Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ապակառուցողական Որակած Է Պաքուի Դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման

December 20, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ Պաքուն ապակառուցողական դիրք բռնած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով եւ կը խախտէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները: «Շրջանին մէջ լուրջ սպառնալիք կը մնայ Ազրպէյճանի ապակառուցողական մօտեցումը ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին նկատմամբ», ըսած է Սերժ Սարգսեան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը` վկայակոչելով «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Նոյնիսկ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման եւ դիպուկահարները հեռացնելու շուրջ կարծես թէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կ՛ոտնահարուին պաշտօնական Պաքուի կողմէ», աւելցուցած է ան: Նախագահը նշած Է, որ Ազրպէյճանի մէջ աշխուժ հակահայ քարոզչութիւն կը տարուի, Պաքու կը շարունակէ ռազմամոլ քաղաքականութիւնը եւ սպառազինութիւններու մրցավազքը շրջանին մէջ:

Հայաստանի նախագահը ընդգծած է, որ տագնապի լուծման միակ ճանապարհը բանակցութիւններն են: «Մենք կը մեկնինք այն բանէն, որ ձեռք բերուած հրադադարէն ետք, որ կը պահպանուի ահա արդէն 18 տարիէ ի վեր, ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը կամ նոյնիսկ անոնց վերսկսման սպառնալիքը միջազգային իրաւունքի կանոններու եւ սկզբունքներու ուղղակի խախտում է: Ատիկա դէպի բռնութիւններու նոր ալիքի, ատելութեան, արիւնահեղութեան տանող ամէնէն անհեռատես ուղին է», նշած է Սերժ Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահը յիշեցուցած է, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան հիմնարար սկզբունքներէն մէկը կազմակերպութեան մէջ յարաբերութիւններու գերակայութիւնն է պայմանագրի մէջ չմտնող երկիրներու համեմատութեամբ եւ խնդրած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան բոլոր մասնակիցներէն` չմոռնալ այդ սկզբունքի մասին եւ չաջակցիլ այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կրնան վնաս հասցնել Հայաստանի շահերուն

 

 

 

Նախորդը

«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Նախաձեռնութիւնը Այժմ Սուրիահայերուն Կ՛օգնէ Գումար Յատկացնեով

Յաջորդը

Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Շուրջ Երկրորդ Վերանորոգութիւն

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.