Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Միջամտութեան Չենք Զօրակցիր, Իսկ Վարչակարգին Աւարտը Ժամանակի Հարց Է» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

December 20, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գնդապետ Մարքուս Էլլերման

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգին աւարտը պարզապէս ժամանակի հարց է»` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով, որ Սուրիոյ մէջ դէպի նոր վարչակարգ փոխանցումը կարելի եղածին չափ շուտ ըլլայ, որպէսզի «յաւելեալ աղէտներ» չպատահին:

«Յստակ է, որ երբ վարչակարգը իր օրինականութիւնը կորսնցնէ եւ իր ժողովուրդին դէմ ճակատի, ապա այդ վարչակարգը այդ ճակատամարտը պիտի կորսնցնէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք «Սուրիոյ մէջ արտաքին զինուորական միջամտութեան գաղափարին կողմնակից չէ»:

Մինչ այդ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ գերմանացի գնդապետ Մարքուս Էլլերման գերմանական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու համար երեքշաբթի օր Թուրքիա փոխադրուելիք «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ցուցադրութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Գերմանիոյ տրամադրելիք երկու համակարգերը 2-9 յունուարին Գերմանիայէն Թուրքիա պիտի տեղափոխուին եւ 1 փետրուարին պատրաստ պիտի ըլլան օգտագործման: Գերմանացի զինուորականները լրատուամիջոցներուն յայտնած են, որ «Փաթրիոթ»-ները կարողութիւնը ունին միաժամանակ 50 թիրախի հետեւելու եւ զանոնք վնասազերծելու:

Ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին, պաշտպանութեան եւ արտակարգ կացութեանց նախարարութիւնները Ռուսիոյ քաղաքացիները Սուրիայէն հեռացնելու համապարփակ ծրագիր մը պատրաստած են: Արտակարգ վիճակներու նախարարութենէն աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ կացութեան սրման պարագային պէտք է 30 հազար ռուսեր կամ 60 հազար ռուսեր եւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու քաղաքացիներ անմիջապէս Ռուսիա փոխադրուին:

Միւս կողմէ, «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ասատ 1991-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իր ժողովուրդին դէմ «Սքոտ» հրթիռներ կ՛օգտագործէ: Ամերիկեան վարչակարգէն աղբիւրներ յայտնեցին, որ Դամասկոսի հիւսիսէն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող ընդդիմադիր զինեալներու պատկանող թիրախներու դէմ «Սքոտ» տիպի շուրջ 6 հրթիռներ արձակուած են:

Պաղեստինցի Գաղթականներու Հարց

Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Եասեր Ապտ Ռապպօ «Սաութ Ֆըլըսթին» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը  Սուրիոյ մէջ պաղեստինեան գաղթակայաններու ողբերգական կացութեանց հարցով կապ կը հաստատէ աշխարհի բոլոր այն կողմերուն հետ, որոնք կրնան ազդեցիկ դերակատարութիւն մը ունենալ «Սուրիոյ մէջ մեր ժողովուրդին դէմ կատարուողին շուրջ»: Ան ըսաւ, որ սուրիական կանոնաւոր բանակը պաղեստինցի եւ սուրիացի ժողովուրդներու զաւակներուն դէմ կը կատարէ «ջարդեր» եւ «սպանդներ», որոնք վերջին օրերուն կեդրոնացած են Եարմուք գաղթակայանին վրայ` պահանջելով դադրեցնել պաղեստինցիներուն դէմ բռնարարքները:

Ապտ Ռապպօ զգուշացուց, որ գաղթակայանները միջազգային օրէնքին ու ՄԱԿ-ի որոշումներուն ենթակայ են եւ վերջինիս պատասխանատուութեան տակ կ՛իյնան` նշելով, որ ՊԱԿ-ի ղեկավարութիւնը այս առումով միջազգային կազմակերպութեանց ղեկավարներուն հետ կապեր հաստատած է: Ան աւելցուց, որ հազարաւոր պաղեստինցի գաղթականներ փախուստ տուած են դէպի Լիբանան, եւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն ու ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւնները պէտք է անոնց օժանդակեն:

Սուրիոյ մէջ «Ֆաթհ» շարժումի պատասխանատու Սամիր Ռաֆիհի յայտնեց, որ ջանք կը թափուի, որ գաղթակայան մուտք գործած զինեալները դուրս գան եւ պաղեստինցիները վերադառնան իրենց բնակարանները` յոյս յայտնելով, որ այդ ջանքերը յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին դրական արդիւնք ունենան:

ՊԱԿ-ի գործադիր իշխանութեան անդամ Մոհամետ Քուրէյհ իր կարգին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց «պաղեստինցիները ազատ ձգելու»` նշելով, որ «Սուրիոյ մէջ պաղեստինեան գաղթակայանները 1948-ի աղէտէն ի վեր այսպիսի յարձակումներու չեն ենթարկուած»` վստահեցնելով, որ «Պաղեստինեան իշխանութիւնը սկիզբէն ի վեր ինքզինք սուրիական տագնապէն զանց կացուցեց»:

Համասի մարտական ղեկավարներէն Մահեր Շաուիշ` նշեց, որ շարժումը սուրիացի ժողովուրդի շարժումին կը զօրակցի` վստահեցնելով, որ շարժումը Սուրիոյ ներքին հարցերուն չի զօրակցիր: «Սուրիական կառավարութեան պարտաւորութիւնը գաղթականները պաշտպանելն է եւ ոչ թէ զանոնք սպաննելը», ըսաւ ան:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս պահանջեց, որ Սուրիոյ պաղեստինցի գաղթականներուն արտօնուի պաղեստինեան հողամասեր մուտք գործել:

 

Նախորդը

«Մեծ Յուսախաբութիւն Կը Զգանք, Որովհետեւ Իսրայէլ Իր Բնակեցման Աշխատանքները Կը Շարունակէ» Կ՛ըսէ Նուլընտ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.