Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բերքահաւաք Ազգային Արուեստից Քոլեճի Արագ Ուսման Յատուկ Դասընթացքներ

December 15, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Ազգային արուեստից քոլեճի 2010-2011 եւ 2011-2012 երկամեայ տարեշրջաններու արագ ուսման յատուկ դասընթացքներու կանոնաւորաբար հետեւողներու վկայագրերու բաշխումի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 19 նոյեմբեր 2012-ին, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային քոլեճի սրահին մէջ:

Իր բացման խօսքին մէջ դասընթացքներու վարիչ-պատասխանատու Մակի Խաչերեան յայտնեց, որ 2004 թուականին հաստատուած արագ ուսման յատուկ դասընթացքները, որոնք սկզբնական շրջանին նպատակաուղղուած էին ծնողներուն եւ շրջապատի հայութեան` բարձրացնելու համար անոնց ուսման մակարդակը, բարելաւելու համար անոնց կենցաղն ու ապրելակերպը եւ անոր ճամբով հայ տան մթնոլորտի բարեփոխումին ու նիւթական վիճակի բարելաւումին, այսօր, ծնողներու կողքին, ան նպատակաուղղուած է մասնաւորաբար հայ երիտասարդութեան, մանաւանդ անոնց, որոնք պայմաններու բերումով լքած են իրենց դպրոցական գրասեղանները կամ համալսարանական ուսման կարելիութիւնը չեն ունեցած: Վերոնշեալ նպատակը կ՛իրագործուի դասընթացքի ծրագիրներու եւ յայտագրերու լայն բազմազանութեամբ:

Արդարեւ, չորս երկամեակի հայ հաւաքականութեան ծառայութեան աւանդով հարուստ Ազգային արուեստից քոլեճը երկամեակ մը եւս շարունակեց իր առաքելութիւնը, երբ աւելի քան 250 զանազան խաւի պատկանող հայորդիներ եւ օտարներ աւելի լաւ ապագայ եւ ապրելու կարելիութիւն ունենալու նպատակով անոր երդիքին տակ հետեւեցան հաոյց լեզուի, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի, ընթացիկ գործածուող, ինչպէս նաեւ աշխատանքի նպաստող լեզուներու, սննդագիտութեան, տոհմիկ ճաշերու պատրաստութեան, լուսանկարչութեան, համակարգչային գիտութեան դասընթացքներուն:

Անդրադառնալէ ետք այն երեւոյթին, որ բերքահաւաքը երկամեայ գործունէութեան արժեւորումն է նաեւ, Մակի Խաչերեան հաստատեց, որ ժամանակի հետ քայլ պահելու նպատակով, գիտութեան եւ արուեստի կողքին, քոլեճի իրագործելի ծրագիրներուն մաս կը կազմեն արհեստներու մէջ հմտացումը, մասնագիտական յատուկ` ինչպիսին Autocad-ի, համալսարան մուտքի քննութեան պատրաստութեան եւ այլ մասնագիտական յատուկ դասընթացքներ, արագ ուսման դասընթացքը դարձնելով բոլորին համար ինքնազարգացման փնտռուած միջոց:

Խօսքի աւարտին ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Գեղամ արք. Խաչերեանին` հաստատութեան նկատմամբ տածած անոր գուրգուրանքին ու քաջալերանքին համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դասընթացքին յաջողութեան նպաստող մարմիններուն, հաստատութիւններուն, անհատներուն եւ ուսուցչական կազմին:

Լուսանկարչութեան դասընթացքին հետեւողներէն Քրիսթին Սրապոնեան Ժագ Յակոբեանի «Լուսաբաց» քերթուածի ասմունքով փոխանցեց դասընթացքներուն հետեւողներու խօսքը:

Այնուհետեւ սրբազան հօր ձեռամբ 46 հետեւողներ ստացան իրենց վկայագրերը:

Հանդիսութեան աւարտին Գեղամ արք. Խաչերեան, շնորհաւորելէ ետ վկայուողները, գնահատեց արագ ուսման յատուկ դասընթացքներուն դրական դերը մեր իրականութեան մէջ` յայտնելով, որ իւրաքանչիւր նոր գիտելիք մեծ ներդրում է ոչ միայն անհատին ինքնազարգացումին, այլ նաեւ իր շրջապատին մէջ բերելիք նպաստին:

Ան հաստատեց, որ այդ դասընթացքները պիտի մնան իր գուրգուրանքին ու հոգածութեան առարկան:

Սրբազան հօր պատգամէն ետք տեղի ունեցած հիւրասիրութեան ընթացքին ներկաները վայելեցին լուսանկարչութեան դասընթացքի հետեւողներուն նկարած աւելի քան 60 գործերուն ցուցադրութիւնը:

Նախորդը

Հայ Գիրքի Անդրանիկ Տպագրութեան Նուիրուած Ոգեւորիչ Հանդիսութիւն

Յաջորդը

Մաշտոցի Անծանօթ Զինուորը Մանուէլ Գազանճեան

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.