Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Առաջարկած Օրակարգին Շուրջ Միասնական Դիրքորոշում Չէ Ձեւաւորուած

December 1, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, որ արդեօք կարելի՞ է, որ քաղաքական խորհրդակցութիւններուն մասնակցող ուժերը ի վերջոյ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցին միասնական թեկնածուով, ՀՅԴ-ի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ բանակցութիւններու յաջորդ հանգրուանին կարելի է անցնիլ այն բանէն ետք, երբ պիտի յայտարարուի, թէ արդեօք քաղաքական խորհրդակցութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերը կ՛ընդունի՞ն Դաշնակցութեան ներկայացուցած օրակարգը:

Դաշնակցութիւնը այս ամսուան սկիզբը յայտարարեց, որ կը սկսի քաղաքական քննարկումներ կատարել կուսակցութիւններու, հասարակական լայն շերտերու եւ մասնագիտական խումբերու հետ: Քննարկումներու ընթացքին ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց 7 կէտերէ բաղկացած օրակարգը, որուն մէջ ներառած էին 100 տոկոսնոց համամասնական ընտրակարգին, կառավարման խորհրդարանական համակարգին անցում կատարելու, տարբեր յանձնախումբերուն մէջ ընդդիմութեան վերահսկողական լծակներ տրամադրելու եւ այլ խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

Ռուստամեան յայտնեց, որ բոլոր հարցերը չեն ընդունուած: Օրինակ, կառավարման նախագահական համակարգէն խորհրդարանականին անցնելու Դաշնակցութեան սկզբունքային առաջարկին դէմ է ոչ միայն իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը, այլ նաեւ բանակցութիւններուն մասնակցող Հայ ազգային քոնկրեսը: Իսկ եթէ օրակարգային այս կարեւոր հարցը ընդունելի չէ քոնկրեսին համար, ապա ըստ Արմէն Ոուստամեանի, էական չէ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ այն անձը, որուն թեկնածութեան շուրջ բանակցութիւններ պիտի վարուին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ եթէ քոնկրեսը չհամաձայնի խորհրդարանական համակարգին անցում կատարելուն, կը բացառուի՞, որ Դաշնակցութիւնը քոնկրեսի առաջարկած թեկնածուին սատարէ, դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ «իշխանութիւնները եւս չեն համաձայնիր, տարբերութիւնը ի՞նչ է: Ի՞նչ տարբերութիւն, թէ ո՛վ չի համաձայնիր` իշխանութիւննե՞րը, թէ՞ ընդդիմութեան մէջ եղած այս կամ այն քաղաքական ուժերը: Անոնք, որոնք չեն համաձայնիր, կասկած կը յառաջացնեն, որ կ՛ուզեն օգտագործել նոյն լծակները` պարզապէս անունները փոխելով: Մարդոց փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ եւ հայ ժողովուրդը այդ ամէն ինչի մէջ ո՞ւր  է, անհասկանալի է»:

 

 

 

Նախորդը

«Պաղեստինը Իբրեւ Դէտի Կարգավիճակով Պետութիւն Ընդունիլը Ժողովրդավարութեան Յաղթանակն Է» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Հանդիպում` Սուրիահայերու Օգնութեան Նպատակով

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.