Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտական. Կարելի՞ Է Ոսկի Գտնել` Ճերմակ Մրջիւններուն Փորած Փոսերուն Հետեւելով…

December 18, 2012
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Վերջերս արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ կատարուած նորագոյն ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ ճերմակ մրջիւնները ոսկի կը դիզեն իրենց բոյնին կազմութեան համար տարբեր տեսակի ստորերկրեայ նիւթեր հաւաքած ատեն…:

Աւստրալիացի միջատաբան Արոն Սթիուըրթ ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը ճերմակ մրջիւնի բոյներու բազմաթիւ նմուշներ վերցուցած են եւ անոնց բաղկացուցիչ նիւթերը բաղդատած են բոյներուն մօտակայ հողի նմուշներուն բաղկացուցիչ նիւթերուն հետ, որոնք տարբեր խորութիւններէ վերցուած են:

Այսուհանդերձ, մասնագէտները մասնիկներու քիմիական կերտուածքը ցոյց տուող յատուկ սարքի մը միջոցով գտած են, թէ համեմատաբար մեծ տարողութեամբ ոսկի պարունակող հողի նմուշներէն պատրաստուած են, շատ աւելի մեծ տարողութեամբ ոսկի պարունակող բոյներ, քան` աննշան տարողութեամբ ոսկի պարունակողներէն:

Այլ միջատաբան մը` Ռոպըրթ Մեթիուզ ըսած է, թէ ընկերային միջատներուն իրենց միջավայրերէն տարբեր մետաղներ ընտրելու ու կուտակելու երեւոյթը արդէն իսկ ատենէ մը ի վեր մասնագէտներու հետազօտութեան առարկան դարձած է:

Կարգ մը մասնագէտներ նոյնիսկ նշած են, թէ ճերմակ մրջիւններու բոյներուն ուսումնասիրութիւնը կրնայ վաւերական ցուցմունքներ տալ արժէքաւոր մետաղներու պեղումներով զբաղող ընկերութիւններուն` գտնելու համար համապատասխան միջավայրերը եւ շատ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով կատարելու պեղումներու աշխատանքը:

Տարբեր Տարողութեամբ Մետաղներ`
Ճերմակ
Մրջիւններուն
Մարսողական
Համակարգին Մէջ

Մասնագէտ Սթիուըրթ ըսած է, թէ ոսկիի պահեստները ընդհանրապէս կուտակուած կ՛ըլլան աշխարհի մակերեսէն քանի մը մեթր խորութեան մէջ, ինչ որ կը դժուարացնէ անոնց դիրքը ճշդելու աշխատանքը: Նշեալ աշխատանքը բաւական ծախսալից ու ժամանակ խլող է: Այսուհանդերձ, եթէ կարելի ըլլայ ճերմակ մրջիւններուն ու անոնց կազմած բոյներուն հետքերուն հետեւելով` հողը փորելու աշխատանքը կեդրոնացնել համեմատաբար սահմանափակ տարածութիւններու վրայ, ապա արժէքաւոր մետաղներու պեղումներ կատարող ընկերութիւնները կրնան կրճատել իրենց ծախսն ու ժամանակը:

2011-ին մասնագէտ Սթիուըրթ ու անոր գործընկերները կը նախաձեռնեն այլ ուսումնասիրութեան մը, որուն մէջ հետամուտ կ՛ըլլան գտնելու, թէ արդեօք ճերմակ մրջիւններուն մարմնին մէջ գոյութիւն ունի՞ն կուտակուած մետաղներ, թէ՞ ոչ: Այսուհանդերձ, նշեալ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ ճերմակ մրջիւնները իրենց մարմնին մէջ կը կուտակեն զինք (ճերմակ մետաղ մը) ու մակնեզիոմ` կարծր պահելու համար իրենց արտաքին կմախքը, մասնաւորաբար` ծնօտները, այնպէս, ինչպէս որ ստնաւորները իրենց մարմնին մէջ կը կուտակեն քալսիոմ` ամուր պահելու համար իրենց ոսկորները:

Մասնագէտ Սթիուըրթ յայտնած է նաեւ, թէ ճերմակ մրջիւններուն մարսողական համակարգին տարբեր օրկանները կը պարունակեն տարբեր տարողութեամբ մետաղներ, որոնց մեծ մասը կ՛արտաքսուի անոնց մարմինէն, պարզապէս քանի որ անգործածելի են եւ կամ անոնց մեծ տարողութիւնները կը թունաւորեն զիրենք: Նշեալ մետաղները կ՛արտաքսուին կա՛մ իբրեւ փոքր քարեր, որոնք կը նմանին մարդկային երիկամներուն մէջ կազմուած քարերուն եւ կամ ալ` ճերմակ մրջիւններուն արտաքին կմախքը փոխուած ատեն` այս վերջինին հետ խառնուելով:

Մասնագէտները կարեւոր նկատած են նման յայտնաբերում մը, քանի որ ճերմակ մրջիւններուն արտաքսած տարբեր մետաղները կրնան որոշ պատկեր մը ներկայացնել տուեալ միջավայրի մը տարբեր մետաղներուն ունեցած տարողութիւններուն մասին:

Օգտագործուած աղբիւր՝ «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»

Նախորդը

Գիտական. Հնագիտական Յայտնաբերումներ Կատարող Աշխարհի Առաջին Շունը` Միկալուն…

Յաջորդը

Գիտական. Աշխարհի Տարածքին Բեւեռային Հսկայ Սառցակոյտերը Սկսած Են Արտասովոր Արագութեամբ Կծկուիլ` Ընդհանրական Ջերմացման Պատճառով

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.