Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ Եգիպտոսի Պաշտպանութեան Նախարարը Քաղաքական Ուժերը Այսօր Ազգային Երկխօսութեան Կը Հրաւիրէ

December 12, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հազարաւոր ցուցարարներ երէկ Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի փողոցները ողողեցին` մասնակցելով հակադիր հաւաքներու, մինչ նոր սահմանադրութեան շուրջ 15 դեկտեմբերին նախատեսուած հանրաքուէին նախօրեակին լարուածութիւնը մագլցում արձանագրեց:

Թահրիր հրապարակին վրայ առաւօտեան կանուխ ժամերուն նստացոյց կատարող ընդդիմադիր ցուցարարներու դէմ հրավառ ռումբեր նետուեցան եւ կրակոցներ արձանագրուեցան: Արձանագրուեցաւ զոհ մը եւ 10 վիրաւորներ:

Ընդդիմադիր ցուցարարներ չորս տարբեր քայլարշաւներով ուղղուեցան Իթթիհատիյա նախագահական պալատ: Ընդդիմադիր ցուցարարներ շրջանցեցին նախագահական պալատին առջեւ բանակին կողմէ հաստատուած անցարգել մը, սակայն բռնի ուժի կիրարկում տեղի չունեցաւ: Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի բանակին քաղաքայիններ ձերբակալելու իրաւասութիւն տուած է, սակայն դէպքը ցոյց տուաւ, որ բանակը առնուազն առայժմ այդ իրաւասութիւնը չ՛ուզեր կիրարկել:

Եգիպտոսի դատաւորներու ակումբի ղեկավարը յայտնեց, որ երկրին դատաւորներուն 90 առ հարիւրը կը մերժէ հանրաքուէին հսկել: Ըստ եգիպտական օրէնքին, իւրաքանչիւր ընտրական կեդրոն պէտք է դատաւորի մը վերահսկողութեան տակ ըլլայ:

Մինչ այդ, եգիպտական բանակը ազգային երկխօսութեան հրաւէր մը ուղղեց: Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար զօր. Ապտել Ֆաթահ Սիսի եգիպտական քաղաքական ու ազգային բոլոր ուժերը, ինչպէս նաեւ ղպտի եկեղեցւոյ եւ Ազհարի ներկայացուցիչները այսօր հրաւիրեց ազգային երկխօսութեան մը: Սակայն նախագահական պալատը յայտարարեց, որ երկխօսութիւն կատարելու հրաւէրը նախագահութեան կողմէ է եւ ոչ թէ պաշտպանութեան նախարարին կողմէ, իսկ «հրաւէրը ուղղուած է քաղաքական կողմերուն, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն»:

Մինչ այդ, Եգիպտոս քաղաքական խառնակ վիճակին պատճառով Միջազգային դրամական ֆոնտէն խնդրեց յետաձգել փոխատուութիւնը: Եգիպտոսի վարչապետ Հիշամ Քանտիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահ Մուրսիի կողմէ տուրքերու յաւելման ծրագիրի առկախումէն ետք, Եգիպտոս խնդրած է 4.8 միլիառ տոլարի փոխատուութիւնը յետաձգել:

 

 

 

Նախորդը

Յեղափոխական Պահակագունդին Մէջ Խամենէիի Ներկայացուցիչը Կը Յայտարարէ. «Իրան Ամերիկեան Որեւէ Յարձակումի Իբրեւ Հակադարձութիւն Թել Աւիւը Պիտի Ռմբակոծէ»

Յաջորդը

«Ասատի Կողմէ Քիմիական Զէնքի Օգտագործման Վտանգը Նահանջած Է. Թերեւս Պատգամը Հասկցաւ» Կ՛ըսէ Փանեթա

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.