Ամսուան մը վրայ երկարած հայագիտական մրցանքներէ ետք, հինգշաբթի, 21 փետրուարին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը արժանավայել հանդիսութեամբ մը նշեց «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»-ը եւ այս առիթով կատարեց հայագիտական իր մրցանքներուն մրցանակաբաշխումը` ներկայութեամբ գրագիտուհի Շահանդուխտի:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման խօսքով Թամար Ազնիկեան յայտնեց, որ փետրուար 21-ը «Մայրենի լեզուի միջազգային օր» է, հետեւաբար ան հայ լեզուի օր է, «Մեծարանքի պահ, հպարտութեան առիթ»: «Հայ լեզուն մեր հոգիի լոյսն է,- ընդգծեց ան,- լեզուի լոյսէն ծնունդ առին մեր գողթան երգիչները, մեր լեզուի ճարտարապետները, մեր պատմութեան խորենացիները, մեր աղօթքի նարեկացիները, մեր մատենագիրները, մեր ծաղկողները ու մեր յայտնի թէ անծանօթ գրիչները»: Դարերու ընթացքին բռնակալներ եկան ու անցան, սակայն հայ մարդը դիմացաւ ու տոկաց` շնորհիւ իր լեզուին, որ յատուկ դիմագիծ եւ ինքնութիւն տուաւ իրեն, աւելցուց ան:
Բացման խօսքէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր: Ասմունքով հանդէս եկան Անժելինա Սարգիսեան («Հայ լեզուն տունն է հայուն», Մ. Իշխան), Ժանեթ Օհանեան («Ներբողական», Սիամանթօ), Նաթալի Քելխաչերեան («Հայ մամիկին աղօթքը», Մ. Իշխան) եւ Գարին Գանտահարեան («Արցախեան մահարշաւ», Շահանդուխտ): Քոլեճին պարախումբը ներկայացուց պար մը` «Իմ անունը Հայաստան է»: Կատարուեցաւ նաեւ տեսերիզի ցուցադրութիւն: Ցուցադրուեցաւ հայ մշակոյթի դարաւոր գանձերու պահապան Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարանը ծանօթացնող տեսերիզ մը, պատրաստուած` 2012-ին, Երեւանի հայ գիրքի մայրաքաղաք հռչակման առիթով:
Այնուհետեւ խօսք առաւ տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ յայտնեց, որ երրորդ տարին ըլլալով` քոլեճը կազմակերպած է միջնակարգի եւ երկրորդականի յատուկ հայագիտական մրցանքներ` «Ճանչնանք մեր լեզուն» անունով: Մրցանքը ընդգրկած է «Ճիշդ հնչենք»-ի, արտասանութեան եւ շարադրութեան մրցումներ միջնակարգի աշակերտութեան համար, իսկ գրաւոր աշխատանքի, բանաւոր խօսքի եւ շարադրութեան մրցումներ երկրորդականի աշակերտութեան համար: Բոլոր մրցանակակիրները իրենց նուէրները (նիւթական պարգեւ, գիրք եւ ամավերջին հայերէնի եւ հայոց պատմութեան քննութենէ զերծ կացուցուելու իրաւունք) կը ստանան հանդիսութեան աւարտին:
Իր խօսքին մէջ տնօրէն Վիգէն Աւագեան աշակերտութեան ներկայացուց վաստակաշատ գրագիտուհի Շահանդուխտը եւ անոր 32 գիրքերը: Ան խօսեցաւ նաեւ Շահանդուխտի հրապարակագրական յիսնամեայ վաստակին մասին` շեշտելով, որ Շահանդուխտ մեր գրական ու մամլոյ աշխարհին մէջ երեւոյթ մըն է, որուն նմանը դժուար թէ կրկնուի:
Հուսկ, խօսք առաւ իր ամբողջ կեանքը հայ լեզուին, գրականութեան եւ մամուլին նուիրած գրագիտուհին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատիւին համար եւ ըսաւ, թէ հայերէնին տէր կանգնիլը բոլորիս պարտականութիւնն է: Հայերէնը կը սորվին հայ դպրոցին մէջ, հայ ուսուցիչներու շունչին տակ: Օտար վարժարանները, որքան ալ հարուստ եւ շքեղ ըլլան, հոգիով աղքատ հայեր միայն կրնան պատրաստել, մինչդեռ հայ դպրոցը հայութեամբ հպարտ տղաք ու աղջիկներ կը հասցնէ մեր կեանքին:
Շահանդուխտ ըսաւ, որ Սոֆիա Յակոբեանը հողագործ, մշակ ու պարզ հայուհի մըն էր, որ կը հաւատար հայ լեզուի եւ մշակոյթի ուժին: Ան իր ունեցածէն մեծ բաժին հանեց մեր ժողովուրդին, որպէսզի անոր զաւակները հայերէն սորվին, հայ հոգին պահպանեն եւ ազգին յարատեւումը ապահովեն: «Պէտք չէ ամչնալ մեր հայութեամբ, մեր լեզուով, ընդհակառակն` միշտ պէտք է հպարտ ըլլալ, որ հայ ենք, Խորենացի, Շիրակացի, Հերացի եւ Դաւիթ Անյաղթ ունինք», ըսաւ ան եւ մաղթեց, որ «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»-ը մեր լեզուին հարստութիւններուն անդրադառնալու եւ զանոնք պահելու առիթ մը կ’ըլլայ:
Իր պատգամին աւարտին Շահանդուխտ կատարեց քոլեճին հայագիտական մրցանքներուն մրցանակաբաշխումը:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ քոլեճին քայլերգով:


