Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կենցաղային Ճգնաժամը Սուրիոյ Մէջ

December 24, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամիսներէ ի վեր տիրող իրավիճակին պատճառով Սուրիան կը տառապի տնտեսական տագնապէ:

Տնտեսագիտական տուեալները ցոյց կու տան, որ երկիրը մեծ արժեզրկումի դիմաց կը գտնուի` նկատի ունենալով ներմուծման եւ արտածման դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ` տնտեսական տարբեր ոլորտներու թուլացումը:

Միջազգային ֆինանսաւորման ուսումնասիրութեան կեդրոնը հաստատեց, որ Սուրիոյ տնտեսութիւնը վնասուած է եւ 20 տոկոսով կրճատում կը կրէ 2012-ին:

Սուրիական կառավարութիւնը յայտնած է, որ աշխատանք կը տանի ինքնաբաւութիւն ապահովելու եւ վերջերս արտածումէ արգիլուած 106 նիւթերու ցանկ մը յայտարարած է:

Բոլոր քաղաքներու բնակիչներուն համար կենցաղային կեանքը վատթարացման ընթացքի մէջ է` հիմնական պաշարի գինի բարձրացման եւ  երբեմն հիմնական ապրանքատեսակներու պակասի պատճառով, ինչպէս` վառելանիւթն ու հացը: Այս մէկը յատկապէս նկատելի սկսած է դառնալ սուր բախումներու եւ թէժ կռիւներու շրջաններուն մէջ, սակայն վերջին օրերուն այդ երեւոյթը նկատելի դարձաւ նոյնիսկ մայրաքաղաքի բազմաթիւ թաղամասերուն մէջ:

Այս առումով կառավարութիւնը կը յայտարարէ, որ ջանք կը գործադրէ քաղաքացիներուն պահանջները հոգալու, սակայն քաղաքներու միջեւ ճամբաներու անանցանելի ըլլալու երեւոյթը յաճախ պատճառ կը դառնայ, որ ապրանքները հասցէագրուած վայրը չհասնին:

Նաֆթամթերքի սուրիական ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ  կարելիութիւն չկայ մազութ բաժնելու, եւ որ ընկերութեան առաջնահերթութիւնն է այսօր մատակարարել փուռերն ու հիւանդանոցները: Պետական աղբիւրները կը նշեն, որ Սուրիոյ վրայ պարտադրուած տնտեսական շրջափակումը պատճառ դարձաւ, որ մազութը 40 տոկոսով պակսի: Այսօրուան տագնապին վրայ կ՛աւելնայ նաեւ դեղորայքի պակասի երեւոյթը:

Միւս կողմէ, ներքին առեւտուրի նախարարի շրջանակներէն Դամասկոսի սպառողի պաշտպանութեան միութիւնը կ՛ուսումնասիրէ շուկաներուն սպառումը եւ վերահսկողութիւնը:

Կենցաղային եւ սննդամթերքի ճգնաժամի նախանշանները Սուրիոյ հիւսիսէն կը հասնին Դամասկոս, մանաւանդ հացը, որ ընդհանրապէս Հալէպի մէջ կտրուկ ձեւով կը պակսէր եւ կը կրէր գինի կրկնակի բազմապատկում: Արդարեւ, նախորդ օրերուն Դամասկոսի մէջ նոյնպէս զանազան թաղամասերու մէջ պետական փուռերը փակեցին իրենց դռները: Յիշեցնենք, որ Դամասկոսի նահանգապետարանի տուեալներով, մայրաքաղաքին բնակչութեան թիւը հասած է 8 միլիոնի  (նախքան տագնապը 5 միլիոն կը հաշուէր):

Կ՛արժէ յիշել նաեւ, թէ ոսկիի պահանջարկի բացակայութեան պատճառով ոսկերչական ասպարէզը եւս կը մօտենայ դադրեցման ճակատագիրին:

Հաւանաբար Սուրիոյ մէջ ամենահրատապ տագնապը ելեկտրականութեան տագնապն է: Նկատի առնելով ձմեռուան ցուրտ օրերը եւ մազութի պակասը` բնակիչները ելեկտրական ջեռուցիչներու դիմեցին, սակայն հարցը կը բարդանայ, երբ 8-10 ժամ հոսանքը կ՛անջատուի բազմաթիւ թաղամասերէ, իսկ արուարձաններն ու կարգ մը շրջաններու մէջ անընդհատ անջատումը  կը գերազանցէ 15-20 ժամը, տակաւին կայ աւելի՛ն, Հալէպի մէջ որոշ շրջան մը, 3-5 օր ելեկտրականութիւնը ամբողջովին անջատուած մնաց:

Տագնապներու թուարկումը շարունակելով` կարելի է նշել նաեւ, որ նաֆթամթերքի նիւթերուն (մազութ, պենզին եւ կազ) գիներու տատանում կը կրեն կամ ամբողջովին կը բացակային շուկաներէն:

Կը շարունակուի նաեւ հեռահաղորդակցութեան տագնապը, համացանցն ու հեռաձայնային կապերը կը բացակային զանազան քաղաքներու կարգ մը շրջաններէ, ինչպէս Հալէպ, իսկ բջիջային կապերը կը գործեն տկար եւ տեղական գիծերու շրջանակներէն ներս միայն:

Վերջապէս, անհրաժեշտ է յայտնել, որ մեծ քաղաքներուն մէջ որոշ շրջաններու բնակիչներ կը փորձեն կենցաղային ճգնաժամէն չազդուիլ: Սակայն քաղաքներուն մէջ եւ մանաւանդ մայրաքաղաքին մէջ պետական հաստատութիւններ տանող ճանապարհները փակուած կը մնան եւ ապահովական խիստ հսկողութեան կ՛ենթարկուին: Իսկ գիշերային կեանքը մեծ մասամբ անգոյ է բոլոր քաղաքներուն մէջ, փողոցները` խաւար ու դատարկ, իսկ արուարձանները դարձած են անապահով եւ բնակիչներէ դատարկուած շրջաններ:

Կարելի է նշել,  որ պետական մակարդակի վրայ վարչապետն ու կարգ մը նախարարներ վերջին օրերուն այցելեցին տնտեսութեան մայրաքաղաք Հալէպ, ուր վարչապետը յայտնեց, որ վերջին շաբաթներուն Հալէպ ապրեցաւ ծանր կենցաղային պայմաններ,  եւ որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ հիմնական նիւթերը Հալէպ հասցնելու եւ խնդիրները լուծելու նպատակով:

Սուրիոյ մէջ ապահովական տեսանկիւնէ վտանգուած կեանքին կողքին, գերակշռողը կը մնայ կենցաղային ճգնաժամը, որուն սրելու հաւանականութիւնները առաւել եւս շեշտուած կը դառնան Ամանորի նախաշեմին:

20/12/2012

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աստուածահաճո՛յ Ու Մարդահաճո՛յ Բարեմասնութիւններով Օժտուինք Եւ Օժտենք Մեր Առօրեան…

Յաջորդը

Թուրքերը Կ՛օժանդակեն Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Քարոզչութեան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.