
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ընկերակցութեան ընդհանուր գործադիր տնօրէն Տանիել Եոհաննեսը, որ Հայաստան ժամանեց «Հազարամեակի մարտահրաւէր» հիմնադրամին կողմէ երկրին մէջ իրականացուած հինգ տարուան ծրագիրին արդիւնքներուն ծանօթանալու նպատակով:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադրամին` Հայաստանին ցուցաբերած օժանդակութեան եւ իրականացուցած արդիւնաւէտ ծրագիրներուն համար` ընդգծելով, որ անոնք Հայաստանի մէջ իրականացուած ամէնէն յաջող ծրագիրներէն կը նկատուին:
«Շատ կարեւոր է, որ ծրագիրները ուղղուած են ենթակառոյցներու զարգացման: Մենք նաեւ ջանքեր կը գործադրենք, որպէսզի այդ ծրագիրները, զորս չհասցուցինք իրականացնել հիմնադրամին աջակցութեամբ, իրագործենք այլ միջոցներով, որպէսզի ծրագիրները շարունակական ըլլան», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:
Տանիել Եոհաննես իր կարգին նշեց, որ այս ներդրումները յանգեցուցին դրական փոփոխութիւններու, որոնք զգալի են նաեւ ժողովուրդին համար: «Խօսեցայ հողագործներէն շատերուն հետ, որոնք ինծի պատմեցին, որ կարելիութիւն ունեցան կրկնապատկելու, եռապատկելու, նոյնիսկ քառապատկելու իրենց բերքը եւ եկամուտները այս ծրագիրներուն շնորհիւ», ընդգծեց Տանիել Եոհաննես:
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս ընդունեց Տանիել Եոհաննեսը:
Էդուարդ Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ընկերակցութեան Հայաստանի մէջ վերջին հինգ տարիներուն իրականացուցած օժանդակութեան ծրագիրներուն համար` նշելով, որ անոնք արդիւնաւէտ եղած են եւ նպաստած են գիւղական շրջաններու զարգացման:
Տանիել Եոհաննես նշեց, որ ինք անձամբ Հայաստան ժամանած է տեսնելու համար ընկերակցութեան օժանդակութեամբ իրականացուած ծրագիրները եւ գոհ է անոնց արդիւնքներէն: Ան նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց ծրագիրի իրականացման ընթացքին Հայաստանի կառավարութեան հետ համագործակցութեան համար:
Էդուարդ Նալբանդեան գնահատեց վերջին տարիներուն հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած ուժականութիւնը` ընդգծելով, որ ատիկա համագործակցութեան ընդլայնման նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ:


