Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշտ Պիտի Յիշենք Քեզ

January 5, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր  շատ սիրելի ընկեր Յովակ,

Զինուորական ծառայութեանդ շրջանը աւարտած էիր մէկ տարիէ ի վեր: Սակայն արձակումդ կ՛ուշանար  երկրին տագնապին  պատճառով: Եւ դուն կը շարունակէիր բանակին մէջ  առաջին սպայի քու ծառայութիւնդ, ոչ թէ վասն պատերազմի, այլ` յանուն խաղաղութեան, երբ միացար Սուրիոյ ազգային բանակի նահատակներու փաղանգին, հա՛յ նահատակ:

Արեւ կեանքդ խաւարեցաւ: Սակայն մի՞թէ  անհրաժեշտ էր այս արիւնոտ վկայութիւնդ`  փաստելու համար, որ Քեսապը անբաժան մասն է Սուրիոյ, որ քեսապցին իր Քեսապին ընդմէջէն  կը սիրէ Սուրիան:

Քեսապը շատ փորձութիւններէ անցած է: Տեսած է 1909-ի աղէտ, տեսած է Մեծ եղեռն:  Հաւատացած ենք, որ ան պիտի  կարենայ  յաղթահարել  այս  դժուարին հանգրուանն ալ:

Թուրքը  այսօր ալ Քեսապի դրանն է, Քեսապի քթին տակն է: Եւ ան նոյն ոճրագործն է, անպատիժ մնացած, էութեամբ օսմանցի, որ հին օրերու  մոլեգնութեամբ կ՛աւարէ, կ՛աւերէ, կը քանդէ գեղեցիկ Սուրիան:

Չորս ամիսներ առաջ քեզմէ լուրերը դադրեցան: Բայց մենք կը սպասէինք քեզ, բնաւ բացակայ չդրինք քեզի: Մենք  կը  շարունակէինք հաւատալ  քու վերադարձիդ: Վերադարձար, բայց, ինչպէ՜ս,  ոչ թէ վահանով, այլ` վահանի վրայ: Շա՜տ ափսոս: Մեզի համար շատ ծանր է   այս դաժան հարուածը:

Ամբողջ Քեսապը կու լայ քեզի համար:  Աստուած ի՛նք շաբաթէ մը ի վեր կու լար քեզի համար, տեղատարափ անձրեւի տեսքով:  Քեսապը  այսօր կու լայ լուռ  ու իր սրտէն վիրաւոր:  Քեզի ներելի չէ ասիկա, սիրելի՛ Յովակ: Գիտե՞ս` ինչո՛ւ: Չէ՞ որ ամէնէն աւելի դուն էիր, որ ակումբը խինդ ու ծիծաղով կը լեցնէիր,  շուրջդ ուրախութիւն կը սփռէիր: Դո՛ւն,  որ այնքա՜ն քնքուշ ու նրբանկատ  տղայ էիր,  այնքա՜ն  ժպտուն, այնքա՜ն կենսախինդ, ուրախութեան, երգ ու մեղեդիի  սիրահար, ինչպէ՞ս դուն քեզի արտօնեցիր այսքան վիշտ պատճառել  ընտանիքիդ, հարազատներուդ,  ընկերներուդ, ամբողջ Քեսապին:

Կիթառդ որբ է, Յովա՛կ: Քու առիթով է, որ  ցմրուր ըմբռնեցինք այն երգը, որ կ՛երգէինք`  «Ա՜խ,  ծանր է, շա՛տ ծանր է, ընկեր կորսնցնելը»: Ի՜նչ լաւ է, որ դուն այդ մէկը  չտեսար:

Քու կորուստիդ մեծ խորհուրդին առջեւ գլխահակ, մեր ցաւին մէջ` քարացած, մեր ընդվզումին  մէջ` իրաւացի, մեր  բռունցքները  ամուր սեղմած, արար աշխարհին կոչ կ՛ուղղենք. այլեւս բա՛ւ է, վե՛րջ տուէք մեր երկրին  մարդկային ամէնօրեայ ծով տառապանքին, թափուող արեան, կանաչ կեանքեր խլող  խօլ ու անիմաստ այս անհեթեթ պատերազմին: Մե՛ղք են  մայրերը:

Մոռցա՞ր, Յովակ,  որ  ընկերներով տակաւին երկար ճամբայ պիտի անցնէինք հայրենակերտումի ճամբայ: Ո՞ւր կ՛երթաս այսպէս` մեզ առանձին թողած: Ո՞ւր կը ձգես սէրերդ ու երազներդ: Մեզ զինելու քու այս դառն կատակդ, որ ափսոս` անդառնալի իրականութիւն է, դժուար պիտի կարենանք տանիլ: Բայց կը վստահեցնենք քեզ, որ ասկէ ետք, ամէն անգամ որ տկարանաք մեր հաւատքին մէջ, տատանինք ու ընկրկինք մեր խոստումին մէջ, կամ պարտուողական տրամադրութիւն  մեզ պաշարէ,  քու յիշատակովդ պիտի վերազինուինք:

Բայց  ատկէ առաջ, եւ դուն գիտէիր արդէն,  որ  կը սպասէինք քեզ, որպէսզի միասին  սրբազան ուխտ կատարենք, թէ պիտի շարունակենք այն ճամբան, որ մեզ հասցնելու է Մուշ ու Սասուն, Վան ու Արտահան: Ահա քեզի հետ միասին, բոլորին առջեւ կը յայտարարենք մեր  այդ ուխտը, եւ այդպէս, եւ միայն այդպիսով,  քեզ ճամբու կը դնենք դէպի յաւերժութիւն: Երթաս բարո՛վ, մեր անգի՜ն ընկեր:

Քու ընկեր-ընկերուհիներդ

23 դեկտեմբեր, 2012

Նախորդը

Գաղափարական Հաւատք Ամրապնդող Իտէալը Եւ Կենդանի Օրինակին Առաջնորդող Ուժը

Յաջորդը

Քեսապը Ցնցուած Է Ու Սգաւոր. Յովակին Կիթառին Լարերը Դեռ Թաց Են…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.