- Փոխադարձ ներում ըսենք:  Օրինակ մը տամ.  վերջերս Անգլիոյ թագուհիին Իրլանտայի շարժումին ղեկավարներէն Մարթին ՄաքԿինեսին ձեռքը սեղմելուն պատճառով հարց ծագեցաւ:  Մանաւանդ որ ան բանտը չէր գտնուեր, այլ Իրլանտայի կառավարութեան նախարարի պաշտօնի վրայ կը գտնուէր, տարիներ ետք … Աշխարհի մէջ այսպիսի բաներ կը պատահին:  Եթէ հարցը լուծել կը փափաքինք, իրենց հետեւանքներուն հետ մէջտեղէն վերցնենք:

ՄՈՒՐԱՏ ԵԹՔԻՆ

ՔԱԿ–իԵւրոպայիղեկավարներէնԶիւպէյիրԱյտար «Ռատիքալ»-իտուածհարցազրոյցինընթացքինկըշեշտէնոյեմբերէնառաջնահանջիբոլորհանգրուաններունվերջանալունանհրաժեշտութիւնըեւկ՛աւելցնէ, որԷրտողանըխաղաղութեանհամարբախտաւորութիւնմընէ:

ՊրիւքսէլիմէջՄուրատԵթքինինհարցումներունպատասխանողԱյտարկ՛ըսէ, թէքիւրտերըԹուրքիոյդրօշակինեւսահմաններունհետհարցչունին:

ՔԱԿ–իամենաազդեցիկանուններէն, Օսլոյիհանդիպումներունմասնակցած, ԵւրոպայիճիւղինղեկավարներէնեւՔՃՔ–իվարչականանդամներէնԶիւպէյիրԱյտարիհետՊելճիքայիմայրաքաղաքՊրիւքսէլիմէջգտնուողՔրտականտեղեկատուականկեդրոնինմէջտեսնուեցանք:  ԱյտարիհետհաշտութեանգործընթացէնմինչեւԱզգայինհամաձայնութիւն, ՕսլոյիտեսակցութիւններէնմինչեւԻմրալըիատենագրութիւններունմամուլիմէջբացայայտումներուննմանբազմաթիւհարցերումասինխօսեցանք:

 

Հ.- Տարիներովճակատելէետք, արագացողերկխօսութեանշրջանէմըկ՛անցնինք:  Ըստձեզի, կարելիութիւնմըկա՞յերկխօսութենէն «վերադարձ»-իմը:

Պ.- Կըջանանք, որվերադարձմըչըլլայ:  Այդպատճառովալբոլորսուշադիրենք:  Կըփափաքինք, որկառավարութիւննալ, մենքալնաւերհրկիզելուաստիճանինհասնինք:  Մենքմեզմէկասկածչունինք: Կ՛ուզենք, որայսհարցըլուծուի:  Մերմտահոգութիւնըկառավարութենէնէ:

 

Հ.- Կառավարութիւննալմտահոգութիւններունի.  «զէնքերըվարդրուին, եւհարցըկըլուծուի»  կ՛ըսեն: Ձերմտահոգութիւնըի՞նչէ:

Պ.- Երբլուծումիմասինկըխօսուի, քիւրտերունինգնագիտակցութեան, մշակոյթին, մայրենիլեզուինհետքաղաքականութիւնկատարելուճամբանարդեօքբացպիտիըլլա՞յ: Մենքայսէ, որկըհարցնենք:

 

Հ.- ՍակայնՊՏԲ–նկայ. սամիջոցինքաղաքականութեանճամբանարդեօքբացչէ՞:

Պ.- Ո՛չ, այսճամբանամբողջութեամբբացչէ, սահմանադրութեանմէջ, օրէնքներունմէջքրտութիւնըարգիլուածէ:  Վարչապետը «ասիմիլասիոնըվերցուցինք» կ՛ըսէ, եւսակայնօրէնքներունմէջանորգոյութիւնըկըշարունակէ:  Լեզուիմըմէջ, մշակոյթիմըմէջ  «ասիմիլասիոնըվերցաւ»  կարենալըսելուհամարմայրենիովկրթութիւնպէտքէհաստատուի, այդլեզուովհանրայինծառայութիւններպէտքէկատարուին:

 

Հ.- Դուքայսմէկըշատհաւանաբարարեւելեան, հարաւարեւելեանորոշնահանգներուհամարկըպահանջէք:  ՍակայնԹուրքիոյմէջամէնտեղքիւրտարմատներովբնակչութիւնկայ, եւհաւանաբարալամէնէնշատՊոլսոյմէջկայ:  Ինչպէ՞սպիտիըլլայ:

Պ.- ԿրթականկամհանրայինծառայութիւնըՊոլսոյմէջալկրնայըլլայ:  Այսկացութեանմէջհակասութիւնմըչկայ:  Օրինակիհամար, Պրիւքսէլիմէջամէնփողոցիցուցատախտակըերկլեզուէ, ֆրանսերէնեւհոլանտականլեզուով …  Երբպետականգրասենեակմըերթաք, կըհարցնեն, թէձերվաւերաթուղթերըի՞նչլեզուովկ՛ուզէք:  Քերքուքիմէջասորերէնըկրնայպետականլեզունչըլլալ, վստահչեմ, սակայնպետականլեզուհամարուողարաբերէն, քրտերէնեւթիւրքմեներէնովհանրայինծառայութիւնկըտրուի:  Այսկացութիւնըոչմէկուննեղութիւնկամվնասկըպատճառէ:  Թրքերէնըամէնտեղկայ, թողըլլայ:  Եւսակայնորոշմարդիկ, միայնքրտերէնինհամարչեմխօսիր, եթէորոշթիւով, եւորոշքանակութեամբկան, պէտքէկարենանհոնմայրենիլեզուովկրթութիւնտալ:  Այսմիջոցինլեզուականկրթութեանգործադրութիւնմըկայ:  Մայրենիովկրթութիւնեւհանրային  ծառայութիւնըզիրարամբողջացնողհարցերեն:  Այդլեզուովձերստացածվկայականըեթէհանրայինկեանքինմէջարժէքչունի, պակասաւորէ:

 

Հ.- ԱտենինԹուրքիոյմէջյաճախկարմիրգիծերումասինակնարկութիւններկ՛ըլլար:  Այսալձերկարմիրգի՞ծնէարդեօք:

Պ.- Միասնաբարապագայմըկազմելփափաքողներիրարուհանդէպկարմիրգիծերպէտքչէդնեն:  ՄիասնաբարաւելիլաւԹուրքիամը, աւելիլաւՄիջինԱրեւելքմը, աւելիլաւապրելակերպմըկըփափաքինքունենալ:  Նպատակադրածենքայսմէկըքաղաքականութեանճամբովիրագործել:

 

Հ.- Քաղաքականճամբաներունբացումըարդեօքզէնքովկարելի՞է` ըստձեզի:

Պ.- Մենքայսգործընթացինանկեղծմօտեցումկըցուցաբերենք:  Բռնութեանմթնոլորտըամբողջովինչքացնելով` քաղաքականճամբանբռնելկըփափաքինք:  Տիգրանակերտիմէջ, Ամիտիմէջընթերցուածը (կ՛ակնարկէՕճալանիյայտարարութեան), մերբոլորինանունովընթերցուածյայտարարութիւնմընէ:

 

Հ.- Միւսկողմէ, Նովրուզին, հրապարակինվրայթրքականդրօշակինբացակայութեանպատճառովկառավարութիւնըկըքննադատուի:

Պ.- Այսբանավէճըճիշդչեմգտներ: ՆախորդՆովրուզներունալչկար (դրօշակը):

 

Հ.- ՍակայնայսՆովրուզըքաղաքականիմաստմըունէր:

Պ.- Եթէկառավարութենէնմէկըկազմակերպիչյանձնախումբինուշադրութեանյանձնէր, կըկախուէրանիկա:  ՔիւրտերըԹուրքիոյդրօշակինհետհարցմըչունին: Ամէնպետութիւնդրօշակմըունի:  Դրօշակըփոխելունմանպահանջմըչունինք:  Սակայնկըփափաքինքմերգոյներնալպաշտպանել:  Օրինակիհամար, Սպանիոյմէջերկրինդրօշակինքովնիվերինքնավարշրջաններունդրօշակներնալկըկախուին:  Ասոնքլուծելիհարցերեն:  Թուրքիոյսահմաններունհետալհարցչունինք:  Մենքերկիրըբաժնելչենքփափաքիր. այսերկիրըչիբաժնուիր:  Մերհարցերըներքին, կառավարմանձեւին, յարաբերութիւններուձեւերունհետէ:  Թուրքիանկըմեծնայ, երբքրտականհարցըլուծէ:

Էրտողանըբախտաւորութիւնմընէխաղաղութեանհամար:

 

Հ.- Այսպիսի «արտայայտութիւններէն» ետք, «չհամաձայնեցանք» ըսելով` զինեալպայքարիվերադարձըաւելիեւսդժուարպիտիչըլլա՞յ:  Այնատեն, կառավարութեանկողմէձեզիուղղուած  «ամէնբանփորձեցինք, ձախողեցանք»  պատճառաբանութիւնըարդեօքօրինականութիւնչի՞զգենուր:

Պ.- Կառավարութիւնըռիսքմըկ՛առնէ, ճիշդէ, մենքալկ՛առնենք:  ԹայիփԷրտողանինմանռիսքառնողանձիմընոյնատենժողովուրդէննեցուկստանալնալխաղաղութեանհաստատմանհամարբախտաւորութիւնմընէ:  ՄերմօտՕճալանէնդուրսայսռիսքըառնելիքզօրութեամբմէկըչկայ:  Այսալբախտաւորութիւնմընէ:  ԿառավարութիւնըՕճալանինգործըպէտքէդիւրացնէ:  Այսգործը 11 մեթրքառակուսիովչիսահմանափակուիր (ակնարկութիւնը` Օճալանիբանտախուցին): Այսգործընթացըչվերջացած` դէպիդուրսնամակգրելովշարունակուիլըդժուարէ:  Քարտուղարներ, «խորհրդականներ», մամուլիեւայլանձերուհետտեսակցութիւններունենալուկարիքըունի:

 

Հ.- Գարայըլանըզինեալներուննահանջիդժուարութիւններունմասինխօսեցաւ, փոխվարչապետնալ «աճապարելուպէտքչկայ»  իմաստաւորումովխօսեցաւ:  Անգարայիմթնոլորտընոյեմբերիսկիզբներունտեղիունենալիքպետականելեւմտացոյցի (պիւտճէ) վիճարկումներըչսկսած` նահանջիամբողջացումինկողմնակիցէ:  Արդեօքնահանջը (այսթուականին) պիտիամբողջանա՞յ:

Պ.- Պէտքէաճապարենք:  ՔանիմըօրառաջԷրտողան «այսգործըմինչեւ 2013-իաւարտըպէտքէ, որվերջացնենք» ըսաւ:  Պարզայնպատճառով, որ 2014-ինտեղականընտրութիւններուշրջանըկըսկսի:  Իմփափաքսէ, որելեւմտացոյցի (պիւտճէ) վիճարկումներըչսկսած` բոլորհանգրուաններըամբողջացածըլլան:  Նահանջ, ժողովրդականսահմանադրութիւն, օրինականկարգաւորումներ, վերադարձեւբնականոնացումիհանգրուաններըպէտքէկարենանքամբողջացնել:

 

Հ.- Ի՞նչկ՛ըսէքայնքննադատութիւններուն, ըստորոնց, բանակցութիւններուգործընթացինԷրտողանինախագահականպահանջիննպաստելուկըծառայեն:

Պ.- Մերնպատակնէ, որԹուրքիաժողովրդավարերկիրմըդառնայ:  ՄիացեալՆահանգներումէջնախագահական, Ֆրանսայիմէջկէսնախագահականդրութիւնմըկայ, եւիրենցժողովրդավարութիւններըմեզմէշատլաւէ:  Կարեւորըժողովրդավարկառոյցներուաշխատելաոճնէ:  Նախագահականդրոյթինդէմչենք, սակայնդէմկըկենանքմէկմարդուիշխանութեանվերածումին:

 

Հ.- Ըստձեզի, գործընթացըինչպիսի՞անդրադարձմըկ՛ունենայխորհրդարանինմէջ:

Պ.- Ըստմեզի, Ժողովրդահանրապետականկուսակցութեանայսգործընթացինմէջըլլալըկարեւորէ:  Կառավարութիւնը, ՃՀՓ–ինայսգործընթացինմասնակցութեանհամարաւելիյամառեւդիւրացնողըլլալուէ:  ԵրանիՄՀՓ–նալնեցուկտար, եւսակայնՃՀՓ–նանպայմանօրէնպէտքէմասնակցի:  ԻբրեւԹուրքիոյհիմնադիրկուսակցութիւն` ՃՀՓ–ինկըպարտիներդրումունենալեւնեցուկկանգնիլխաղաղութեանուժողովրդավարութեաննորովիհիմնարկութեան:  ՃՀՓ–իզանգուածինմէջանցեալէնճանչցած, միասինգործակցածանձերկան, տարբերկեցուածքպէտքէըլլայ:  Հոսթէ՛կառավարութեանեւթէ՛ալՃՀՓ–ինպատասխանատուութեանբաժինկայ:

 

Հ.- Զարմանալիօրէնկառավարութեանհետնոյնլեզունգործածելուսկսաք, նահանջի, բնականոնացումինման…  Կառավարութիւնըերբ «բնականոնացում» եզրըգործածէ, զինեալգործողութիւններունվերջգտնելունեւՔԱԿ–իանդամներունհասարակութեանմէջհամարկուելումասինկըխօսի:  Դուքինչի՞մասինկըխօսիք:

Պ.- Մերհասկցածբնականոնացումըհարցինսահմանադրականմակարդակովլուծումգտնելը, ՔանտիլիԿորդուացլեռներունվրայեւԵւրոպայիմէջգտնուողներունվերադարձը, քաղաքականպատճառներովբանտերըգտնուողներունազատարձակումըեւքաղաքականութեանճամբաներունբոլորինառջեւբացուիլնէ:

 

Հ.- Իրենցմիջեւմարդասպաններչկա՞նարդեօք:  Սպաննուողներունմերձաւորներըազատարձակուողըպիտիընդունի՞ն:

Պ.- Այո, անոճրագործըկըճանչնայ, բայցմիւսնալոճրագործըկըճանչնայ:  Զինքտանջողը, իրզաւակըգիշերովտունէնառնելովանհետկորսնցնողնալկըճանչնայ:  Կըհաւատամ, որեթէերկրինմէջարիւնահոսութիւնըդադրի, անդորրութիւնեւխաղաղութիւնտիրէ, մերհաւաքականութիւնըկըներէ:  Վարչապետինկըմիանամ. այսգործըմինչեւ 2013-իվերջաւորութիւնըպէտքէվերջացնենք: Եթէաճապարենք, կրնանքվերջացնել:

 

Հ.- Ձերվարչութեանմէջլուծումչուզողներկա՞նարդեօք:

Պ.- Թուրքիոյմէջայսպիսիբանավէճերկան. կազմակերպութեանղեկավարներըպերճանքիմէջենեւչենուզերհրաժարիլքաղաքականշահերէ:  Ասոնքհոգեբանականպատերազմիդրութեանմէջպատրաստուածսուտերեն:  Ձեզիկըվստահեցնեմ, թէմերվարչութեանտակգտնուողբոլորը, գրեթէ` տերվիշներունման, պատառիմը, պատմուճանիմըհասկացողութեամբկ՛ապրին:  Իբրեւվարչութիւն` խաղաղութեանպատրաստենքեւմերանձնակազմերըկըպատրաստենք:  Երբառաջնորդիննամակըստացանք, վարչականաստիճանաւորումներովհանդիպումներկատարուեցան, եւնամակըկարդացուեցաւ:  Ո՛չհոսեւո՛չալլերանվրայվարչութեանմէջմէկհոգիիսկդէմչկեցաւ:  ՀիմաԵւրոպայիմէջ, Իրաքիմէջ, Թուրքիոյմէջ, լերանվրայ, քաղաքինմէջտեղեկացումիհանդիպումներուպիտիսկսինք:  Խաղաղութեանգործընթացինվերաբերեալհարցադրումներունեցողներկան, անոնցպիտիպատասխանենքեւհամոզելուպիտիաշխատինք:  Լեռնայինհեռաւորվայրերըչեմկրնարգիտնալ, սակայնկեդրոնականվայրերըմէկամիսէնկըվերջանան:  Օսլոյիգործընթացինալմասկըկազմեմ:  Այդժամանակայսքանյուսալիցչէի, հիմաշատաւելիեմ:

 

Հ.- Երբլուծումիմասինխօսուի, վստահաբարմիմիայնմայրենիլեզուովկրթութիւնչէքհասկնար. ուրիշի՞նչկըհասկնաք:

Պ.- ԱյսլուծումըմիայնԹուրքիոյսահմաններունմէջչիմնար, սահմաններըանցնողազդեցութիւնմըկ՛ունենայ:  Յատկապէսազգայինհամաձայնութիւնըկըշեշտենք:  Ազգայինհամաձայնութիւնըօսմանեանխորհրդարանինմէջ 28 յունուար 1920-ինառնուածվերջինորոշումնէեւՄուտրոսիզինադադարիսահմաններունպահպանութեանմասինէ:  Այդօրո՛չհիւսիսայինՍուրիոյ, ո՛չալհիւսիսայինԻրաքիմէջմէկհատիսկանգլիացիզինուորկար:  Անգլիացիզինուորըմէկշաբաթետքէ, որՄուսուլմտածէ:  Ուրֆա, Այնթապ, Մարաշեթէֆրանսականգրաւմանչդիմադրէին, հիմաազգայինհամաձայնութէնէնդուրսմնացինպիտիըսէինք:  Պերլին–Պաղտատերկաթուղայինգիծովերկրինսահմանըգծուածէ, եւայսնուիրականսահմանմըչէ:  Թուրքիա 100 տարիառաջկայսրութիւնմընէր, եւհոնապրողազգերուկամքինհակառակ` բաժանուեցաւ:  Հակառակթուրքերուն, քիւրտերուն, արաբներունկամքին` այսաշխարհագրութեանմէջօտարուժերուկողմէբաժանուեցաւ:  Ազգայինհամաձայնութեանայժմէականացումըմերպահանջներէնէ:

 

Հ.- Դուքհիմասահմանայինփոփոխութիւններէն, ՍուրիոյեւԻրաքիպետութիւններունգերիշխանութիւններունմասինչէ՞քխօսիր:

Պ.- Նորպատերազմմըչենքուզեր:  Առանցսահմանըփոխելու` ազգայինհամաձայնութիւնըկարելիէկրկինբնութագրել:  Թուրքերուեւքիւրտերումիջեւժողովրդավարհամաձայնութեանմըմասինկըխօսինք:  Պելճիքայիօրինակըտամ:  ՀոլանտերէնխօսողշրջանէներբՀոլանտաերթաք, սահմանըձեւակերպութիւնմընէ:  Այդսահմանիներկուկողմըեղողներիրականինմէջմիասինկ՛ապրին, առեւտուրկ՛ընեն, տարբերութիւնմըչկայարդէն. ձգէթողմնայայդսահմանը:

 

Հ.- ՍակայնԵւրոպականՄիութեանմասկըկազմենայսերկիրները:  Մաքսայինքննութիւններըվերացած, միացեալդրամանիշիանցած, միացեալարտաքինքաղաքականութեան, սահմանադրութեանփնտռտուքիմէջեն:   Սուրիոյ, Իրաքիվիճակըյայտնիէ, ըստձեզի, այսմէկըգործնականինմէջիրականալի՞է:

Պ.- Ամէնբանմէկօրուանմէջթողվերջանայըսողչկայ:  Ասոնքհասարակացնպատակներպէտքէըլլան:  Յետհաշտութեանմիացեալնպատակներունմասինէ, որկ՛ակնարկենք:

 

Հ.- Ձերխօսքերունմէջարդեօ՞քդաշնակցայինպետութեանմըակնարկութիւնկայ:

Պ.- Այսմէկըվիճելովկարելիէգտնել:  Վարչականձեւըվիճելովկըգտնուի: Օճալան (Այտարըտեսակցութեանամբողջտեւողութեան  «առաջնորդԱբօ» արտայայտութիւնըունեցաւ) աւելիառաջԵւրոպականՄիութեանարմատներունմէջգտնուողածուխիեւպողպատիմիութեանօրինակըտուածէր:  Մենքալ, իբրեւթուրքեր, քիւրտերեւարաբներ, կրնանքԵփրատիեւՏիգրիսիհողամասերուջրայինմիութիւնըկազմել:  Ժողովրդավարհամաձայնութեամբմըկրնանքշրջանինօրինակծառայել: Ասորթէ՛Թուրքիոյ, թէ՛ՄիջինԱրեւելքինքաղաքականնպաստըկայունութիւնկ՛ըլլայ, տնտեսական, մշակութայինցոլացումներկ՛ունենայ. երբհամաձայնութիւնըԹուրքիոյսահմաններէնանդինկ՛անցնիըսենք, այսէմերակնարկութիւնը:  Եւսակայն, նոյնատենկըպնդենք, որքիւրտերունգոյութիւնը, ապահովութիւնըեւազատութիւնըպէտքէապահովուի, եւքաղաքականութեանճամբանամբողջութեամբպէտքէբացուի:

 

Հ.- Աւելիկրնա՞քմանրամասնել:

Պ.- ՔԱԿեւՔՃՔներառեալ, բոլորինհամարօրինականձեւովքաղաքականութիւնկիրարկելու  արգելքներըպէտքէվերնան:  Այսկընշանակէ` առանցքրէականհարցապնդումիբոլորինքաղաքականութիւնկիրարկելուիրաւունքունենալ:  ՄերկողմիբոլորիրաւասութիւններըՕճալանինձեռքնեն:  Անորմարդիկըսահմանէնանդինտար, զէնքերըձգելտուր, ուրիշբաներալընելտալովԻմրալըիմէջայդպէսպահելըճիշդբա՞նմընէ: Կըպահանջենք, որ 30 տարուանիրաւազրկութիւնըվերջգտնէ:  Բոլորժխտականպարագաներըպէտքէչքանան … Եթէներումիմասինպիտիխօսինք, ատիկաբոլորինհամարալիզօրուպէտքէըլլայ, երկկողմանիէ: 

 

Հ.- Ձերուզածըընդհանուրներո՞ւմմընէ:

Պ.- Փոխադարձներումըսենք:  Օրինակմըտամ.  վերջերսԱնգլիոյթագուհիինԻրլանտայիշարժումինղեկավարներէնՄարթինՄաքԿինեսինձեռքըսեղմելունպատճառովհարցծագեցաւ:  Մանաւանդորանբանտըչէրգտնուեր, այլԻրլանտայիկառավարութեաննախարարիպաշտօնիվրայկըգտնուէր, տարիներետք … Աշխարհիմէջայսպիսիբաներկըպատահին:  Եթէհարցըլուծելկըփափաքինք, իրենցհետեւանքներունհետմէջտեղէնվերցնենք:

 

ՄՈՒՐԱՏԵԹՔԻՆ

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Հաստատելու Քսանամեայ Տարեդարձի Առիթով. «Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Քաղաքական Ասպարէզում Արաբական Երկրները Ունեցան Իրենց Ուրոյն Տեղը» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Դեսպան Դոկտ. Փրոֆ. Արշակ Փոլատեան

Յաջորդը

«Նոազ Արք» Նիւ Եորքէն Կը Վերադառնայ Եւ Անմիջապէս Կը Մեկնի Մոնաքօ

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.