Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փաթրիոթ»-ները Պիտի Տեղակայուին Մարաշի, Ատանայի Եւ Այնթապի Մէջ. Փոխան «Փաթրիոթ»-ներուն Թուրքիա ՕԹԱՆ-ի Մէջ Իսրայէլի Դէմ Վեթօ Պիտի Չօգտագործէ

December 25, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ 2013-ին պիտի մասնակցի Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն, հակառակ անոր որ «Մաւի Մարմարա»-ի հարցով Թուրքիոյ պահանջները չէ կատարած: Անգարա վերջին երկու տարուան ընթացքին այդ ռազմափորձերուն Իսրայէլի մասնակցութեան արգելք կը հանդիսանար:

Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի, իսրայէլեան բանակէն պաշտօնատարներ հաստատած են, որ Իսրայէլ 2013-ին ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն մասնակցելու հաւանութիւն ստացած է: Պաշտօնատարները նշեցին, որ ՕԹԱՆ հաւանաբար «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայման հարցը օգտագործած է Թուրքիան համոզելու ՕԹԱՆ-ի նախաձեռնութիւններուն Իսրայէլի մասնակցութեան վերաբերեալ իր կեցուածքը փոխելու:

Միւս կողմէ, ՕԹԱՆ յայտարարեց, որ «Փաթրիոթ»-ները յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին պիտի տեղակայուին Մարաշ, Այնթապ եւ Ատանա նահանգներուն մէջ:

«Գերմանիա իր համակարգերը պիտի տեղակայէ Մարաշի մէջ, Հոլանտան իր համակարգերը պիտի տեղակայէ Ատանայի մէջ, իսկ Միացեալ Նահանգներ իրենց համակարգերը պիտի տեղակայեն Այնթապի մէջ»,  յայտարարեց ՕԹԱՆ հաղորդագրութեան մը մէջ` աւելցնելով, որ յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին անոնց տեղակայումը «միայն պաշտպանողական պիտի ըլլայ: Անոնք թռիչքներու արգիլեալ գօտիի մը ստեղծման կամ որեւէ յարձակողական գործողութեան աջակից պիտի չըլլան: Անոնց նպատակը Թուրքիոյ որեւէ սպառնալիք կանխարգիլելն է, Թուրքիոյ բնակչութիւնն ու հողամասերը պաշտպանելը, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի հարաւարեւելեան սահմանին վրայ տագնապը մեղմացնելը»:

Մէկ օր առաջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ «մենք ՕԹԱՆ-ին մեր դիմումը ներկայացուցինք եւ անոնք մեզի տուին վեց համակարգեր, որոնք պիտի տեղակայուին Այնթապի, Մարաշի եւ Ատանայի մէջ»:

«Թուրքիոյ Մէջ «Փաթրիոթ»-ներու Տեղակայումը
Ոչ Թէ Սուրիոյ, Այլ Իրանի Դէմ Է»
Ըսաւ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ «Փաթրիոթ» հակաօդային համակարգեր Թուրքիոյ մէջ տեղակայած է ոչ միայն Սուրիայէն, այլ նաեւ Իրանէն եկող սպառնալիքներէն պաշտպանուելու համար:

«Ես կարդացած եմ եւ լսած այն, ինչ որ ըսած են փորձագէտները. եթէ անոնք նախատեսուած ըլլային Սուրիայէն պաշտպանուելու համար, ապա որոշ չափով այլ ձեւով պիտի տեղակայուէին: Անոնց տեղակայման վայրերը կը վկայեն այն մասին, որ անոնք պիտի օգտագործուին պաշտպանելու համար ամերիկեան ռատարը, որ նախատեսուած է Իրանի սպառնալիքներէն պաշտպանուելու համար», ըսած է Լաւրով:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ծերակուտական Մը Ձերբակալուած Է` Հարբած Վիճակի Մէջ Ինքնաշարժ Վարելուն Համար

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Իրանը Կ՛ամբաստանէ ՔԱԿ-ի Անդամներուն Ապաստան Տալու Եւ Աջակցելու Յանցանքով

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.