Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Մէջ Լոյս Տեսաւ Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան 2013-ի Պատի Օրացոյցը

January 4, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հալէպի պատերազմական վիճակը պարտադրեց, որ հայ գաղութին համայնքային, կրթական, մշակութային եւ հրատարակչական այնքան բեղուն եւ աշխուժ կեանքը յանկարծ եւ  ամբողջովին կասի: Հիմա գաղութային բոլոր շրջանակներուն ուժերը կեդրոնացած են միայն ու միայն մարդասիրական ու խնամատարական օժանդակութիւններու հայթայթումին վրայ: Ազգ. առաջնորդարան, ՀԲԸՄ, ՍՕԽ, հայրենակցական միութիւններ կամ այլ մարմիններ ճիգ չեն խնայեր` հանապազoրեայ հաց հասցնելու կարօտեալին, տուն առ տուն սննդամթերք բաշխելու հարիւրաւոր ընտանիքներու, նիւթական նպաստներով նեցուկ կանգնելու գործազրկումի ու թշուառութեան մատնուած անճար արիւնակիցներու:

Քաղաքին գրեթէ բոլոր ակումբները փակ են եւ ստեղծագործական կեանք չկայ ամենեւին: Հայկական միութիւններէն շատեր, նաեւ` դպրոցները, այս տարի իրենց ամէնամեայ օրացոյցն անգամ չկրցան պատրաստել կամ հրատարակել: Այրուող քաղաքի մը մէջ օրացոյցը հաւանաբար վերջի՜ն մտահոգութիւնն էր մարդոց…

Այնուհանդերձ, քանի մը միութիւններ կամ հաստատութիւններ չուզեցին տասնամեակներու բարի աւանդութիւնը խախտել եւ ուստի լծուեցան պատրաստելու իրենց տարեկան օրացոյցները:

Ասոնցմէ մէկն էր Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւնը, որ Կաղանդի նախօրէին հրատարակեց պատի իր գեղատիպ ու բազմաէջ օրացոյցը` իր հայրենակիցներէն Լեւոն Շառոյեանի խմբագրութեամբ:

Լ. Շառոյեան տասնմէկ տարիէ (2003-էն ասդին) առանձինն կը պատրաստէ Տարօնի պատի օրացոյցները` որդեգրելով յստակ ու նպատակային ուղեգիծ մը: Արդարեւ, ան իւրաքանչիւր տարի իր օրացոյցին նիւթ կը դարձնէ մշակոյթի կամ գրականութեան մարզերուն մէջ վաստակ շահած տարօնցի վեցեակ մը դէմքեր` իրենց կենսագրութիւններով եւ գործերով: Ցարդ ներկայացուած էին 60 դէմքեր` թէ՛ հին դարերէն, թէ՛ մեզի ժամանակակից: Տարօնի Հացեկաց գիւղի մեծանուն զաւակ Մեսրոպ Մաշտոցէն սկսեալ մինչեւ պատմահայր Խորենացի, Կոլոտ պատրիարքէն մինչեւ Շղթայակիր պատրիարք ու գրագէտներ Սիմոն Սիմոնեանէն կամ Օննիկ Սարգիսեանէն մինչեւ Խաչիկ Դաշտենց, Վաղարշակ Նորենց եւ Մուշեղ Գալշոյեան` տողանցեր էին օրացոյցներուն վրայ: Հրատարակուած այս նիւթերն ու նկարները, այսպիսով, տարուէ տարի կուտակուելով` մօտիկ ապագային վստահաբար կորիզը պիտի կազմեն հայրենակցական իւրայատուկ յուշամատեանի մը:

2013-ի օրացոյցը եւս մէկ օղակն է այս հեռագնաց աշխատանքին:

Այս տարուան օրացոյցը լուսարձակ կը բանայ ե՛ւս վեց դէմքերու վրայ, բոլորն ալ` ընդհանրապէս քիչ ծանօթ (կամ անծանօթ) անուններ, նոյնիսկ` մտաւորական շրջանակներու համար:

Տարօն աշխարհի զաւակ կամ շառաւիղ այս վեց դէմքերն են`

– Մանրանկարիչ եւ գրչագիր Յովհաննէս Խիզանցի (ԺԴ.-ԺԵ. դար)

– Մշոյ, Կապադովկիոյ եւ Երուսաղէմի հայկական վանքերէն ներս նշանակալից գործունէութիւն ծաւալած Աստուածատուր եպս. Մշեցի (ԺԶ. դար)

– Երուսաղէմի հայոց պատրիարքներէն Աստուածատուր Տարօնեցի (ԺԷ. դար)

– Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց տպարանի եւ Ժառանգաւորաց վարժարանի հիմնադիր Զաքարիա պատրիարք Կոփեցի (1780-1846)

– Ամերիկահայ բանաստեղծ Անուշ Գրիգորեան (1903-2004)

– Յուշագրող, պատմուածագիր եւ վաստակաւոր գրաշարապետ Վարդգէս Տօնապետեան (1924-2008)

Կենսագրութիւններէն անկախ` գունաւոր օրացոյցը կու տայ տակաւին վերոնշեալ դէմքերուն առնչուող շահեկան այլ տեղեկութիւններ ալ, լուսանկարներ, հեղինակային գիրքերու անուանաթերթեր եւ այլն:

Տարօնի այս օրացոյցը միայն Հալէպի մէջ չէ, որ կը ցրուուի, այլ մեծաքանակ կ՛ուղարկուի նաեւ Լոս Անճելըս ու Պէյրութ, ուր կը գործեն Տարօն-Տուրուբերանի հայր. միութեան (Լիբանանի պարագային` Սասնոյ հայր. միութիւն) մասնաճիւղեր:

Նշենք, որ Տարօն-Տուրուբերանի հայր. միութիւնը հիմնուած է 95 տարի առաջ, 1917-ին, Միացեալ Նահանգներու Իլինոյ նահանգի Կրանիթ Սիթի քաղաքին մէջ: Սկզբունքով ան իր հովանիին տակ կ՛առնէ սփիւռքի տարածքին ցրուուած այն բոլոր հայերը, որոնց արմատները կու գան Սասունէն, Մուշէն, Բաղէշէն, Խնուսէն, Մանազկերտէն, Ախլաթէն ու Սղերդէն:

Նախորդը

Մի Լուսանկարի Պատմութիւն

Յաջորդը

Քաղաքական Քրոնիկ. Սուրիան «Բարենորոգելու» Ծրագիրը Եւ Քաթարի «Խաւարի Ասպետները»…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.