Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արդարութեան գործավար նախարար Իպրահիմ Նաժժարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Պըրրիի այցելեց նաեւ պրազիլեան պատուիրակութիւն մը, որուն գլխաւորեց ՖԱՕ միջազգային կազմակերպութեան նախագահութեան թեկնածու Կրացիանօ Տա Սիլվան: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու, նախկին նախարար Թալալ Սահիլի:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ գործող լիբանանեան շտապ օգնութեան յանձնախումբի նախագահը, ընկերակցութեամբ` Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Աժմիի:
Հանդիպումին ընթացքին ներկաները Պըրրին տեղեակ պահեցին Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ ապրող լիբանանեան գաղութին կացութեան մասին:


