
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ երէկ յայտարարած է, որ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիի` Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Զուրապ Ապաշիծէ այս շաբաթ Ռուսիոյ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպում պիտի ունենայ:
Ան նշած է, որ այս հանգրուանին կարելի է միայն ըսել, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ եւրոպական երկիրներէն մէկուն մէջ: «Ատիկա պիտի ըլլայ թեքնիք բնոյթի հանդիպում», նշած է նախարարը:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Ռուսիա հետաքրքրուած է Վրաստանի վարչապետի` Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով յատուկ ներկայացուցիչ Զուրապ Ապաշիծէի հետ խորհրդակցութիւններու կատարումով:
«Մենք պիտի արձագանգենք այն առաջարկին, որ Զուրապ Ապաշիծէն` իբրեւ Վրաստանի վարչապետի յատուկ ներկայացուցիչ, մեզի յղած է: Մենք անոր հետ հանդիպումներ պիտի ունենանք, կը կարծեմ, մօտիկ ապագային, եւ յոյսով եմ, որ այս հանդիպումը որոշ բաներ պիտի յստակացնէ», ըսած է Լաւրով:


