Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աստուածահաճո՛յ Ու Մարդահաճո՛յ Բարեմասնութիւններով Օժտուինք Եւ Օժտենք Մեր Առօրեան…

December 24, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, այս կիրակիին աւետարանը կը բաղկանար երեք հատուածներէ (Ղկ. 17,3-19): Աւետարանը Աստուծոյ խօսքն է, Աստուածաշունչն է, Աստուծոյ իմաստութիւնն է, որ կ՛ուզէ մեզ դաստիարակել, առաջնորդել, երջանկացնել եւ սրբացնել մեր կեանքին մէջ:

Երեք պարբերութիւններէն կը քաղեմ երեք առաքինութիւնները, ա՛յն արտաքին ու ներքին բարեմասնութիւնները, որոնք համարեա լիովին կը բացակային մեր առօրեայէն:

Առաջին առաքինութիւնն է ներումը, ներողամտութիւնն ուրիշին նկատմամբ: Այս առաքինութիւնը կը տխրեցնէ ու կը խոցոտէ մեզ, երբ զայն չենք գործադրեր, իսկ երբ կը ջանանք օժտուիլ անով, մե՛զ կ՛ուրախացնէ եւ կը բուժէ:

Անկեղծօրէն եւ քաջաբար ընդունինք, թէ որքա՜ն ոխ, քէն, հեռ ու նախանձ կը տիրեն մեր ընկերային, միութենական, կուսակցական եւ ազգային շարքերէն, ինչպէս ալ նոյնիսկ ընտանեկան ու եկեղեցական յարկերէն ներս:

Մեր ընդունումը կենսական պայմանն է բուժումի, դարմանումի ու հաշտութեան` ներումի եւ ներողամտութեան ոգիով, եւ այն` «օրը եօթն անգամ», այսինքն միշտ ու տեւապէս պիտի ներենք իրարու:

Իւրաքանչիւրը մեզմէ ներումը սկսի՛ իր անձէն եւ ապա սպասէ դիմացինէն: Դուն քեզի՛ կը ներես, երբ դուն ուրիշին կը ներես, որովհետեւ այս արարքովդ կը հարկադրես մեր Երկնաւոր Հայրը, որ ներէ քեզի` քու յանցանքներդ (Մտթ. 6,14-15):

Ուրիշին մեր ներումը առաջնահերթ պայմաններէն մին է յիսուսակա՛ն ըլլալու մեզի համար, որ թէպէտ քրիստոնեայ կը դառնանք Ս. մկրտութեամբ, բայց եւ այնպէս կը պահանջուի մեզմէ դեռ աւելի՛ն` ըլլալ եւ մնալ քրիստոսակա՛ն, այսինքն` ոչ միայն անուանապէս, այլ նաեւ հարազատօրէն` աշակերտները, հետեւորդները Յիսուս Քրիստոսի, որ խաչափայտին վրայ գամուած` ներեց զինք դատապարտողներուն եւ խաչահանողներուն:

Չմոռնանք, որ, օրինակի համար, Յիսուս ներեց Մագդաղենացիին, որ դարձաւ Տիրոջ յարութեան առաջին քարոզիչը, ներեց Պետրոսին, որ հանդիսացաւ վէմը Ս. Եկեղեցիին: Այսպէս, ներումդ ոչ միայն քեզ կը նմանցնէ Քրիստոսի, այլ նաեւ կը բարեփոխէ ներուողը:

Երկրորդ առաքինութիւնն է խոնարհութիւնը, խոնարհամտութիւնն ուրիշին նկատմամբ: Խոնարհը կը սիրէ եւ կը սիրուի: Խոնարհամիտը կը բարձրանայ ու կը բարձրացնէ:

Խոնարհութիւնը կը զարդարէ հոգիդ: Խոնարհամտութիւնը կը գեղեցկացնէ շրջապատդ: Այս առաքինութիւնը աղբիւրն է իմաստութեանդ: Աստուած խոնարհեցաւ, որպէսզի մենք գործադրենք այս առաքինութիւնը, որ նախապայմանն է թէ՛ անձնական անդորրութեան եւ թէ՛ հասարակաց խաղաղութեան. «Սորվեցէ՛ք ինձմէ, որ սրտով հեզ եւ խոնարհ եմ, եւ պիտի գտնէք հանգիստը ձեր հոգիներուն» (Մտթ. 11,29):

Բարեմասնութիւննե՜ր, որոնք անհրաժեշտ են մեր ընտանեկան եւ միութենական յարկերուն, ուր այլեւս ինքնագովութիւնն ու անձնախօսութիւնը վատթարագոյն աստիճանի հասցուցած` կը ջլատեն, կը պաղեցնեն, կը զզուեցնեն եւ կը հեռացնեն սրտերն ու մտքերը:

Հոգեճանաչ եւ հոգեբուժ մեր Աստուածային Վարդապետը, որ միակ Մարդասէրն է անվերապա՛հ, անհաշի՛ւ եւ անկողմնակա՛լ, մեզի կը սորվեցնէ զիրար ընդունիլ, զիրար շալկել, իրարու օգնել, իրարու օգտակար ըլլալ եւ իրարու ծառայել խոնարհութեամբ ու խոնարհամտութեամբ:

Դարձեալ, չմոռնանք Յիսուսի հրամայականը, թէ տունին եւ միութեան մէջ ու համար ինչ որ կը կատարենք, կատարե՛նք այս սրբակերտիչ եւ հրճուեցուցիչ գիտակցութեամբ. «Ապիկար ծառաներ ենք, ինչ որ պարտական էինք ընել, ըրինք» (Ղկ. 17,10):

Երրորդ առաքինութիւնն է երախտագիտութիւնը, շնորհակալութիւնն ուրիշին նկատմամբ: Երախտագէտը աւելի մարդկային է: Շնորհակալուն աւելի առաքինի է:

Երախտագէտը կը ժպտի եւ կը ժպտեցնէ: Շնորհակալուն կ՛ազնուանայ ու կ՛ազնուացնէ:

Եւ սակայն մեր շրջապատը կը վխտայ ապերախտներով ու ապաշնորհներով: Ուստի, լեցուն է նաեւ տխուրներով ու տխրեցնողներով, կոշտերով եւ կոշտացնողներով:

Գերբնական բոլոր վիճակներուն մէջ չէ լոկ, այլ նաեւ բնական բոլոր պարագաներուն համար Յիսուս Դաստիարակն է մարդերուն, քանի Ա՛ն է անոնց Լոյսը, Ճշմարտութիւնն ու Ճանապարհը: Ա՛յս է ուղիղ եզրայանգումը տաս բորոտներուն դէպքէն:

«Յիսուս, Վարդապետ, գթա՛ մեր վրայ»: Տասներու աղաղակն էր միաբերան ու միասիրտ: Կը խորհիմ, մենք ալ այսպէս կամ այնպէս, հոս կամ հոն` «բորոտ»-ներ ենք, քոսոտնե՛ր, որոնք կրնան կրկնել նոյն աղաչանքը, թէ` «Յիսուս, Վարդապետ, գթա՛ մեր վրայ», որպէսզի մաքրուինք միակ Մարդասէրին հրամանով եւ սրբուինք միակ Հրաշագործին զօրութեամբ:

Տեսնելով բուժումը` տասներէն մէկը միայն «վերադարձաւ` Աստուծոյ փառք տալով բարձրաձայն: Երեսը դէպի գետին` ինկաւ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց» (Մտթ. 17,16):

Մեր առօրեային մէջ կը պատահին հրաշքներ «ի վերուստ», բայց այլեւս կորսնցուցած ենք թէ՛ մարմնաւոր եւ թէ՛ հոգեմտաւոր տեսողութիւնը, քանի շատ զբաղած ենք մենք մեզմով. ուստի նաեւ չէզոքացուցած ենք երախտագիտական զգացողութիւնն ու շնորհակալական անդրադարձումը:

Ուշադրութի՛ւն: Երախտայայտը, սակայն, արժանի կ՛ըլլայ տէրունական գովասանքին, եւ շնորհակալասացը կը վարձատրուի ստուգութեամբ, թէ` «հաւատքդ փրկեց քեզ»:

Եզրակացութի՛ւն: Եթէ Յիսուս Քրիստոս, Աստուած եւ Մարդ, ակնկալեց երախտապարտ փառատրութիւնը տասը բուժուածներէն, նոյնպէս մարդը, ընդհանրապէս, եւ մեր շրջապատէն ոեւէ անհատ, մասնաւորապէս կը սպասէ լսել ու տեսնել ցնծութիւնը շնորհակալասաց երախտագէտին, որ թէ՛ կը գովէ եւ թէ՛ կը գովուի իր այս արարքով` աստուածահաճո՛յ ու մարդահաճո՛յ:

 

Այնճար, 16 դեկտեմբեր 2012                       

Նախորդը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 122-ամեակին Առիթով Յովիկ Թասլաքեանի Արտասանած Խօսքը Մոնրէալի Մէջ

Յաջորդը

Կենցաղային Ճգնաժամը Սուրիոյ Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.