Նախորդ շաբաթավերջին Այն քաղաքին մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) սկսաւ աշխարհի քաղաքներու ճատրակի առաջին ախոյեանութիւնը:
ՖԻՏԷ-ն նախապէս ծրագրած էր այս մրցաշարքը կայացնել 32 քաղաքներու միջեւ` Մոնտիալի ձեւով (խմբակներու դրութիւն, փլէյ-օֆ եւ աւարտական): Սակայն նկատի ունենալով, որ անոր մասնակցելու համաձայն գտնուեցան 25 խումբեր, կազմակերպիչները վերադարձան փորձուած` զուիցերիական ձեւին:
Աշխարհի քաղաքներու ճատրակի առաջին ախոյեանութեան հայ ճատրակ խաղացողներէն կը մասնակցի միայն ամերիկահայ կրանտմասթըր Վարուժան Յակոբեան, որ կը գլխաւորէ Շիքակոյի (Միացեալ Նահանգներ) հաւաքականը:
ՖԻՏԷ-ն այս ախոյեանութեան մասնակցելու համար հրաւէր ղրկեց նաեւ Երեւանի` նկատի ունենալով այն կարեւոր վարկածը, որ Հայաստանի հաւաքականը միջազգային ողիմպիականի եւ աշխարհի գործող ախոյեանն է:
Սակայն Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը հրաժարեցաւ անոր մասնակցելէ` նկատի ունենալով, որ կարելի չէր հաւաքել բոլոր զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացողները, որովհետեւ կը մասնակցին տարբեր տեսակի անհատական մրցաշարքերու:


