Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՅԴ-ի Որոշումը Պայմանաւորուած Չէ Ոեւէ Մէկուն Որոշումով» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

December 4, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արմէն Ռուստամեան

«Մենք ըսած ենք, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք: Գերագոյն ժողովին մէջ այս ամբողջ պատկերը ամբողջացնելով` մեր որոշումը պիտի տանք», «Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞վ  պայմանաւորուած է ներկայ պահու քաղաքական անորոշութիւնը, յայտարարեց Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ան անդրադառնալով յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն ըսաւ, որ ՀՅԴ-ի ընթացքը շատ յստակ է` կուսակցութիւնը ոեւէ մէկուն դիրքորոշումով չի պայմանաւորեր իր որոշումը:

Ան նշեց, որ  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի արտակարգ ժողովը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբերին, որուն ընթացքին ալ պիտի յայտարարուի նախագահական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի մասնակցութեան ձեւաչափի մասին:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ տեսակէտ կայ, որ ընդդիմադիրներուն, որոնց շարքին` ՀՅԴ-ի որոշումը կախեալ է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի որոշումէն, եւ որ միայն Ծառուկեանի որոշումէն ետք միւս ուժերը պիտի հրապարակեն իրենց որոշումը, Ռուստամեան յայտնեց հետեւեալը. «ՀՅԴ-ի որոշումը ոեւէ մէկուն դիրքորոշումով պայմանաւորուած չի կրնար ըլլալ: Անոնք, որոնք ծանօթ են ՀՅԴ-ին, գիտեն, որ կուսակցութիւնը իր որոշումները կու տայ իր ժողովներով, ուրիշ որեւէ հանգամանքով որոշում փոխել կարելի չէ: Մենք հիմա կը կատարենք այն, ինչ որ Գերագոյն ժողովը յանձնարարած է Գերագոյն մարմինին` հասնիլ համախմբման այս ընդդիմադիր դաշտին մէջ: Եթէ ատիկա կարելի չըլլայ, անով պայմանաւորուած պիտի ըլլայ նաեւ մեր որոշումը, եթէ ոչ` մենք պիտի քալենք մեր ճամբով, եւ անոնք, որոնք չհամաձայնեցան այս օրակարգին, մեզի համար կը դառնան նոյնը` ի՞նչ տարբերութիւն իշխանական դաշտէն, թէ` միւս դաշտէն»:

Անդրադառնալով քաղաքական խորհրդակցութիւններուն` Ռուստամեան նշեց, որ 6 դեկտեմբերին հանդիպում տեղի պիտի ունենայ քաղաքացիական, հասարակական խաւին հետ, որմէ ետք ալ պիտի հրապարակեն ընդհանուր արդիւնքները: Ռուստամեան ընդգծեց, որ որոշ հարցերու մէջ համաձայնութեան եկած են, որոշ հարցերուն մէջ` ոչ:

 

Նախորդը

«Մասնակի Ընտրութիւնները Ո՛չ Ազատ Էին, Ո՛չ Ալ Ժողովրդավար» Կ՛ըսէ Ստեփան Սաֆարեան

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Քոնկոյի Նախագահին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.