Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մսուրը, Եզը, Էշը…

December 31, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, այս տօնական օրերուն մսուրին առջեւ ծնրադիր կամ դիմացը նստած` թէեւ դիտեցի օրհնաբաշխ Նորածինը, անոր գեղատեսիլ Մայրն ու Յովսէփ խնամակալը, բայց եւ այնպէս այս անգամ իմ ուշադրութիւնս գրաւեցին մսուրին անբան «հերոս»-ները` եզն ու էշը…

Մտաբերեցի բանաստեղծին համոզումը, որ այս ոչ ասուն էակները լեցուած էին երկիւղածութեամբ, կարծես, գիտնալով, թէ Որո՛ւն շուրջ մէկտեղուած էին:

«Անբան բնութեան» իբրեւ ներկայացուցիչները`  եզն ու էշը մսուրին մէջ կը գտնուին Ը.-Թ. դարաշրջանէն: Մատթէոսի անունով անվաւերական «աւետարան»-ին մէջ կը կարդանք, թէ իր ծննդաբերութենէն երեք օր ետք Մարիամ Կուսամայրը ախոռ մը մտաւ եւ մսուրին մէջ զետեղեց իր Նորածինը, որուն երկրպագեցին եզն ու էշը:

Նոյն անկանոնական գրութեան համաձայն, կովուն եւ աւանակին արարքով իրականացաւ այն, ինչ որ Եսայի մարգարէն նախատեսած էր, թէ` «եզը կը ճանչնայ իր սեփականատէրը եւ էշն ալ` իր տիրոջ մսուրը» (Ես. 1,2): Այսպէս, նոյնիսկ անասունները` եզն ու էշը կը պաշտեն իրենց Տէրը, մինչ անոնք զայն առած էին իրենց մէջտեղը:

Դարձեալ նոյն անկանոնական գրութեան համաձայն, եզին եւ էշին արարքով իրականացաւ այն,  ինչ որ Ամբակում մարգարէն նախերգած էր. «Ո՜վ Տէր, պիտի ճանչցուիս երկու անասուններուն միջեւ» (Ամբ. 3,2):

Հակառակ որ այս մարգարէական տեղիքները կապ չունէին Քրիստոսի ծնունդին հետ, անոր առնչուեցան, քանի արդէն Գ. դարէն քրիստոնէական դագաղներու քանդակներ կը պատկերէին Յիսուս Մանուկը մսուրին մէջ` շրջապատուած եզէն եւ էշէն:

Գեղարուեստական ու պատմական տուեալները միշտ ունեցած են եւ ունին իրենց կրօնաբարոյական առաջադրանքներն ու հոգեխօսական ուսուցումները, որոնց ելակէտը, գոնէ հոս ինչ կը հայի երկու վերոյիշեալ մարգարէներուն, առաջին` Աստուծոյ այս խարազանող գանգատն է. «Լսէ՛, ո՜վ երկինք, եւ ունկնդրէ՛, ո՜վ երկիր, որովհետեւ Տէրը խօսեցաւ: Զաւակներ ծնայ, զանոնք մեծցուցի, բայց զիս անարգեցին անոնք: Եզը ճանչցաւ իր տէրը, էշը` իր տիրոջ մսուրը, մինչ Իսրայէլ չճանչցաւ զիս եւ իմ ժողովուրդս չհասկցաւ զիս:

«Վա՜յ մեղաւոր ազգին. ժողովուրդ մը, որ լի է մեղքերով, անզգամներու սերունդ, անօրէնութեան զաւակներ. լքեցին Տէրը եւ բարկացուցին Իսրայէլի Սուրբը: Անոնք օտարացան եւ հեռացան ինձմէ» (Ես. 1,2-4):

Երկրորդ` մարդերը, որոնք ստեղծած էակներն են իրենց Արարիչին, «Սուրբը» պիտի պաշտեն երգով եւ աղօթքով, որպէսզի իմանան եւ ապրին, թէ` «Անոր փառքը ծածկեց երկինքը եւ անոր օրհնութեամբ լեցուեցաւ երկիրը» (Ամբ. 3,3):

Երրորդ` «Պիտի գայ Աստուած: Անոր ճառագայթները պիտի ըլլան լոյսին պէս»: Այն ատեն հաւատարիմներէն իւրաքանչիւրը պիտի ցնծայ եւ պիտի խոստովանի, թէ` «Տեսայ անոր յաւիտենական երթը» (Ամբ. 3,4 եւ 6):

Չորրորդ` Աստուծոյ կեցուածքէն ու նայուածքէն անհաւատարիմներու երկիրը պիտի շարժի, ազգերը պիտի հալին, լեռները պիտի խորտակուին, բլուրները պիտի կործանին, վրանները պիտի զարհուրին եւ տաղաւարները պիտի աւերին (հմմտ. Ամբ. 3,6-7):

Հինգերորդ` ամենակալ եւ ամէնուրեք է Աստուծոյ Բանը, Խօսքը, որ` «Անոր սաստիկ սիրոյն զօրութեան ապացոյցն» է, քանի ան` «Խօսքը պիտի քալէ անոր առջեւէն եւ դաշտերուն վրայ պիտի տարածուի այդ` անոր ետեւէն» (Ամբ. 3,4-5):

Վեցերորդ` Աստուծոյ խօսքին եւ սիրոյն հաւատացողը, որ աստուածունկնդիրն է, աստուածավախն է, նոյնիսկ միշտ գիտակցելով, թէ «Տէ՛ր, քու լուրդ առի եւ երկիւղն առաւ զիս: Տէր, քու գործերուդ նայեցայ եւ զարհուրեցայ», միշտ ստոյգ է իր աղօթքին լսումին. Տէր, «երբ տարիները մօտենալու ըլլան, այն ատեն պիտի յայտնուիս: Երբ ժամանակը հասնելու ըլլայ, պիտի երեւիս: Ողորմածութիւնդ յիշէ՛, երբ բարկութեան պատճառով ահուդողի մատնուիմ» (Ամբ. 3,2):

Այսպէս, ոչ միայն մսուրին մէջ «եզը կը ճանչնայ իր սեփականատէրը եւ էշն ալ` իր տիրոջ մսուրը», այլ նաեւ պիտի առթեն հանդիպումը «նորածին Արքային» հետ. «Պիտի գտնէք մանուկ մը` փաթթուած խանձարուրներով եւ դրուած մսուրին մէջ» (Ղկ. 2,12):

Ասկէ սկսաւ մսուրին յարգումը, որ Դ. դարուն տարածուած էր Արեւելքի մէջ եւ անկէ փոխադրուեցաւ Արեւմուտք` Հռոմի ճամբով, Լիպերիոս պապին (352-366) ժամանակ: Մսուրը իր ժողովրդականացումն ունեցաւ ԺԳ. դարուն առաջին քառորդին` եկեղեցիներուն մէջ եղած ներկայացումներէն անցնելով քրիստոնեաներուն տուները:

Այս անցումը տեղի ունեցաւ շնորհիւ իտալացի Ս. Փրանկիսկոս Ասիզացիին, որ 1223-ին Կրեշշիոյի մէջ բեմադրեց մսուրի նորաձեւ տօնախմբումը: Շինեց յարդեայ մսուրը, կանգնեց իրական եզն ու էշը` զանոնք ներկայացնելով իբրեւ իրական երկրպագուներն իրենց նորածին Ստեղծողին:

Այս թուականէն սկսեալ եւ ժամանակի ընթացքին իրական մսուրը, եզն ու էշը փոխակուեցան անդրիներով եւ արձանիկներով` թէ՛ եկեղեցիներուն ու թէ՛ տուներուն մէջ, սակայն անոնց պատգամը մնաց նոյնը. «Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ պիտի աւետեմ ձեզի մեծ ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ ամբողջ ժողովուրդին: Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեզի ծնաւ Փրկիչը, որ Օծեալն է, Տէրն է» (Ղկ. 2,10-11):

«Ձեզի նշան թող ըլլայ ասիկա», որպէսզի մեզի համար չկրկնուի Աստուծոյ գանգատը, թէ` «Եզը ճանչցաւ իր տէրը, էշը` իր տիրոջ մսուրը, մինչ Իսրայէլ չճանչցաւ զիս եւ իմ ժողովուրդս չհասկցաւ զիս»:

Այնճար, 25 դեկտեմբեր 2012     

Նախորդը

Նոր Տարին Մուսա Լերան Եողունոլուգ Գիւղում

Յաջորդը

Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. 1-2 Յունուար 2013-ին` 21-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Յայտագիրը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։