Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապը Ցնցուած Է Ու Սգաւոր. Յովակին Կիթառին Լարերը Դեռ Թաց Են…

January 5, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ

Կիրակի, 23 դեկտեմբեր. առաւօտ.  բօթ. հաղորդակցութեան միջոցներէ զրկուած Քեսապի եւ շրջակայքի եկեղեցիներուն զանգերն են  զայն սփռող-տարածողը. «Յո՜, վա՜ա՜, կը…»: Ի՞նչ…, Յովա՞կը: Քունէն նոր արթնցող քեսապցին կը ցնցուի,  յետոյ պատահածը լաւ չհասկնալով` կը հարցնէ.  «Ինչո՞ւ…»: Պատերա՞զմ է: Բայց` ո՛վ որո՞ւ դէմ:  «Ինչո՞ւ»-ն չունի պատասխան, կը կախուի օդէն, կը ճօճուի ու կը խեղդուի կոկորդներու մէջ:  Ո՛չ ոք կրնայ  այդ հարցումին ճշգրիտ պատասխանը գտնել: Եթէ գտաւ ալ, պիտի կասկածի իր իսկ գտածին: Անոր առաջին չհաւատացողը ի՛նք պիտի ըլլայ: Յետոյ, ո՞վ պիտի հաւատայ գտնուած պատասխանին: Պատասխանի փոխարէն` հարցականները կ՛երկարին, կ՛երկարին ու չեն հատնիր: Ու կ՛որոտայ  երկինքը, ընդվզումը կը մրրկի, աչքերը ակ կը դառնան, կը թրջուի հողը:  Լուռ, զուսպ, համատարած թախիծը կը ծաւալի գիւղէ գիւղ, կը շրջի տունէ տուն  ու կը  ծանրանայ  կապարի պէս. «Յովակ»:

Յովակը պիտի վերադառնար, որովհետեւ ուրիշ  ոչ մէկ տեղ կրնար հանգրուան գտնել: Ան վերադարձած է` իր «հոգւոյն ծննդավայր»-ին մէջ  լուռ ու խաղաղ, անվերջանալի յիշատակներու պարոյրներով  խնկաբոյր ոգեղինացած: Ինք բոլորինն է. ամէնքը իրեն հետն են: Հեծեծանքները կը հրմշտկեն զիրար: Չե՛ն յորդիր, չե՛ն դադրիր. կը մրմռան մրմուռ-մրմուռ: Երկար բացակայութենէ ետք  հարազատի վերադարձին հետ մղկտալի հանդիպումը շուտով  կը հաւաքէ փէշերը, կը կծկուի պատկառանքով, խորանի մանուկ Միածինի եւ Տիրամօր նայուածքներուն տակ:

Թափօրը կ՛երկարի, կ՛երկարի ու չի հատնիր: Այս ճամբան սովոր է կրելու հեռացողները ճամբու դնող թափօր: Բայց այսօր տարբեր է: Ասֆալթապատուած հողը կը տնքայ: Զանգերը կը շարունակեն հեծկլտալ կտրատուած հնչիւններով: Դէմքերը մռայլ են ու ահարկու` պրկուած պոռթկումի լուռ ալիքներով ակօսուած. ոտնաձայները խուլ կը տոփեն հողին խռովքը, որ կ՛արձագանգէ. «Մենք հոս ենք եւ հոս կը մնանք»:

Թափօրը կը շարունակէ ընթացքը կշռոյթով: Խաչերը կանաչ են, պսակները ծաղկազարդ, խօսքը` համր: Շարականը իր ճամբան կը շարունակէ  ոլորանով:

«Յովա՜կ…» եւ ամէն մէկը միջակէտին առեղծուածը կը փորձէ իր մտքին ուժով լուծել: Միտքը  տեղի կու տայ իրականութեան դաժանութեան  առջեւ. աչքերը կը պղտորին. շրթունքները կը կծկուին. արցունքները կը  չորնան այտոսկրներուն վրայ: Թափօրէն բարձր  կը թեւածէ Յովակին խնդուն հոգին` իր ընկերներուն ձեռքերուն վրայ: Քսաներեք տարեկան տղու  ետեւէն այսքան մարդ  կ՛երթա՞յ…: Կ՛երթա՛յ: Ո՛վ լսէ` թո՛ղ հաւատայ: Քեսապը ամբողջ, մեծով-պզտիկով,  այսօր դարձեր է  թափօր ու կը մտմտայ:

Հոս կան միայն  ափ  մը հայեր, որ  եթէ բռունցք կազմեն… պատ կը շարեն, բահ կը բռնեն, եթէ փորեն,  լա՛ւ իմացէք, բան չե՛ն թաղեր, ծա՜ռ կը տնկեն: Ահա այդպէս, քայլերը կ՛ընթանան մտքի հակառակ ուղղութեամբ:

«Յովա՜կ»…

Հովը  կ՛եղերգէ ու կը հաւաքէ խուլ հառաչանքի ու հեծեծանքի  ցիրուցան բեկորները: Ակերը կը յորդին ակունքներէն:

Յովակը  կը վերադառնայ ամէն մէկու հետ, կ՛ընկերակցի անոնց հովերգուի պէս. խնդուն, կիթառը ձեռքին` կը մտնէ իւրաքանչիւրի տուն` Նոր տարի դառնալու համար…

Յովակին կիթառին լարերը դեռ թա՜ց են, շա՜տ թաց…

23 դեկտեմբեր,  2012       

 

Յովակ Պետրոս Քորթմոսեան

(2 Ապրիլ 1989 – Սեպտեմբեր 2012)

Յովակ Պետրոս Քորթմոսեան` ծնեալ Քեսապ, 2 ապրիլ 1989-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանին (ներկայիս` Ճեմարան) մէջ: Միջնակարգ ուսումը ստացած է Քեսապի կառավարական «Վարուժան Քիլաղպեան» վարժարանին մէջ. ապա երեք տարի յաճախած է Լաթաքիոյ «Ահմատ Շաֆիք Թուման» երկրորդական վարժարանը: Երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք շարունակած է իր բարձրագոյն ուսումը Լաթաքիոյ «Թըշրին» համալսարանին մէջ` հետեւելով հաշուապահութեան: 2010 ապրիլին Սուրիական ազգային բանակի ծառայութեան կոչուած է: Երկու տարիներ հերթաբար ծառայած է Դամասկոսի, Համայի արուարձաններէն եւ Հալէպի արուարձաններէն մէկուն մէջ ու ապա` Հալէպ քաղաքին մէջ: Սեպտեմբեր 2012-ին իր ծառայած զօրանոցին վրայ կատարուած յարձակումի ընթացքին անհետ կորած էր, եւ ոչ մէկ տեղեկութիւն կար իր մասին: Երեք ամիսներու սպասումէ ետք իր մահուան գոյժը ցնցեց նահատակին ընտանիքն ու համայն քեսապահայութիւնը:

Անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի, ՍԵՄ-ի, Պատանեաց ու Ջանիցի եւ «Սայաթ Նովա» նուագախումբին: Եղած է եկեղեցասէր ու ազգասէր: Ինչ գործի որ կանչուած է, կատարած է զայն ամբողջական նուիրումով եւ մեծ սիրով: Երբեք չէ դժգոհած որեւէ բանէ ու միշտ ամէն ինչ տարած է պարզութեամբ:

Իր մահուան գոյժով ոչ միայն իր ընտանիքը ցնցուեցաւ ու ցաւ ապրեցաւ, այլեւ` ամբողջ քեսապահայութիւնը իր մեծով ու պզտիկով, որովհետեւ Յովակը միշտ եղած էր բոլորին սիրելին ու բարեկամը:

Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ միշտ, սիրելի՛ Յովակ, որովհետեւ քեզի նման երիտասարդները չեն մեռնիր, այլ յաւէտ կ՛ապրին: Բի՜ւր յարգանք քեզի, սիրելիդ մեր Յովակ, դուն միշտ մեր սիրտերուն մէջ պիտի մնաս:

Յիշատակդ օրհնեալ ըլլայ:

Նախորդը

Միշտ Պիտի Յիշենք Քեզ

Յաջորդը

Հրայր Մկոյեան Պիտի Տեղափոխուի Լվով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.