Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնելլի, Էխհորեսթ, Փլամպլի Եւ Սալամէ Այցելեցին Վարչապետարան

December 21, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փլամպլի եւ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի ու շրջանին մէջ տիրող քաղաքական ու ապահովական կացութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Քոնելլի բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն առատաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան ջանքերը` գործակցելու միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ, Լիբանան հասած սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւնները ապահովելու համար:

Քոնելլի ողջունեց նաեւ Լիբանանի կառավարութեան այն ճիգերը, որոնց միջոցով կը միտի ընդհանուր արժեւորում մը կատարել` գաղթականներուն տրամադրուող օժանդակութիւններուն եւ յաւելեալ կազմակերպութիւններու հետ գործակցելով այդ օժանդակութիւնները փորձել բարելաւելու գծով:

Անդրադառնալով լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ շրջանին մէջ տիրող կացութեան` Քոնելլի հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի միջազգային օժանդակութեան, որպէսզի իր կարգին կարենայ գոհացնել հետզհետէ յաւելեալ թիւերով Լիբանան ժամանող գաղթականներուն կարիքները:

Քոնելլի նշեց, որ Ուաշինկթըն դրական պիտի հակազդէ սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներուն յատկացուելիք մարդասիրական օժանդակութեան պահանջներուն:

Ամերիկացի դեսպանը վերահաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են կայուն, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի, որ հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ միջազգային կազմակերպութիւնները պատասխանատու են Լիբանանի օժանդակելու իրենց յանձնառութեան, նկատի ունենալով, որ ան մաս կը կազմէ այն երկիրներուն, որոնք սուրիացի գաղթականներ կը հիւրընկալեն:

Փլամպլի ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան ջանքերը` նշելով, որ իրենք կ՛ըմբռնեն, որ ներկայիս ստեղծուած կացութիւնը Լիբանանի համար ծանր բեռ է:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ, որ ընդգծեց, թէ Միքաթիի արձակած կանչը տեղին է եւ լուրջ է, որովհետեւ Լիբանանի կարողութիւններէն վեր է նման մեծ թիւով գաղթականներու հիւընկալումը եւ ան առանձինն չի կրնար հասնիլ անոնց կարիքներուն:

Միւս կողմէ, Էխհորեսթ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու նոր օրէնքի մը մշակումը:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ վարչապետ Միքաթիի ներկայացուց Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը:

 

Նախորդը

Քարիւղի Մարզի Տնօրինման Խորհուրդը Այցելեց Նախագահ Սլէյմանի Եւ Նեպիհ Պըրրիի

Յաջորդը

Յովհաննիսեան. «Նախագահը Պէտք Է Պատրաստ Ըլլայ Իշխանութիւնը Կորսնցնելու»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.