Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդուն Դիմակը

March 22, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ԱՐՏԱԼԵԱՆ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի եւ անոր իսկ մասնակցութեամբ, բեմականացուց ֆրանսահայ Վահէ Քաչայի «Գիշատիչներու խրախճանքը», «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Թեման հետեւեալն է. Բ. Համաշխարհային պատերազմին, Ֆրանսայի մէջ գերմանացիներու ներկայութեան օրերուն, տան մը մէջ ծննդեան տարեդարձի առիթով կը հաւաքուին մտերիմ բարեկամներ: Կը պատահի, որ ֆրանսացի հայրենասէրներ կ՛ահաբեկեն գերմանացի երկու սպաներ այդ տան շէնքին առջեւ, որուն պատճառով պաշարման կ՛ենթարկուի փողոցը ամբողջ, եւ գերմանացի գաղտնի սպասարկութեան սպան կը սպառնայ պատանդ վերցնել երկու անձ այդ բարեկամներուն մէջէն` ընտրութիւնը ձգելով անոնց: Ահաւասիկ այստեղէն ծնունդ կ՛առնէ անսպասելի անակնկալ մը, որուն մէջ թէեւ իրենք անմեղներ են, սակայն կացութիւնը կը զարգանայ սուր հոգեվիճակներով: Երեւութապէս ականատես կ՛ըլլանք ստեղծուած շփոթութեան, լուծումներ որոնելու ճիգին եւ հետզհետէ զարգացող հակասութիւններու, սակայն ճիշդ ըմբռնելու համար անոր հոգեբանական երեսը` նկատի պէտք է ունենալ հետեւեալ կէտը: Վերլուծական հոգեբանութեան մեթոտներէն մէկն է` «Վարուեցողական կամ հակազդեցութեանց հոգեբանութիւն»-ը: Այսինքն անասուն մը, կամ անհատը որոշ կացութեան մէջ դնելով` ուսումնասիրել անոր վարուելակերպն ու հակազդեցութիւնը, տուեալ կացութեան դիմաց: Հեղինակ Վահէ Քաչա, այս կէտէն մեկնելով, գրած է իր գործը, լոյս սփռելով մարդ արարածին առ հասարակ կենդանութեան գիտակցութիւնը ունեցող արարածներուն մօտ ամենաբնազդային եւ առաջնակարգ ձգտումը, գոյութիւնը, որուն համար ենթական կը մղուի ամէն միջոցի դիմելու` այդ կացութիւնը հեռացնելու համար իրմէ: Այս բարեկամներու մտերմութեան մէջ կը զարգանայ այդ մղումը հետզհետէ` իւրաքանչիւրը դառնալով եսակեդրոն, մինչեւ իսկ դաւաճանելով բարոյական ամենանուիրական արժէքներուն: Մէկ խօսքով, մարդը կը նուաստանայ իր գոյութիւնը պաշտպանելու համար` զոհելով ամէ՛ն ինչ առանց գիտակցելու, թէ` «Կ՛արժէ տառապիլ, նոյնիսկ կեանքը զոհել, նուիրական արժէքներու համար, «արդարացնելու Մա՛րդ կոչումը»:

Յստակ է, իւրաքանչիւր դերասան-դերասանուհի ինքնին միակ մարդու մը հոգեբանութիւնն է, որ կ՛արտայայտէ. անոնք թէեւ իրենց առաջին քայլերն է, որ կ՛առնեն արուեստի ա՛յս կալուածին մէջ, սակայն պէտք է գնահատել անոնց «անկեղծութեան» ճիգը, լաւագոյնս կարենալ ըմբռնելու նաեւ իրե՛նց հոգեկան տրամադրութիւնները:

Ի՜նչ խօսք, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի ներկայութիւնը բեմի վրայ, իր դերասանական վիճակի մէջ, հաւասարակշռութիւն կը բերէ ամբողջ խումբին հետ: Կը շնորհաւորեմ խումբը ընդհանրապէս, իսկ բեմադրիչը` մասնաւորաբար, իր թեմաներու ընտրութեան համար, որոնց մէջ եւ ի վերջոյ մարդն է կարեւորը, եւ անոր փոխյարաբերութիւնը իր շրջապատին հետ, որոնց ընթացքին ցոյց կը տրուին մարդուն մէջ ծածկուած թերութիւնները` արտաքին դիմակով:

 

 

Նախորդը

Պատառիկներ 1915 Թ. Աղէտից (Ցեղասպանութիւնից). «Քարաւան»

Յաջորդը

Դպրեվանեցիներ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.