Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՁԱԿՈ՞ՒՐԴ, ԹԷ՞ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՕՐ

May 6, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրբերը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, իսկ նահատակները ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կենսունակութիւն են: Տիպարներ, որոնք պատգամ ունին փոխանցելիք: Անոնք կը նմանին կենսանիւթերու, որոնք յաւելեալ ուժ, կորով կամ կազդուրում կու տան այդ մարզի պատմութեան ժառանգորդին:

Նահատակութիւնը անձէ ու ընտանիքէ դուրս իտէալի մը կեանքի նուիրումն է: Հետեւաբար նահատակութիւնը կու գայ զոհերը դարձնելու երկրին ու ամբողջ ժողովուրդին զաւակը: Բայց ի՜նչ ցաւալի երեւոյթ է, երբ ժողովուրդն ու երկիրը անտարբերութեամբ կը մօտենան իրենց նահատակներուն: Այդ անձերը, որոնք իրենց կեանքէն, ընտանիքէն ու զաւակներէն հեռացան ի սէր իրենց ազգին ու երկրին. կը յիշատակուին հպանցիկ կերպով, իսկ մերթ` երբեք:

Խուժան թուրքը այնքան գազան է, որ նոյնիսկ իր դանակը հասցուցած է լիբանանեան հողերը: Անոնք մայիս 6-ին հրապարակի վրայ բացայայտօրէն կախաղան հանեցին լիբանանցի ազգայնականներ: Եւ այսօր նոյն ազգի զաւակները ոչ թէ միայն իրարու մտերիմ բարեկամներ են, այլեւ մայիս 6-ը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի լիբանանցիին համար: Փաստը` անցեալ տարուան դէպքերը Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ: Ա՞յս է ճակատագիրը նահատակներուն:

Այսօրուան լիբանանցին իր համայնքային դրութեան մէջ պէտք ունի մայիս 6-ին: Կարիքը ունի նահատակներու` ոչ թէ արձակուրդ առնելու համար, այլ` ցուցմունք ստանալու, թէ թշնամին իր երկրին մէջ ապրող տարբեր համայնքի լիբանանցին չէ: Լաւապէս գիտնալու, թէ երկիրը կը պատկանի լիբանանցիին եւ ոչ` օտարին: Գիտակցելու, թէ ազգային արժէքները վեր կը մնան անձնական կամ քաղաքական շահերէն, եւ ատոնք ծախու չեն դրուիր` յիշատակը անպատուելով:

Արդեօ՞ք պտոյտներ պիտի կազմակերպուին այս արձակուրդին առթիւ…

ԱՅՐՈՒՁԻ

Նախորդը

«ՄԱԿԱԶԻՆ» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԻ 8 ՄԱՅԻՍ 1975-Ի ԹԻՒՈՎ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՍՊԱՆԴՆԵՐՈՒՆ

Յաջորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՇԻՐԱԿ – ՄԻՔԱ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐԸ` ՍՊԱՆԱՑԻ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

«Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք»…

November 26, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Գոհաբանութեան Տօնը (Thanksgiving)

November 26, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։