Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Հանդիպում` Սուրիահայերու Օգնութեան Նպատակով

December 1, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 29 նոյեմբեր 2012-ին, Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ «Օգնիր եղբօրդ» հասարակական կազմակերպութեան համադրող Վահան Յովհաննիսեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի, աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան, Եւրոպական խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, Եւրոպայի ժողովրդային կուսակցութիւն խմբակցութեան անդամ Ռոտի Քրացա – Ցանկարոփուլուի հետ:

Քրացա մօտէն կը զբաղի Սուրիոյ մէջ մարդասիրական օգնութեան կազմակերպումով եւ առաքումի աշխատանքով` գործակցելով Եւրոպական Միութեան պատկան սպասարկութեանց հետ: Յովհաննիսեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Սուրիոյ մէջ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան ապաստան գտած սուրիահայերու ներկայ իրավիճակը: Ան դիմեց Քրացայի օժանդակութեան, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ տրուած մարդասիրական օգնութիւնը տրամադրուի նաեւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն:

Քրացա խոստացաւ իր կարելին ընել` մարդասիրական օժանդակութիւն ապահովելու համար, միաժամանակ տալով կարգ մը ցուցմունքներ` առնուելիք քայլերուն համար, որպէսզի երկուստեք կատարուելիք աշխատանքը ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ: Հանդիպման ընթացքին Քրացա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանին հետ` տեղեկացնելու անոր այս հանդիպման մասին, եւ թէ Պրիւքսելէն ու Երեւանէն կապ պիտի հաստատուի իրեն հետ, եւ խնդրեց, որ  առաւելագոյնը հայկական կողմին հետ գործակցութեան ընթացքին:

«Վահան Յովհաննիսեանի Եւրոպական խորհրդարան աշխատանքային այցելութիւնը լաւագոյն առիթն էր այս հանդիպումը կայացնելու, որովհետեւ թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը եւ թէ՛ մենք, առիթը ունեցանք փոխանցելու յաւելեալ տեղեկութիւններ, ներկայացնել առաջարկներ եւ համագործակցութեան եզրեր որոնել: Այսպիսով կը շարունակենք Պրիւքսելի մէջ արդէն սկսած  քաղաքական մեր հանդիպումները` առաւելագոյն օգնութիւնը բերելու մեր հայրենակիցներուն ֆիզիքական անվտանգութեան եւ մարդասիրական օժանդակութեան ապահովման համար», շեշտեց Գասպար Կարապետեան:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Առաջարկած Օրակարգին Շուրջ Միասնական Դիրքորոշում Չէ Ձեւաւորուած

Յաջորդը

«Յոյժ Կարեւոր Է Ղարաբաղի Վերադարձը Տագնապի Լուծման Հոլովոյթ» Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.