Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

January 23, 2013
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս».-ը Կը Ձգտի
Կարելի
Եղածին Չափ
Աջակցելու
Բժիշկներու Առաքելութեան

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ «Պըրթլինք»-ը կը շարունակեն մարզային ծննդատուներու վերազինման ծրագիրը Նոյեմբերեանի բժշկական կեդրոնին մէջ, ուր նախորդ տարի արձանագրուած էր 300 ծնունդ: Վաղաժամ ծննդաբերութեան եւ բարդ յղութեան պատճառով, տարբեր հարցերով լոյս աշխարհ եկածները ուղեգրուած են մայրաքաղաք` անհրաժեշտ բուժօգնութիւն ապահովող սարքաւորումներու բացակայութեան պատճառով:

Այսպիսի նորածիններու օգնելու հարցը արդէն դիւրացած է Նոյեմբերեանի մէջ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ «Պըրթլինք»-ը բժշկական կեդրոնին տրամադրած են վերակենդանացման ջերմահաղորդիչ սեղանիկ, թթուածինի շարժական փուչիկ, առաջին բուժօգնութեան պայուսակ, տաքցնող ներքնակ, վաքիումային կլանիչ եւ այլ սարքաւորումներ: Այս բոլորը մասնագէտներուն կ’օգնեն ցուցաբերելու` համակարգուած ամբողջական օգնութիւն:

Տարեվերջին ծնած Նարեկը եւ Նարէն տարբեր ընտանիքներու զաւակներ են եւ կը բնակին տարբեր վայրերու մէջ` Ալավերդի եւ Նոյեմբերեան: Շնչառական խանգարման համախտանիշի պատճառով անոնք իրենց կեանքի առաջին երկու շաբաթներուն բժիշկներու վերահսկողութեան տակ գտնուած են միեւնոյն բուժկեդրոնին մէջ: Յայտնենք, որ անոնց կեանքին սպառնացող հարցերը արդէն իսկ յաղթահարուած են, եւ  փոքրիկները իրենց տուները վերադարձած են:

«Մարդոց կեանքը փրկելու համար չափազանց կարեւոր է բարձր մակարդակի մասնագէտներու ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ է հմտութիւնը եւ գիտելիքը արդիւնաւէտութեամբ դրսեւորելու կարողութիւնը, բժիշկին ցանկութիւնը, որ ուղղակիօրէն կապուած է անոր ընծայուած կարելիութիւններէն: Բարձրակարգ բուժսարքաւորումը կ’երաշխաւորէ գործադրուած ջանքերուն արդիւնաւէտութիւնը: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւս կը ձգտի իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ աջակցելու բժիշկին` ակնկալելով անկէ, որ ապահովէ աշխատանքի գոհացուցիչ արդիւնք», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:

Ապարանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ
Հին
Նոր Տարուան
Աւանդական
Տօնակատարութիւն

Ապարան քաղաքին մէջ 13 յունուարին տեղի ունեցաւ «Ապարանեան Հին Նոր տարի» տարեկան տօնակատարութիւնը: Այս առիթով շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան Ապարանի քաղաքապետ Գոռ Աբրահամեանը, մարզպետ Սարգիս Սահակեանը, հոգեւոր հովիւներ, Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը, երեսփոխան Վրէժ Մարկոսեանը, «Նիգ-Ապարան» հայրենակցական միութեան պատուաւոր նախագահ Աղուան Յովսէփեանը եւ այլ անձնաւորութիւններ: Աւանդական խարոյկին շուրջ շուրջպար բռնեցին բոլոր ներկաները: Տօնակատարութեան ընթացքին հանդէս եկան սիրուած  երգիչներ եւ երգ ու պարի խումբեր: Հանդիսութիւնը կազմակերպած էին «Նիգ-Ապարան» հայրենակցական միութիւնը եւ Ապարանի քաղաքապետարանը:

Հին տոմարով Նոր տարին կը նշուի 4 յունուարին, որ համարժէք է յունուար 1-ի: Արարատեան Հայրապետական թեմը նաեւ կը մեկնաբանէ, որ հին եւ նոր տոմարներու միջեւ տարբերութիւնը 13 օր է: Հին տոմարով Նոր տարին կը նշուի 14 յունուարին, որ համարժէք է յունուար 1-ին: Յունուար 13-ը համարժէք է 3 դեկտեմբերին:

Նոր` Գրիգորեան տոմարը հաստատուած է 1582-ի հոկտեմբերին:

Հայաստանի Ազգային Արխիւին Մէջ
Կը
Պահպանուի
6
Հազար 640 Արխիւային Ֆոնտ

1 յունուար 2013-ի դրութեամբ, Հայաստանի ազգային արխիւին մէջ կը պահպանուի 6 հազար 640 արխիւային ֆոնտ` 4 միլիոն 161 հազար 932 արխիւային գործ, որոնց կարգին` 316 հազար 142 շարժապատկերային փաստաթուղթ: Այս մասին յայտնած է արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանը` Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանին հետ ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին:

Արխիւի տնօրէնը փոխվարչապետին տեղեկութիւններ փոխանցած է 2012-ին կատարուած աշխատանքներուն եւ 2013-ին կատարուելիքներուն մասին: Այս տեղեկութիւնները փոխանցած են տարածքային կառավարման նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:

2012-ի հետ բաղդատելով` արխիւային պահպանութեան ենթակայ գործերուն թիւը աւելցած է 46 հազար 832-ով: Տարուան ընթացքին քայլերու պիտի ձեռնարկուի` արխիւային փաստաթուղթերուն ֆիզիքական վիճակի բարելաւման եւ պահպանուածութեան ապահովման նպատակով: 2012-ին վերականգնուած-վերանորոգուած է 308 հազար 875 թերթ արխիւային փաստաթուղթ:

Աշխատանքներ պիտի կատարուին տեղեկատուական որոնողական համակարգի ստեղծման եւ կատարելագործման ուղղութեամբ: Շարունակուած է արխիւային փաստաթուղթերու հրապարակման գործընթացը: Տարուան ընթացքին հրապարակուած է 224 հազար 219 պատկեր, «Հայաստանի ազգային արխիւ» ծրագիրին արդէն միացուած է 31 հազար 755 պատկեր: Հրապարակուած է նաեւ 973 շարժապատկերային փաստաթուղթ` նախատեսուած 880-ի փոխարէն: Աշխատանքներ պիտի կատարուին ներարխիւային համակարգչային ցանցի գործարկման, համակարգչային նոր ծրագիրներու ներդրման, ելեկտրոնային սարքաւորումներով արհեստագիտական սպասարկման ոլորտին մէջ:

Առաջին անգամ ըլլալով արխիւը կատարած է ելեկտրոնային փաստաթուղթերու համալրում: Նաեւ առաջին անգամ ըլլալով հայոց պատմութեան առնչուող փաստաթուղթերու պատճէններ ձեռք բերուած են Ռուսիոյ եւ Վրաստանի ազգային արխիւներէն:

Տարուան ընթացքին պատասխան տրուած է քաղաքացիներէն եւ կազմակերպութիւններէն, նաեւ արտասահմանէն ստացուած 100 յատուկ նիւթերու եւ 25 հազար 797 ընկերային, իրաւական բնոյթի հարցումներու` նախորդ տարուան 24 հազարին դիմաց: Ազգային արխիւը ունեցած է 524 ուսումնասիրող, 40-ով աւելի, քան` նախորդ տարի:

Հայաստանի Մէջ Դիմատետր Կ՛օգտագործէ
372
Հազար 540 Հոգի

«www.socialbakers.com» կայքէջին համաձայն,  Հայաստանի մէջ Դիմատետր կ’օգտագործէ 372 հազար 540 հոգի, այդ թիւը վերջին 6 ամիսներուն ընթացքին աճած է 67 հազար 920-ով:

Երկրի բնակչութեան  թիւին հետ համեմատելով` Դիմատետրի մէջ ներկայ է Հայաստանի 12.55 առ հարիւրը, իսկ համացանց ունի 27.38 առ հարիւրը:

Այլ երկիրներու հետ բաղդատելով` կարելի է նշել, որ Հայաստանի մէջ Դիմատետր գործածողներուն թիւը 0.46 առ հարիւրով աւելի է, քան` Լիպիոյ մէջ օգտագործողները:

Հայկական Դիմատետրի ժողովրդագրական պատկերը ցոյց կու տայ, որ ընկերային ցանցէն օգտուողներուն տարիքային մեծագոյն խումբը 18-24 տարեկան անձերն են` 132 հազար 820 անձ (36 առ հարիւր), ապա` 25-34 տարիքային խումբը` 29 առ հարիւր: 15-44 տարեկան օգտուողները կը կազմեն 11 առ հարիւր, 6-17 տարեկանները` 9 առ հարիւր, 13-15 տարեկան` 7 առ հարիւր, 45-54 տարեկան` 5 առ հարիւր, 55-64 տանեկան` 2 առ հարիւր, 65-100 տարեկան` 1 առ հարիւր:

Ըստ ներկայացուած վիճակագրութեան, Հայաստանի մէջ Դիմատետր օգտագործողներուն 48 առ հարիւրը տղամարդիկ են, 52 առ հարիւրը` կիներ:

Նշենք, որ Դիմատետր օգտագործողներուն ընդհանուր թիւը նախորդ տարուան հոկտեմբերին գերազանցած է 1 միլիառը: Ամէնէն մեծ  թիւով օգտագործողները կ’ապրին Ասիոյ մէջ, այնուհետեւ` Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ ասոնց հետ բաղդատելով աւելի նուազ` Ափրիկէի եւ Աւստրալիոյ մէջ: Ըստ երկիրներու վիճակագրութեան, բնակչութեան թուային սկզբունքնով, Դիմատետրէն ամէնէն աւելի կ’օգտուին Միացեալ Նահանգներու մէջ, բնակչութեան աւելի քան 54 առ հարիւրը, ապա Պրազիլի մէջ` 32 առ հարիւրը, ապա Հնդկաստանի, Ինտոնեզիոյ եւ Մեքսիքայի մէջ: 200 երկիրներու տուեալները ներկայացնող այս աղիւսակին մէջ Հայաստանը 112-րդ դիրքին վրայ է:

Սփիւռքի Նախարարութիւնը Իր Կարելին Կ՛ընէ
Սուրիահայութեան
Օժանդակելու

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նախարարութեան տարած աշխատանքին ամփոփումը կատարելով` յայտնած է, որ 2012-ը ծանրաբեռնուած տարի էր: քառամեայ գործունէութեան ընթացքին առաջին անգամն էր, որ սփիւռքի նախարարութեան մէջ շունչ առնելու ժամանակ չկար: Սուրիահայերուն հարցը դարձած էր հիմնական հարց: Օրական դրութեամբ մօտաւորապէս 30 սուրիահայեր կ’ընդունուէին նախարարութեան կողմէ: Նախարար Յակոբեան վստահեցուցած է, որ իրենք առաւելագոյնը կատարած են, որպէսզի կարելի եղածին չափ օգնեն սուրիահայերուն: Ան շեշտած է, որ բոլոր աշխատակիցներուն զգուշացում յղուած է, որ եթէ սուրիահայ մը բողոքէ նախարարութեան ոեւէ աշխատակիցի դէմ, վերջինը իսկոյն գործէ կ’արձակուի: 2013-ի առաջնահերթութիւններուն կարգին սուրիահայերուն հարցերը կը շարունակեն հիմնական մնալ, նաեւ աշխատանք պիտի տարուի իրաքահայերուն եւ այլ սփիւռքահայերու համար:

Նախարարութիւնը մանրադիտակի տակ պիտի պահէ այլադաւան հայերուն հարցը: Անոնց հետ աշխատանքը արդիւնաւէտ եղած է, շատեր մկրտուած են Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը: 2013-ին պիտի կատարելագործուի Սփիւռք ամառնային դպրոցը: Աշխարհի տարբեր անկիւններէ Հայաստանի մէջ աւելի յաճախակի կերպով պիտի հաւաքուին լաւագոյն մասնագէտները, եւ պիտի կազմակերպուին համաժողովներ: Թէեւ շատեր կը ծաղրեն, սակայն Հրանուշ Յակոբեան նախարարութեան ամէնէն լուրջ ծրագիրներէն մէկը կը նկատէ «Արի տուն»-ը: Ըստ անոր, անիկա հայապահպանութեան եւ հայրենադարձութեան մեծագոյն ծրագիրն է: Այս տարի աւելի մեծ թիւով սփիւռքահայեր «տուն պիտի կանչուին»:

Նորութիւն է այն, որ 2013-ին սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի սկսի «Հայերն առանց ծխախոտի» նոր ծրագիրի մը:

«Հովեր» Պետական Սենեկային Երգչախումբին
Երգահանդէսին Բացումը Պիտի Կատարուի
Յունուար
29-ին

Յունուար 29-ին Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ պիտի կայանայ «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբին 2013-2014 թուականի համերգաշրջանին բացման հանդիսութիւնը, որ նուիրուած է ժամանակակից խմբերգային երաժշտութեան: Հայ ունկնդիրը պիտի ծանօթանայ լիթվիացի, շուէտացի, հունգարացի, գերմանացի անուանի հեղինակներու խմբերգային ոճին:

Երգահանդէսի ընթացքին պիտի հնչեն հայ եւ արեւմտաեւրոպական ժամանակակից երաժիշտներու խմբերգներուն հայաստանեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Նշենք, որ երգահանդէսին պիտի հնչեն երիտասարդ երաժիշտ Յովհաննէս Մանուկեանի` «Ես` Յիսուսը,  լոյսն եմ աշխարհի», Արթուր Աւանեսովի` «Քեզմէ հեռու իմ սիրտը…» խմբերգները,

ծրագրին մէջ ներառուած են նաեւ` Ք. Փենտերեցքի «Քերովբէի երգ», Ա. Փիարտի «Աշխարհին խաղաղութիւն տուր, Տէր», Տ. Լիկեթիի «Գիշեր», Մ. Փրայեթորիուսի «Վարդի զգացմունք» եւ այլ նշանաւոր ստեղծագործութիւններ:

Գիրքի Համաշխարհային Մայրաքաղաք Երեւանի Մէջ
Պիտի
Կայացուի Բանաստեղծութեան
Միջազգային
Փառատօն

Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք Երեւանի մէջ ապրիլին պիտի կայացուի բանաստեղծութեան միջազգային փառատօն: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան: Ըստ անոր, մշակութային դարաւոր աւանդոյթներ ունեցող երկիր ըլլալուն համար` Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ է իրագործել այսպիսի փառատօներ, եւ ներկայիս կը տարուին նախապատրաստական կազմակերպչական աշխատանքներ: Ըստ Լեւոն Անանեանի, փառատօնին կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ հիւրընկալել 40 նշանաւոր գրողներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ` Ռուսիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, արաբական երկրներէն:

«Բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնի իրականացումը կարելիութիւն կ’ընձեռէ տարբեր ազգութեան հեղինակներուն ծանօթանալու Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաքին», նշած է Լ. Անանեան: Փառատօնի աւարտին պիտի տպագրուի հաւաքածոյ մը:

Անցեալ տարի` 2012 թուականի հոկտեմբեր 16-19-ին, Արցախի մէջ առաջին անգամ իրականացուեցաւ բանաստեղծութեան միջազգային փառատօն, որուն մասնակցեցան` Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Գերմանիայէն, Լիբանանէն, Սերպիայէն, Պուլկարիայէն, Ռումանիայէն եւ Վրաստանէն: Ձեռնարկը իր ձեւաչափով առաջինն էր տարածաշրջանին մէջ: Բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնը ունէր ժամանակակից քնարերգութեան զարգացման միտումներ եւ կը կրէր «Գրողը` խաղաղութեան մունետիկ» կարգախօսը:

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հալէպ` Երէկ, Ինչպէս Որ Էր

Յաջորդը

Հայկական Ամանորը ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 18, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 4, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.