Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի ծիրին մէջ, իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ այս տարեշրջանին Լիբանանի Ա. դասակարգի փոխախոյեան հանդիսացած Պրուս Քաֆէն եւ Բ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացած լիբանանեան բանակը ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:
Պրուս Քաֆէ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Հատաֆի, մինչ լիբանանեան բանակը` «Ռապիհ» ընկերութեան (Բ. դասակարգ)` 6-2 արդիւնքով:
Մրցումները կատարուեցան Էմիլ Լահուտ համալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):


