«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ թրքական «Աքշամ» օրաթերթը երեքշաբթի օր հաղորդած է, որ յառաջիկայ ապրիլին Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շուրջ վերանորոգութեան երկրորդ աշխատանք մը պիտի սկսի: Վերանորոգութեան աշխատանքը պիտի տեւէ վեց ամիս, յատուկ ծեփերով եւ կրաղիւսով պիտի ամրապնդուին վանքին ու մատուռին այն բաժինները որոնք երեւան հանուեցան նախորդ պեղումներուն ընթացքին: Նորոգութենէն ետք կղզիին բոլոր անկիւնները ապահովութեան տեսախցիկներ պիտի զետեղուին:
«Աքշամ» կը յիշեցնէ, որ Աղթամարը մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հայերուն համար, եւ այս եկեղեցին, վերանորոգուելէ ետք, իբրեւ թանգարան բացուեցաւ 29 մարտ 2007-ին: Մշակոյթի նախարարութիւնը արտօնեց, որ հայերը տարին մէկ անգամ արարողութիւն կատարեն այլեւս թանգարանի վերածուած այս պատմական եկեղեցիին մէջ:
Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ առաջին անգամ պատարագ մատուցուեցաւ 19 սեպտեմբեր 2010-ին:


