Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Դրական Կը Գնահատէ Իր Վերընտրուելու Կարելիութիւնները

December 25, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սերժ Սարգսեան

«Ես լաւ կարելիութիւն ունիմ հայ ժողովուրդի վստահութիւնը նուաճելու եւ նախագահի պաշտօնին վրայ երկրորդ ժամկէտին վերընտրուելու համար», «Ռոսիա-24» պատկերասփիւռի կայանին ըսաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Իբրեւ իր նախագահութեան տարիներու ձեռքբերումներ նախագահ Սարգսեան առանձնացուց հասարակական բաց մթնոլորտի ձեւաւորումը, երբ մարդիկ մրցակցային պայքարին մէջ ազատօրէն կը քննադատեն իշխանութիւնները եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ազատութեան ապահովումը:

Նշելով, որ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքով Հայաստանի տնտեսութիւնը 14 առ հարիւր անկում ապրած էր` Հայաստանի նախագահը յայտնեց հետեւեալը.  «Այս տարիներուն ընթացքին մենք  կրցանք վերականգնել տնտեսութիւնը` 2011 թուականին արձանագրելով համախառն ներքին արդիւնքի 4 առ հարիւր աճ: Այս տարի կ՛ակնկալենք 7 առ հարիւր` մօտ 3  առ հարիւր սղաճի պայմաններուն մէջ»:

Այսուհանդերձ, ան չհերքեց, որ ընկերային-տնտեսական մարզին մէջ բազմաթիւ խնդիրներ կան:

«Մենք կ՛ապրինք ու կը զարգանանք բացառիկ բարդ, շրջափակման պայմաններու մէջ: Մենք նոյնիսկ ուղղակի երկաթուղային կապ չունինք Ռուսիոյ, ԱՊՀ-ի երկիրներուն հետ: Ասիկա կը նշանակէ, որ մեր արտահանողները միւսներուն հետ հաւասար պայմաններու մէջ չեն աշխատիր: Բայց մենք ընտելացած ենք այդ պայմաններուն, եւ կը փորձենք զարգացնել տնտեսութեան այն մարզերը, որոնք մրցունակ են եւ որոնց չի խանգարեր փոխադրամիջոցներու բաղադրիչը», յայտնեց Հայաստանի նախագահը:

Նախագահ Սարգսեան Հայաստանի մէջ նախորդ տարուան քաղաքական կեանքի ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնը նկատեց խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք «տեղի ունեցան շատ լաւ, մրցակցային միջավայրի մէջ», «չանցան թոյլատրելի սահմանները, չեղան բռնութիւններ» եւ «արժանացան միջազգային հանրութեան դրական գնահատականին»:

Անդրադառնալով արտագաղթի խնդիրին` նախագահ Սերժ Սարգսեան նախ յայտնեց, որ այդ երեւոյթը բնորոշ է բոլոր զարգացող երկիրներուն, սակայն Հայաստանի մէջ անոր կը գումարուի ցած ծնելիութեան տոկոսը:  «Մենք ոչ մէկ պարագայի կը պատրաստուինք անյաղթահարելի խոչընդոտներ ստեղծել այն մարդոց համար, որոնք կ՛ուզեն իրենց կեանքը կառուցել այլ երկիրներու մէջ, որովհետեւ չի կրնար երկիրը բանտ դառնալ սեփական քաղաքացիներուն համար: Միակ ճամբան երկրին մէջ ստեղծելն է այն պայմանները, որոնք կը հրապուրեն մեր արտերկրի քաղաքացիները: Բայց անոր համար ժամանակ պէտք է, եւ ես համոզուած եմ, որ այդ մարդիկը պիտի վերադառնան Հայաստան»:

Պատասխանելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին վերաբերող հարցումին` նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ յոյս կապել հարցի ուժային լուծման տարբերակին հետ` աւելցնելով, որ հայկական կողմը բանակցութիւններու այլընտրանք չի տեսներ:

«Մենք Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ապահովութեան երաշխաւորն ենք, եւ եթէ նախաձեռնուած այդ արկածախնդրութիւնը մտնէ զինուորական գործողութիւններու փուլ, ապա Հայաստան իր բոլոր կարելիութիւններով պիտի պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը»,  աւելցուց նախագահ Սերժ Սարգսեան:

 

Նախորդը

«Բազմաթիւ Սուրիահայեր Ընտրութիւններէն Ետք Հայաստանի Մէջ Գործի Պիտի Սկսին» Յայտարարեց Հրանուշ Յակոբեան

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահը Պիտի Փոխուի

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.