Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան վաղը` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ:
Նոյնիսկ եթէ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Եունայթըտ պարտութիւն մը կրէ իր հիւրէն` Նիւքասըլէն, պիտի մնայ իր դիրքին վրայ, որովհետեւ այժմ չորս կէտի առաւելութիւն մը ունի Մանչեսթըր Սիթիի վրայ:
Եունայթըտ այժմ ունի 43 կէտ, իսկ Սիթի` 39:
Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Չելսի, որ մրցում մը նուազ կատարած է եւ այժմ ունի 32 կէտ, հիւրը պիտի ըլլայ Նորուիչի:
Ստորեւ կու տանք 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն գրաւած դիրքերը).
ԺԱՄ
Էվըրթըն (5) – Ուիկըն (18) 17:00
Ֆուլհեմ (13) – Սաութհեմփթըն (17) 17:00
Մանչեսթըր Եունայթըտ (1) – Նիւքասըլ (14) 17:00
Նորուիչ (10) – Չելսի (3) 17:00
Քուինզ Փարք (19) – Ուեսթ Պրոմուիչ (7) 17:00
Ռիտինկ (20) – Սուանզի (11) 17:00
Սանտըրլենտ (15) – Մանչեսթըր Սիթի (2) 17:00
Ասթոն Վիլա (16) – Թոթենհամ (6) 19:30Սթոք (9) – Լիվըրփուլ (8) 21:45


