Ազրպէյճանական kontakt.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Նախիջեւանի մտաւորականները շաբաթ օր Հանրային պալատի, քաղաքական կուսակցութիւններու Խորհրդակցական խորհրդարանի, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու հետ քննարկումներ կատարած են Նախիջեւանի «ինքնավար հանրապետութեան» մէջ տիրող հասարակական- քաղաքական վիճակին վերաբերեալ:
Տեղւոյն յայտնի քաղաքական գործիչներէն Իպրահիմ Իպրահիմլիի բնորոշումով Նախիջեւանի մէջ իրավիճակը բարդ է ու ծայրայեղ` ոչ միայն քաղաքական կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու, այլ նաեւ` ամբողջ բնակչութեան համար: Ան նկատել տուած է, որ վերջին շրջանին հալածանքներու նոր ալիք մը սկսած է քաղաքացիական հասարակութեան, լրագրողներու եւ գործարարներու դէմ:
Իպրահիմլի ըսած է, որ տեղւոյն բնակիչ Թուրաչ Զէյնալովի սպանութիւնը եւ անոր ընտանիքի հալածանքը ցոյց տուած են, որ Ազրպէյճանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յանցաւոր կազմակերպութեան վերածուած է:
Այն կարծիքը յայտնուած է, որ պէտք է հասարակական մեծ շարժումի սկսիլ, որպէսզի 2013-ի աշնան Ազրպէյճանի մէջ կայանան ազատ ժողովրդավարական նախագահական ընտրութիւններ: Յառաջիկային կը նախատեսուի քաղաքական կուսակցութիւններու միջեւ նման փաստաթուղթի ստորագրումը, որ հասարակական ուժերուն թոյլ պիտի տայ պայքարիլ Ազրպէյճանի վարչակարգին դէմ:


