Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիական Ընդդիմութեան Յաղթանակը Կարելի Չէ Բացառել» Կ՛ըսէ Պոկտանով

December 14, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միխայիլ Պոկտանով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը աստիճանաբար երկրի տարածքին վերահսկողութիւնը աւելի կը կորսնցնէ եւ ընդդիմութեան յաղթանակը կարելի չէ բացառել:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոկտանով յայտնած է, որ «ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան յաղթանակին պատրաստուելուն, ատիկա կարելի չէ բացառել: Պէտք է նայիլ ճշմարտութեան աչքերուն. ընթացքը այնպիսին է, որ իշխանութիւնը աստիճանաբար աւելի կը կորսնցնէ երկրի տարածքներուն վերահսկողութիւնը»:

Ան նշած է, թէ զինեալ ընդդիմութիւնը իր կարգին կ՛ըսէ, որ յաղթանակը սարերու ետեւը չէ, «ուր որ է պիտի գրաւեն Հալէպը, կամ Դամասկոսը»: Այժմ ընդդիմութեան կը խոստացուի արտերկրէն զինամթերքի մատակարարման եւ զինեալներու նախապատրաստման մասին, ինչ որ կ՛ոգեւորէ ընդդիմութիւնը:

Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մաազ Խաթիպ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «ընդդիմութեան մարտիկներուն դէպի մայրաքաղաք Դամասկոսի կեդրոնը յառաջանալէն ետք, սուրիացի ժողովուրդը այլեւս նախագահ Պաշշար Ասատը տապալելու համար միջազգային ուժերու միջամտութեան կարիքը չունի»:

Ան նշեց, որ իշխանութիւնը յանձնելով երկրէն հեռանալու շուրջ ընդդիմութիւնը Ասատի կողմէ առաջարկներ պիտի սերտէ, սակայն որեւէ երաշխիք պիտի չտայ նախքան լուրջ առաջարկ մը տեսնելը:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն իր կարգին երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ վարչակարգը իր տապալման ժամկէտին կը մօտենայ:

Ռուսական բանակի սպայակոյտի պետ Վալերի Կիրասիմով ՕԹԱՆ-ի զինուորական յանձնախումբի նախագահ Քնուտ Պարթիլեսի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Ռուսիոյ հաստատ կեցուածքը այն է, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի է լուծել միայն առնչակից երկու կողմերուն միջեւ եւ առանց երրորդ կողմի մը միջամտութեան, մանաւանդ առանց զինուորական ուժի օգտագործման:

Միւս կողմէ, «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, վկայակոչելով ամերիկեան վարչակազմէն աղբիւր մը, հաղորդեց, որ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը վերջին օրերուն ընդդիմադիր զինեալներու խմբաւորումներուն դէմ ռուսական «Սքոտ» հեռահար հրթիռներ կ՛օգտագործէ, սակայն Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց այս լուրը:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ պետական նախարար Միքայէլ Լինքը Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ Գերմանիոյ կողմէ տրամադրուելիք «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Թուրքիոյ մէջ պիտի տեղակայուին Սուրիոյ սահմանէն շուրջ 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Ան նշած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ անոնք պիտի տեղակայուին Մարաշ քաղաքին մօտ, որ 430 հազար բնակչութիւն ունի եւ Թուրքիոյ հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութեան կեդրոնը կը նկատուի:

Նախորդը

Ըստ «Անատոլու»-ի Մուրսի Իսլամ Եղբայրներու Անդամ Չեղող 90 Անձեր Շուրայի Խորհուրդի Անդամ Պիտի Նշանակէ

Յաջորդը

Հանիյէ Տոհա Իր Մօտալուտ Այցելութեան Մասին Կը Խօսի

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.