Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեառնընդառաջի Նախատօնակին Հանդիսապետելով` «Հայ Մայրը` Մեծագոյն Դաստիարակն Է Հայ Մարդուն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

February 14, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 13 փետրուար 2013-ի երեկոյեան Տեառնընդառաջի տօնին, հաւատացեալներու եւ յատկապէս ծնողներու ու մանուկներու հսկայ բազմութեամբ լեցուն էր Անթիլիասի մայրավանքը: Ծնողներ եկած էին իրենց զաւակներուն հետ` մասնակից դառնալու Յիսուս Մանուկի քառասնօրեայ տաճար ընծայումի խորհուրդին:

Շրջապատուած միաբան հայրերով, Արամ Ա. կաթողիկոս նախագահեց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած նախատօնակի հոգեպարար արարողութեան, ապա իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն:

Նախ վեհափառ հայրապետը ողջունեց հոծ բազմութեան ներկայութիւնը մայրավանքին մէջ եւ ապա անդրադարձաւ աւետարանական դրուագին, ուր նկարագրուած է, թէ ինչպէս Յիսուսի ծնողքը, հետեւելով եբրայական աւանդութեան, իր զաւկին ծննդեան քառասնօրեայ շրջանին, տարին զԻնք տաճար` Աստուծոյ ընծայելու համար: Ապա, վեհափառը ընդգծեց երկու գլխաւոր կէտեր. «1) Մօր դաստիարակիչ հոգածութիւնը իր զաւկին նկատմամբ: Սուրբ Աստուածածինը, լոկ աւանդութիւնը յարգելու համար չէր, որ այդ մէկը կը կատարէր, այլ` այդ աւանդութենէն բխող հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով ուզեց դաստիարակել իր զաւակը: Աւանդութիւնը կը դառնայ անիմաստ, երբ որեւէ մէկ խորհուրդ, պատգամ եւ կամ արժէք չի՛ փոխանցեր իր շրջապատին: Այնպէս ալ այսօր, մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւնները յարգելով, մենք մեր զաւակները կը կրթենք մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներով: 2) Մայրը մեծագոյն ու մնայուն դաստիարակն է իր զաւկին: Այսպէս եղաւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը` միշտ մնալով իր զաւակին` Յիսուսի կողքին: Այդպէ՛ս պէտք է ըլլայ հայ մայրը: Ան իր զաւկին առաջին ու մնայուն դաստիարակն է: Դպրո՛ց է հայ մայրը, որուն միշտ պէտք է աշակերտի իր զաւակը: Ներկայ դժուար ժամանակներուն մէջ, երբ մեր զաւակները ապականիչ եւ այլասերիչ հովերու ու փոթորիկներու դիմաց կը գտնուին, կրկնապատկուած է հայ մօր դերը` իբրեւ դաստիարակիչ իր զաւակներուն»: Ապա վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ 2013-ը «Հայ մօր տարի» հռչակելու նպատակին, եւ շեշտեց Հայ մօր կարեւոր դերակատարութիւնը մեր եկեղեցական-ազգային կեանքին մէջ` իբրեւ ապագայ սերունդներուն առաջին ու մնայուն դաստիարակիչը:

Տեառնընդառաջի արարողութենէն ետք, հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, վեհափառ հայրապետը մայրավանքի շրջափակին մէջ վառեց աւանդական խարոյկը: Ապա միաբան հայրերն ու դպրեվանեցիները հոգեւոր եւ ազգային երգերով խանդավառեցին ներկայ ժողովուրդը: Աւարտին, հազարաւոր հայորդիներ իրենց վառած մոմերը իբրեւ օրհնութիւն տարին իրենց տուները:

Նախորդը

Տեառնընդառաջը` Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Օպամա Քոնկրեսին Առջեւ Արտասանեց Տարեկան Աւանդութիւն Եղող «Երկրի Վիճակը» Ճառը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.