Երէկ` չորեքշաբթի, 13 փետրուար 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն` մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեան: Ուշագրաւ էր մանաւանդ երիտասարդ մայրերու ներկայութիւնը, որոնք եկած էին իրենց նորածինները ընծայելու եկեղեցւոյ` հետեւելով Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման օրինակին:
Այս գերազանցապէս ազգային եւ հոգեւոր տօնի եկեղեցական արարողութիւններուն հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր քարոզին սկիզբը անդրադարձաւ Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման եւ Սիմէոն ծերունիի հետ կապուած աւետարանական դրուագին: Գեղամ արք. Խաչերեան ընդգծեց, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ Տեառնընդառաջի տօնը ճիշդ այս դրուագին մարմնաւորումն է: Տէրը տաճար կ՛երթայ եւ մենք ալ մեր կարգին անոր ընդառաջ կ՛երթանք զայն ընդունելու:
Առաջնորդ սրբազան հայրը անդրադարձաւ նաեւ նախաքրիստոնէական` հեթանոսական կրակի ու լոյսի պաշտամունքի գաղափարին: Ան ընդգծեց, որ քրիստոնէութեան իբրեւ պետական կրօն ընդունումով նոր կրօնը եկաւ ժողովրդային եւ ազգային այս տօնին աւանդութիւնները պահպանելու, սակայն անոնց խորքը փոխեց, կրակը եւ լոյսը սկսան խորհրդանշել Յիսուս Քրիստոսը:
Առաջնորդ սրբազանը նաեւ ըսաւ, որ Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման պատմութեան մէջ, Մարիամ Աստուածածինի օրինակին ընդմէջէն մենք կը տեսնենք տիպար հայ մօր օրինակը: Այս ծիրին մէջ առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ այս տարի Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ յայտարարուած է «Հայ մօր տարի: Եթէ հայ մայրը պարտաճանաչ է Մարիամի նման, վերջինիս տիպարը կ՛արտացոլէ: Ան շեշտը դրաւ նոր մայրերուն կողմէ իրենց նորածին զաւակները եկեղեցի բերելու եւ Մարիամի օրինակով զանոնք տաճարին յանձնելու անհրաժեշտութեան վրայ` ընդգծելով փոքր տարիքէն հայ մանուկին դաստիարակութեան կարեւորութիւնը ազգային արժէքներով եւ աւանդութիւններով:
Քարոզէն ետք առաջնորդ սրբազանը թափօրով ուղղուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակէն դուրս, ուր վառուեցաւ աւանդական խարոյկը: Խարոյկին շուրջ հաւատացեալներու բազմութիւնը եւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը միասնաբար երգեցին եկեղեցական շարականներ եւ ազգային երգեր: Թափօրի երթին ընթացքին հաւատացեալները իրենց մոմերը վառեցին եկեղեցւոյ խորանի ճրագէն առնուած լոյսէն եւ այդ մոմերը տարին իրենց տուները` իբրեւ օրհնութիւն:


