Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞ւր Է Արդեօք Հալէպցի Համբոն

February 1, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻՐՈՒԿ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի սուրիահայութեան ապրած վիճակը աշխարհացրիւ հայութեան ոչ միայն խոր ցաւ ու մտահոգութիւն կը պատճառէ, այլ իւրաքանչիւրս կը մղէ զօրակցելու եւ օժանդակելու մեր հարազատներուն ու հայրենակիցներուն, անձնական կամ կազմակերպութիւններու միջոցով:

Այս տագնապալի օրերն ու հոգեվիճակը անծանօթ երեւոյթներ չեն մեզմէ շատ շատերուն համար: Տասնեակ մը տարիներ առաջ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն նոյն մտահոգութիւններն ու սարսափը ապրած ենք երկար տարիներ: Ամէն անգամ, որ ռումբ մը պայթած էր հայկական թաղերու մէջ, ամէն անգամ, երբ ահռելի զարկը խուճապի, սարսափի ու սուգի մատնած էր շէն ու կենսունակ քաղաքի արեւելքն ու արեւմուտքը, մենք, Լիբանանէն հեռու, ընկճուած ու մտահոգ, սպասած էինք լուրի: Ինչպէ՞ս կրնայինք չմտահոգուիլ. չէ՞ որ հոն էին հայր ու մայր, եղբայր ու քոյր, ամբողջ գերդաստան ու ընկերներ, նաեւ` դպրոց, ակումբ ու եկեղեցի: Այդ օրերուն չկային այսօրուան հաղորդակցական արագ միջոցները, եւ մեր հարազատներու հետ կապի մէջ մտնելը շատ անգամ դժուար ու մտահոգիչ կը դառնար:

Այսպէս անցան տարիներ:

Հակառակ քանդումին, անգործութեան եւ բոլոր դժուարութիւններուն` ոմանք մնացին կառչած այդ հայկական փիւնիկին, ուրիշներ, ակամայ, իրենց զաւակներուն բարօրութեան եւ ապահով ապագայի մը յոյսով, գաղթեցին` իրենց ետին ձգելով ալեհեր հայր ու մայր, ընկերներ, հարազատներ, հարազատներու շիրիմներ… ամբողջ երկիր մը, որ եղեր էր բոլորիս համար այնքան հարազատ ու սիրելի:

Այդ երկար ու դժուար տարիները, Լիբանանէն հեռու, մենք ապրեցանք ու շնչեցինք Ռատիօ Մոնթէ Քարլոյի եւ Պի. Պի. Սի.-ի հաղորդումներու շուրջ, ամէն օր վերջնական զինադադարի եւ խաղաղութեան աւետումին սպասելով….

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ոչ միայն շատ մը հայ ընտանիքներ, այլ մեր ազգային, մշակութային եւ կրթական կառոյցները մատնուած էին ծանր ու անձուկ վիճակի: Բարեբախտաբար աշխարհացրիւ հայեր ու բարեսիրական կազմակերպութիւններ իրենց նիւթական ու բարոյական օգնութիւնը չզլացան այդ հայաշատ ու հայատրոփ ամրոցին: Կարելի չէր անտեսել սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութներէն մէկուն ապրած ահաւոր դժուարութիւնները եւ անոր գոյութեան սպառնացող մութ ու ծանր վտանգները:

Ահա այդ օրերուն էր, երբ մենք` Սէուտական Արաբիոյ մէջ ապրող խումբ մը հայեր, որոշեցինք անսալ Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի կոչին ու միասնաբար օգնութեան ձեռք երկարել մեր ազգի զաւակներուն: Այդ օրերուն Սէուտական Արաբիոյ արեւելեան շրջանի քաղաքներուն մէջ կ՛ապրէին շուրջ հարիւր հայեր` կեդրոնացած Տահրան, Տամմամ եւ  Խոպար քաղաքներուն մէջ: Տարբեր ասպարէզներու տէր երիտասարդներ, սակաւաթիւ ընտանիքներ… ընդհանրապէս եկած էին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, բոլորս մասնակից էինք քարիւղով հարուստ այս երկրի շինարարական ու բարգաւաճման ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն: Մեր ընտանեկան եւ բարեկամական յաճախակի հանդիպումներուն ընթացքին միշտ նոյնն էր նիւթը` Լիբանանի պատերազմը, ժողովուրդի տագնապալի վիճակը, հայութիւնը եւ հայկական թաղերը պաշտպանող մեր հերոս տղաքը:

Ահա այս հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին էր, որ բարեկամներով որոշեցինք, Կաղանդի առթիւ, կազմակերպել կոկիկ հանգանակութիւն մը ու գոյացած գումարը հասցնել Լիբանան: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ծանօթ հայ բարեկամին պիտի տեղեկացնէր ու ապահովէր հայրենակիցներու մասնակցութիւնը: Որոշուեցաւ ժամկէտ ու գործի սկսանք:

Վերջապէս հասած էր սպասուած օրը: Բարեկամներու ու հեռաւոր ծանօթներու խանդավառ խումբ մը հաւաքուած էր մեր տունը: Մեծ էր բոլորիս ուրախութիւնը: Սպասուած գումարէն շատ աւելին արդէն կրցած էինք գոյացնել կարճ ժամանակի մը ընթացքին: Մեր համեստ քայլը պսակուած էր յաջողութեամբ: Գոհունակ տրամադրութեամբ ամէն մարդ մեկնեցաւ` քաջ գիտնալով, որ այդ գումարը շուտով պիտի հասնէր Լիբանանի Ազգային առաջնորդարան` ձեռամբ երիտասարդ մեր բարեկամին, որ տօնական օրերու առթիւ կը վերադառնար Պէյրութ` իր ընտանիքին հետ անցընելու համար Կաղանդն ու տօնական օրերը:

Դուրսը մութ գիշեր էր արդէն: Հանդարտած էր տունը, երեխաները արդէն քնացած էին: Յանկարծ դրան զանգը հնչեց: Անսովոր բան. ուշ գիշերին, առանց տեղեկացնելու, այլոց տուն այցելելու սովորութիւն չկար հոն, իսկ մեր բարեկամները շատոնց մեկներ էին արդէն: Յակոբը` ամուսինս, զարմացած հասաւ դրան առջեւ: Փակ դրան ետեւէն ձայն մը լսեցինք, որ  հայերէնով կը հարցնէր` «Մանճիկեաններուն տո՞ւնն է հոս»: Ո՞վ կրնար ըլլալ այս ուշ ժամուն: Երբ դուռը բացինք, մեր առջեւ կանգնած էր երիտասարդ մը` ձեռքին թուղթէ տոպրակ մը բռնած.

– Գիտէի, որ այսօր ձեր տունը պիտի հաւաքուէին տղաքը: Ես Հասայի շրջանը կ՛աշխատիմ, ասկէ երեք ժամ հեռու: Աւելի կանուխ չհասայ, բայց ուզեցի անպայման մասնակցիլ հանգանակութեան: Այս տոպրակին մէջ երկու հարիւր ռիալ կայ, յուսամ ուշացած չեմ:

Ապշած ու յուզուած էինք: Հասան այդ օրերուն մեկուսացած ովասիս մըն էր, հեռու` մեծ քաղաքներէն: Ո՞վ ըսեր էր իրեն, ինչպէ՞ս հասած էր իրեն լուրը, եւ ի՜նչ երկար ճամբայ կտրած էր այս ուշ ատեն:

– Ներս հրամմեցէք: Ո՞վ էք, ո՞վ լուր տուաւ ձեզի: -Այս հարցումներու տարափը կը տեղացնէինք երիտասարդին գլխուն…

– Անունս Համբօ է, հալէպցի Համբօ կ՛ըսեն: Վեց ամիսէ ի վեր հոս եմ, գործաւոր եկանք, բայց հեռու ըլլալով` շատ չեմ գար քաղաք:

Երկար չնստաւ Համբոն այդ գիշեր, թէեւ յուսախաբ էր, որ չհանդիպեցաւ խումբի միւս անդամներուն, բայց շատ ուրախ էր, որ իր բաժինը ժամանակին հասցուցած էր տեղ եւ մասնակցած` կատարուած լաւ գործին:

Թուղթէ տոպրակը ձգեց մեզ մօտ ու մեկնեցաւ:

Ո՛չ, Համբոն չէր ուշացած իր բաժինը բերելու:

Հալէպցի Համբոյին մենք ուրիշ անգամ չտեսանք, սակայն թղթադրամներով լեցուն տոպրակը տակաւին աչքիս առջեւն է, իսկ Համբոյի վեհանձնութիւնն ու գոհունակ ժպիտը կը մնայ անապատի անուշ ու անմոռանալի յիշատակներէս մէկը:

Բայց ո՞ւր է արդեօք այսօր հալէպցի Համբոն:

 

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն Ճէյն Օսթընի Երկրպագուները Կը Նշեն «Փրայտ Էնտ Փրեճուտիս» Վէպին 200-ամեակը

Յաջորդը

Հակառակ Գաղութին Մէջ Տիրող Անբարենպաստ Պայմաններուն` Հալէպահայութիւնը Արժանապատուօրէն Նշեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 122-ամեակը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.