Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մտահոգ Չենք Ասատի Վարչակարգով, Այլ` Սուրիոյ Ապագայով» Կ՛ըսէ Փութին

December 21, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ «Մոսկուա մտահոգ չէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգով, այլ` Սուրիոյ ապագայով»` նշելով, որ «սուրիական տագնապի լուծումը պէտք է պարունակէ բան մը, որ քաղաքացիական պատերազմի յառաջացումը եւ Լիպիոյ մէջ պատահածին նման սուրիական պետութեան քանդումը արգիլէ»:

Ան ընդգծեց, որ սուրիական հարցով պէտք է զբաղիլ Սուրիոյ մէջ: «Զինուորական յաղթանակի հիման վրայ համաձայնութիւնները այստեղ տեղին չեն եւ արդիւնաւէտ չեն կրնար ըլլալ»,ըսաւ ան:

Փութին նշեց, որ «մենք կ՛առաջարկենք, որ ապահովուի անվտանգութիւնը, ապա մտածել իշխանափոխութեան մասին: Եւ ոչ թէ բոլորը ցրուել, ապա փորձել բան մը ստեղծել: Երկրին ճակատագիրը պէտք է որոշէ սուրիացի ժողովուրդը»:

Փութին ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիան պիտի չկրկնէ այն սխալները, զորս Միացեալ Նահանգները գործած էին Լիպիոյ մէջ: Ըստ Փութինի, այդ սխալները պատճառ դարձած էին Պենկազիի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի սպանութեան եւ աճող ցեղագրական ու միջցեղային բախումներու` այդ տագնապէն պառակտուած երկրին մէջ:«Մենք մտահոգուած չենք Ասատի վարչակարգին ճակատագիրով: Մենք կը հասկնանք, թէ այդտեղ ինչ կը կատարուի, փոփոխութիւններ պահանջուած են, որովհետեւ մէկ ընտանիք իշխանութեան ղեկին է արդէն քառասուն տարիէ ի վեր: Սակայն մենք չենք ուզեր, որ ընդդիմութիւնը իշխանութիւն ստանայ եւ շարունակէ պատերազմը Ասատի` ընդյատակ անցած կողմնակիցներուն դէմ»:

Փութինի տարեկան մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան աւելի քան 1200 ռուս եւ արտասահմանցի լրագրողներ:

«Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ «Ռուսիա սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը չի ճանչնար, սակայն պատրաստ է անոր հետ գործակցելու»:

Ռուսիոյ նախագահի միջինարեւելեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ «Ռուսիա անփոփոխ կերպով կը զօրակցի Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմամբ Սուրիոյ տագնապի քաղաքական անմիջական փոխզիջումային լուծման»:

Պաղեստինցիներու Հարց

Սուրիական «Իխպարիյա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած երկու նամակներու մէջ դատապարտած է պաղեստինցիներու Եարմուք գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցածը, որուն համար զիրենք պատասխանատու նկատած է` ՄԱԿ-ին եւ ատոր ընդհանուր քարտուղարին կոչ ուղղելով «ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցած եւ Եարմուք գաղթակայանը գրաւելու քաջալերած պետութիւններէն պահանջել այդ կազմակերպութիւններուն պարտադրել հեռանալ անկէ եւ գաղթականներուն կեանքերը պահպանել»:

Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ Իզաթ Ռուշք յայտնեց, որ գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ Սուրիոյ հարցով միջազգային պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիին եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիին կոչ ուղղած է Եարմուքի գաղթակայանի պաղեստինցիները պաշտպանելու:

Մաշաալ նաեւ պաղեստինեան գաղթակայանները Սուրիոյ տագնապին մէջ չներքաշելու համար կապ հաստատած է առնչակից կարգ մը կողմերու հետ:

Համասի մէջ գաղթականներու հարցով բաժանմունքը ՄԱԿ-ին, Ապահովութեան խորհուրդին, Արաբական լիկային եւ միջազգային ու շրջանային կազմակերպութեանց կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն լիբանանեան սահմաններուն ճամբով իրենց 1948-ի բնակավայրերու վերադարձը ապահովելու:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ մէջ Ֆաթհ շարժումի ներկայացուցիչ Սամիր Ռիճահի «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ լուրջ ջանքեր կը թափուին, որպէսզի զինեալները Եարմուք գաղթակայանէն հեռանան` նշելով, որ այդ ջանքերը կրնան «յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին» յաջողութեամբ պսակուիլ:

Սուրիական ազատ բանակը երէկ յայտարարեց, որ Եարմուքէն կը հեռանայ եւ գաղթականներուն կոչ ուղղեց իրենց բնակարանները վերադառնալու: «Ռաշա Թուտէյ» իր կարգին հաղորդեց, որ կարգ մը զինեալ խմբաւորումներ սկսած են գաղթակայանէն հեռանալ:

 

Նախորդը

Եգիպտոսի Ընդհանուր Դատախազը Իր Հրաժարականը Յետս Կը Կոչէ

Յաջորդը

Հոլլանտ Ալճերիացիներէն Ներում Չէ Հայցած

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.