Նախորդ շաբաթավերջին Ղազախստանէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի ժիւտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Ասիոյ ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին մարզիկներ Ճօ Նասսար, Ժունիոր Սաատէ եւ Ուիսամ Հայեք:
Սաատէ յաջողեցաւ Լիբանանին ապահովել արծաթ մետալ մը, երբ աւարտականին պարտուեցաւ Նուրամետիով Երփոլէն (Ղազախստան):
Իսկ Նասըր տիրացաւ պրոնզ մետալին` երրորդ դիրքի մրցումին յաղթելէ ետք իրաքցի իր մրցակիցին:
Լիբանանի երրորդ ներկայացուցիչը` Հայեք, որեւէ մետալի չտիրացաւ:


