Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոսի Փոխնախագահը Կը Յայտարարէ. «Սահմանադրութեան Նախագիծին Շուրջ Հանրաքուէն Տեղի Պիտի Ունենայ Ճշդուած Թուականին»

December 6, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի երէկ առաւօտեան վերադարձաւ իր նստավայրը: Կէսօրէ ետք նախագահութիւնը լրագրողները հրաւիրեց Իթթիհատիյա նախագահական պալատ` երկրին մէջ տիրող կացութեան շուրջ տրուելիք մամլոյ ասուլիսի մը համար, որուն ընթացքին Եգիպտոսի փոխնախագահ Մահմուտ Մեքքի յայտարարեց, որ վիճելի սահմանադրական նախագիծին շուրջ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ ճշդուած թուականին` հակառակ հետզհետէ աճող բողոքի ցոյցերուն:

Ան ըսաւ, թէ ցոյցերը տագնապի լուծման միջոց չեն, եւ թէ «երկխօսութեան դուռը» բաց է: «Ներկայ հանգրուանէն դուրս գալու եւ հանրութեան պահանջներուն ընդառաջելու քաղաքական իսկական կամք մը գոյութիւն ունի», ըսաւ ան: Եգիպտոսի փոխնախագահը յայտարարեց, որ «ան, որ կը կարծէ, թէ կրնայ օրինականութիւնը պարտութեան մատնել, չի գիտեր, թէ ապագային ի՛նչ կրնայ պատահիլ»: Ան նախատեսեց , որ ստեղծուած կացութիւնը քանի մը ժամէն լուծուի:

Փոխնախագահը քաղաքական ուժերուն կոչ ուղղեց` սահմանադրութեան նախագիծին վիճելի կէտերուն շուրջ երկխօսութիւն կատարելու եւ բողոքի ցոյցերուն խաղաղ բնոյթը պահպանելու:

Սակայն Իսլամ եղբայրներ շարժումը իր համակիրներուն կոչ ուղղեց նախագահական պալատ ուղղուելու: Անոնք բռնի ուժով վտարեցին տեղւոյն վրայ երեքշաբթի գիշերուընէ  ի վեր նստացոյց կատարող ընդդիմադիրները, որոնք շրջանէն հեռանալէ ետք աւելի մեծ թիւերով վերադարձան, ինչ որ տեղւոյն վրայ ստեղծեց լարուած մթնոլորտ մը, որ հետագային վերածուեցաւ երկու կողմերուն միջեւ բախումներու: Հակառակ տիրող վտանգաւոր մթնոլորտին, ոստիկանութիւնը եւ ապահովական ուժերը կը բացակայէին դէպքին վայրէն:

 

Նախորդը

Ամերիկացի Դիւանագէտներ Իրանի Հետ Թուրքիոյ «Կազ Ոսկիի Դիմաց» Գործակցութեան Հարցով Անգարա Կ՛Այցելեն Էրտողան. «Հակառակ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն, Պիտի Շարունակենք Իրանէն Կազ Գնել»

Յաջորդը

«Մտահոգ Ենք, Որ Սուրիական Վարչակարգը Յուսահատութեան Հասնի Եւ Քիմիական Զէնքերը Օգտագործէ» Կ՛ըսէ Քլինթըն

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.