Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵՐ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՊՐԵՑԱՆ ԵՒ ՄԵՐ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՆ

May 6, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 մայիս 1916-ին Պուրճի հրապարակին վրայ օսմանեան կառավարիչ Ճեմալ փաշայի հրամանով կախաղան բարձրացան Լիբանանի տարբեր յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ` հայր Ժոզեֆ Հայեք, շէյխ Ահմետ Թապպարա, Ժոզեֆ Աքըլ, Ապտել Ուահապ Ինկլիզի, Ապտուլ Քարիմ Խալիլ, Ժոզեֆ Պշարա Հանի, Մոհամետ եւ Մահմուտ Մահմասանիներ, Ֆիլիփ եւ Ֆարիտ Խազեն: Լիբանանի նահատակներէն Ապտուլ Քարիմ Խալիլ, նախքան իր ոտքերուն տակ գտնուող աթոռը տապալելը, յայտարարեց. «Ո՛վ դրախտավայր երկիրս, մեր եղբայրական սիրոյ զգացումները փոխանցէ իւրաքանչիւր լիբանանցիի, իւրաքանչիւր սուրիացիի եւ իւրաքանչիւր արաբի: Անոնց պատմէ մեր ողբերգական մահուան մասին եւ անոնց ըսէ. «Ձեր ազատութեան համար ապրեցանք եւ ձեր անկախութեան համար կը մեռնինք»:

Անոնք իրենց ամէնէն թանկագինը` իրենց կեանքը զոհեցին Լիբանանի ազատութեան եւ անկախութեան համար, սակայն այսօր, հակառակ անոր որ այդ կարգախօսերը բոլոր կողմերը իմաստազուրկ կերպով, ուստի եւ ձանձրացնելու աստիճան կը կրկնաբանեն, Լիբանանի նահատակաց յիշատակը չի նշուիր, անիկա պետական տօներու կարգին չէ դասուած  եւ մինչեւ իսկ այդ յիշատակը յաւերժացնելու կոչուած հրապարակին անունը փոխուած է: Այս տօնը այլափոխուելով` վերածուած է, այլապէս յարգանքի արժանի, մամլոյ նահատակաց տօնի:

Լիբանանի նահատակաց տօնին պարզած այս ողբերգական ճակատագրին պատճառն այն է, որ լիբանանեան իւրաքանչիւր հատուած ունի իր սեփական կամ սեփականացուած նահատակները, որոնք, ըստ երեւոյթի, այժմէական կը նկատուին, իսկ Լիբանանի նահատակները, ուստի նաեւ անոնց ազգային միասնականութեան պատգամը` ժամանակավրէպ: Լիբանանի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այս հատուածականութեան եւ պառակտումի ախտը դարաւոր եւ յամառ երեւոյթ մըն է: Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ լիբանանցիներու ազատութեան համար ապրած եւ անոնց ազատութեան համար նահատակուած անձերու յիշատակն ու պատգամը «ժամանակավրէպ» երեւոյթի մը կը վերածուին, մանաւանդ որ այս բոլորի կողքին անոնց յիշատակին նշումը կրնայ դժգոհութիւն պատճառել Ճեմալ փաշայի ժառանգորդ նորօսմանական Թուրքիոյ:

6 մայիս 1916-ին տարբեր յարանուանութիւններէ եղող նահատակները իրենց մահով միացուցին լիբանանցի ժողովուրդը, ուստի անոնց յիշատակի պատշաճ ձեւով նշումը կարողութիւնը ունի խթանելու այդ բաղձալի ազգային միասնականութիւնը, որուն մասին յաճախ կ՛արտայայտուին մեր երկրին ղեկավարները: Նահատակաց տօնի նշումը միասնականութիւն բուրող անոնց շունչով կը դաստիարակէ նոր սերունդը եւ միասնականութեան անոնց պատգամը կը յիշեցնէ քաղաքական գործիչներուն: Նահատակաց տօնին նշումը լիբանանեան ինքնութեան կոփման կարեւոր ազդակ մըն է, սակայն այսօր այդ տօնը դադրած է նշուելէ, որովհետեւ այդ ինքնութեան կերտման ջանքերը չքացած են, իսկ այդ ուղղութեամբ պայքարելու կամքը 1975-ին արձակուած փամփուշտներուն առաջին զոհը եղած է:

Այսօր, լիբանանեան ինքնութեան սահմանումին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կացութեան եւ բարոյահոգեբանական մթնոլորտի բարելաւման համար աւելի քան կենսական եւ հրամայական է Լիբանանի նահատակաց ազգային արժէք ներկայացնող տօնին վերականգնումն ու արժեւորումը: Մեր ազատութեան համար ապրեցան եւ մեր անկախութեան համար նահատակուեցան, սակայն անոնց յիշատակը մէկ օրով իսկ յարգելը անարժան կը նկատենք: Ամօ՛թ մեզի: Յանուն Լիբանանի ազատութեան եւ յանուն անոր անկախութեան` վերականգնենք այս տօնը եւ քաւենք մեր մեղքը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Նախորդը

ՄԱՅԻՍԻ ԱՐԱԲ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ` ԴԱՀԻՃ ՃԵՄԱԼ ՓԱՇԱՅԻ ԺԱՌԱՆԳ

Յաջորդը

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ` 6 ՄԱՅԻՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԻ Ի՜ՆՉ ՀԵԳՆԱՆՔ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

«Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք»…

November 26, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Գոհաբանութեան Տօնը (Thanksgiving)

November 26, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։