
Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ բազմահազար ընդդիմադիրներ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հրապարակած սահմանադրական փաստաթուղթին դէմ բողոքի ցոյց մը կատարեցին, որմէ ետք քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Իթթիհատիյա նախագահական պալատը:
Ցուցարարները պալատ հասնելէ ետք փորձեցին ապահովական ուժերու հաստատած անցարգելները շրջանցել, որուն պատճառով երկու կողմերուն միջեւ ընթացք առաւ բախում մը եւ արձանագրուեցան բազմաթիւ վիրաւորներ:
Ապահովական ուժերը ցուցարարները ցրուելու համար օգտագործեցին արցունքաբեր կազեր:
Այնուհետեւ ցուցարարները սահմանադրական փաստաթուղթի չեղեալ յայտարարման պահանջը շրջանցելով վարչակարգին տապալումը պահանջեցին: Տուեալ մթնոլորտին մէջ նախագահ Մուրսի հեռացաւ նախագահական պալատէն: Ցուցարարները մտադրութիւն յայտնեցին Թահրիր հրապարակին վրայ տեղի ունեցող բաց նստացոյցը փոխադրելու նախագահական պալատ:


