
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան եւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի երէկ հովանաւորեցին ուըրքշափ մը, որ կը վերաբերէր Լիթանիի ամբարտակին մէջ ճարտարարուեստական նիւթերու մնացորդացին օգտագործման:
Իր խօսքին մէջ նախարար Սապունճեան հաստատեց, որ ճարտարարուեստի մարզին համար կենսոլորտի շարունակականութեան ապահովումը կարեւոր է, որովհետեւ անիկա վերածուած է ճարտարարուեստի բարգաւաճման քաղաքականութեան հիմնական նպատակին:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ հաստատութիւններն ու գործարանները առանց արտօնագիրի կը գործեն, իսկ անոնք արտադրանքի իրենց մնացորդացին հարցը նախնական ձեւերով կը լուծեն:


