Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Մէջ Ազատ Արձակուեցան Աւելի Քան 190 Քաղաքական Բանտարկեալներ

January 15, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միրզախանեան սրբազանը` Գէորգեանի եւ Շեկոյեանի միջեւ
(Լուսանկարը` Վիրահայոց թեմի մամլո դիվանի)

Վրաստանի մէջ աւելի քան 190 քաղաքական բանտարկեալներ ազատ արձակուեցան: Ընդհանուր ներումի օրէնքը նախ որդեգրուած էր վրացական խորհրդարանին կողմէ, ապա ուժի մէջ մտած էր ոչ թէ նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի, այլ խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Ուսուփաշվիլիի կողմէ ստորագրուելէ ետք:

Ասիկա Վրաստանի պատմութեան մէջ առաջին օրէնքն է, որուն վրայ վեթօ դրած էր նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին, իսկ խորհրդարանը յաջողած էր նախագահական վեթոն յաղթահարել:

Ներում շնորհուած է մասնաւորաբար այն անձերուն, որոնք ձերբակալուած էին հակակառավարական ցոյցերու ժամանակ կամ կը մեղադրուէին կառավարութիւնը տապալելու եւ Ռուսիոյ օգտին լրտեսութիւն կատարելու համար:

Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին բանտերէն ազատ արձակուին շուրջ երեք հազար բանտարկեալներ:

Ազատ Արձակուեցան Նաեւ
Արմէն
Գէորգեան Եւ Ռուբէն Շեկոյեան

Նախորդ ամիս Վրաստանի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած ընդհանուր ներման մասին օրէնքին համաձայն, 190 բանտարկեալներ, որոնց շարքին նաեւ Արմէն Գէորգեան եւ Ռուբէն Շեկոյեան ազատ արձակուեցան: Այս մասին կը հաղորդէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանը` նշելով, որ Աճարիոյ հայ համայնքի երկու գործիչները «կեղծ մեղադրանքներով» ձերբակալուած էին հոկտեմբեր 2010-ին  եւ «առանց հիմնաւոր ապացոյցներու» դատապարտուած էին 11 տարուան բանտարկութեան:

Հարազատներու եւ ընկերներու ուղեկցութեամբ, որոնք  կանուխ առաւօտէն կը գտնուէին Թիֆլիսի Գլտանի թիւ 8 բանտի բակին մէջ, նախկին բանտարկեալները ուղեւորուեցան Հաւլաբարի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցին, ուր անոնց դիմաւորեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան` հոգեւոր դասին հետ միասին:

Թեմակալ առաջնորդը եկեղեցւոյ մէջ աղօթեց եւ օրհնեց Արմէն Գէորգեանը եւ Ռուբէն Շեկոյեանը, բարձր գնահատելով նոր իշխանութիւններուն արդար եւ մարդասիրական դրսեւորումները:

Արմէն Գէորգեան իր եւ միւս քաղաքական բանտարկեալներուն անունով երախտագիտութիւն յայտնեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդին եւ հոգեւոր դասին, որոնք երկու տարի երկու ամիս շարունակ մշտապէս այցելեցին անոնց բանտին մէջ գտնուած ժամանակաշրջանին ընթացքին, քաջալերեցին եւ յուսադրեցին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն  յայտնեց Վրաստանի նոր իշխանութիւններուն, խորհրդարանին եւ հայ ու վրացի մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայած զանոնք ազատելու հարցին մէջ:

Գէորգեան երկար տարիներ եղած է Աճարիոյ հայ համայնքի ղեկավարը եւ 90-ական թուականներուն կազմակերպած է Պաթումի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները, որոնք իրենց աւարտին հասան 1996 թուականին:

Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանը վստահեցուց, որ մօտ ժամանակներուն կ՛ակնկալուի նաեւ հայազգի գործիչ, քաղաքական բանտարկեալ Վահագն Չախալեանի ազատ արձակումը:

Նախորդը

Արեւելեան Մալիի Մէջ Ֆրանսական Ռմբաձիգներ Կը Հարուածեն Կաոն

Յաջորդը

Ըստ Էրտողանի Խորհրդականին Հակառակ Փարիզի Դէպքին, Օճալանի Հետ Հոլովոյթը Իր Դրական Աւարտին Հասցնելու Կամքը Աճած Է

RelatedPosts

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան  Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ  Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու  Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»

November 28, 2026
Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը  Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ  Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»
Միջազգային

Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։