Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 20, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Թալքալախի մէջ սպաննուած լիբանանցիներուն մնացեալ դիակները մինչեւ կիրակի օր պիտի յանձնուին լիբանանեան իշխանութիւններուն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու խորհրդական Մոհամետ Շաթահ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի յայտնեց, որ պէտք է վերադառնալ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան եւ ազգային փոխըմբռնումին, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի փրկութեան ճակատ մը կազմել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ զգուշացուց, որ Սուրիոյ տագնապին կարգ մը լիբանանցիներու մեղսակցութիւնը յաջորդ տարիներուն պիտի հրկիզէ լիբանանցիները: Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Սարրաֆ շեշտեց, որ սահմանադրական որեւէ ժամկէտի յետաձգումը մեծ սխալ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերն են, որոնք կ՛աշխատին Լիբանանի ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկել, իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն է, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ իշխանութեան վերադառնալու:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 200 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը` 100 լ. ոսկիով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք ընտրական օրէնքի կարիք չունին, այլ` ազգային խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ քննարկել Լիբանանը յուզող բոլոր հարցերը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով կարգ մը սպաներէ, կը գրէ, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կը փափաքի, որ ներքին ապահովութեան ուժերը լիբանանեան դրօշին փոխարէն կապոյտ դրօշը բարձրացնեն եւ անոնք աւարտած ըլլան Քըրայթեմի պալատէն եւ ոչ թէ սպայից վարժարանէն:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կարողութիւն չունի յաւելեալ սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալելու: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան հողերուն վրայ սուրիացի գաղթականներուն յատուկ գաղթակայաններ պիտի չհիմնուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնքն է լուծումը` Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումին: Նիքոլա աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Քոնտոլիզա Ռայսն է, որ Լիբանանի մէջ ազգային երկփեղկումի սերմեր ցանած է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ Սուրիոյ պաղեստինեան Եարմուք գաղթակայանին մէջ սուրիական վարչակազմին արարքները կարելի է նոր Սապրայի եւ Շաթիլայի ջարդ կոչել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր կոչ ուղղեց Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները անպայման կատարելու, նոյնիսկ եթէ անոնք 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարուին:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարելու յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաժի Ղարիոս Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն պահանջեց խորհրդարան ուղղուիլ` քննարկելու համար ընտրական նոր օրինագիծը:

 

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Միջամտութեան Չենք Զօրակցիր, Իսկ Վարչակարգին Աւարտը Ժամանակի Հարց Է» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Յաջորդը

Ամերիկեան Կառավարութիւնը Չի Փափաքիր Լիբանանի Մէջ Հաղորդակցութեան Ցանցեր Հաստատել

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.