Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 30 ԱՊՐԻԼ 1961 )

April 30, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԵՂԵՌՆԻ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄԸ ԶԱՀԼԷԻ ՄԷՋ
(ՍԵՓԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի)

Զահլէի հայ կաթողիկէ եկեղեցին լեցուն էր այդ օրը` տեղւոյն երեք յարանուանութեանց հաւատացեալներով, ինչպէս պատարագի խորհուրդը, նոյնպէս ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչող հոգեհանգստեան պաշտամունքը կատարուեցաւ` աւուր պատշաճի վեհութեամբ: Քառաձայն երգչախումբ մը, Պէյրութէն եկած երիտասարդ խմբավարի մը ղեկավարութեամբ, պատարագիչ հայր Սարգիս վարդապետի սրբաշունչ աղօթքներուն արձագանգը կ՛ըլլար` երգեհանի ընկերակցութեամբ:

Պատարագի խորհուրդին եւ հոգեհանգստեան պաշտամունքի աւարտելուն պէս, Զահլէի կաթողիկէ  եկեղեցիին կից «Պաթանեան» սրահը խուժեց ներկայ հոծ հասարակութիւնը: Ո՛չ թէ միայն ընդարձակ սրահը, այլեւ եկեղեցիին ամբողջ բակը լեցուն էր խուռներամ բազմութեամբ: ՀՄԸՄ-ի սկաուտները փայլ մը եւս կ՛աւելցնէին օրուան հանդիսութեան վրայ` իրենց կարգապահ կեցուածքով եւ «Պատուի առ»ի խրոխտ դիրքաւորումով:

Հանդիսականներուն մէջ աչքի կը զարնէին բացի յարանուանութեանց պետերէն, Լիբանանի օդուժի հրամանատարներէն, գնդապետ  Արամ Սիւլիւքճեան եւ իր կինը, որոնք յատկապէս եկած էին ներկայ ըլլալու եկեղեցական արարողութեան եւ Ապրիլեան եղեռնը ոգեկոչող հանդիսութեան:

Բողոքական համայնքը կը ներկայացնէր պատուելի Աւագեան, հայ կաթողիկէ համայնքը` Սարգիս վրդ. Ուզունեան, իսկ կիլիկեան կաթողիկոսութեան հաւատարիմ զահլեցիները կը ներկայացնէր Նարեկ քահանան, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Այնճարէն: Սգատօնին ներկայ ըլլալու համար եկած էր նաեւ Այնճարի կաթողիկէ հովուապետը:

Բեմին վրայ զետեղուած էր նկար մը` Մայր Հայաստանը խորհրդանշող, ամբողջութեամբ սպիտակ եւ կարմիր ժապաւէններով երիզաւորուած: Վեց պարմանուհիներ, հրեշտակային սպիտակ զգեստաւորումով, ձիթենիի ճիւղեր ի ձեռին, Մայր Հայաստանը խորհրդանշող պատկերին շուրջ պատուոյ պահակութիւն կ՛ընէին:

Առաջին խօսողը եղաւ հայ առաքելական համայնքի ներկայացուցիչ Նարեկ քահանան: Երիտասարդ քահանան, անվիճելի հայերէնով մը, ոգեկոչեց յիշատակը ապրիլեան նահատակներուն` աւելցնելով, որ ապրիլեան սգատօնը լաւագոյն ապտակն է բոլոր անոնց, որոնք 1915-ի աղէտը կազմակերպելով հայ ժողովուրդի գլխուն` կարծեցին վերջակէտել հայ ժողովուրդի ֆիզիքական եւ մտաւոր գոյութիւնը: Տէր Նարեկ քահանան իր ոգեշունչ խօսքերը եզրափակեց ըսելով, որ մենք այն ատեն միայն յարգած կ՛ըլլանք յիշատակը մեր նահատակներուն, եթէ տէրը կանգնինք անոնց քաղաքական երազներուն:

Աւետարանական համայնքին կողմէ խօսք առնելով` պատուելի Աւագեան յուզումով եւ վրդովումով շեշտեց, որ մենք չենք յարգեր արժանաւորապէս յիշատակը մեր նահատակներուն, որովհետեւ մեզմէ շատերը դեռ կը յամառին խօսիլ լեզուն անոնց, որոնք մէկ միլիոն հայութեան ողջակիզման կազմակերպիչները եղան: Պատուելին աւելցուց, որ իր կրօնաւոր դառնալը արդիւնքն է այն ուխտին, զոր ինք կատարած է դեռ 11 տարեկան հասակին, երբ իր աչքերով տեսած է բոլոր զարհուրելի մանրամասնութիւնները 1915-ի աղէտին: Ան ուզած է իր ժողովուրդին ծառայել կրօնական գծով, որովհետեւ հաւատացած է, թէ հայ ժողովուրդի գոյատեւման գլխաւոր ազդակներէն մէկն է եղած եկեղեցին, անկախ թէ ո՛ր յարանուանութեան կը պատկանի, կը բաւէ, որ հայ համայնքին եկեղեցին ըլլայ ան:

Սգահանդէսին գլխաւոր խօսողն էր Սարգիս Սարունի` յատկապէս հրաւիրուած Պէյրութէն:

Ս. Սարունի, բացատրելէ ետք քաղաքական շարժառիթները Ապրիլեան աղէտին կազմակերպման, շեշտեց կարեւոր դերը սփիւռքի հայութեան եւ Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին: Այնքան ատեն որ չունինք ամենայն հայոց կառավարութիւն, իրենց իսկ արտայայտութեամբ, ինչպէս նաեւ ամենայն հայոց հայրապետութիւն, որ ի վիճակի ըլլայ, չեմ ըսեր կամենայ, տէր կանգնելու հայ ժողովուրդի անվճար մնացած մուրհակներուն, մենք մեր քաղաքական պահանջամուրհակները պիտի յանձնենք սփիւռքի հայութեան` իբրեւ իրաւատիրոջ հայ ժողովուրդի անկատար մնացած քաղաքական-ազգային իտէալներուն: Մեր նահատակներէն մեզի փոխանցուած պարտամուրհակներուն վրայ դրոշմուած են մեր հայրենի տարածքին վրայ աւերակներու վերածուած վանքերն ու յիշատակարանները, մեր նախահայրերուն արիւնով ու քրտինքով սրբագործուած վայրերը: Մեր բարոյական պարտքն է ոչ միայն գուրգուրանքով պահել այդ պահանջամուրհակները, այլեւ` փոխանցել զանոնք գալոց սերունդներուն, ամբողջական հայրենիք մը, ամբողջական հայութեամբ ունենալու վճռակամ հաւատքով:

Վերջին խօսողը եղաւ Սարգիս վրդ. Ուզունեան: Երիտասարդի մը անզուսպ խանդավառութեամբ, իր փակման խօսքին մէջ հայր Ուզունեան` Զահլէի կաթողիկէ համայնքին հովուապետը, կոչ ըրաւ բոլոր երիտասարդներուն` ըլլալ արժանի յաջորդը Հայ դատին համար զոհուողներուն եւ անվհատօրէն տանիլ պայքարը հայ ժողովուրդի ազատագրութեան, մինչեւ այն օրը, երբ սրբազան եռագոյնը կ՛երթայ նորէն ծածանիլ Արարատի վեհապանծ գագաթին: Սուգի օր չէ այսօրը, աւելցուց ան, այլ ուխտի օր է մեր` երիտասարդներուս, ըլլանք աշխարհական թէ կղերական եւ, իբրեւ այդպիսին, դուք կը տեսնէք ահա, որ մենք սեւով չէ, որ զարդարած ենք բեմը, այլ` յուսադրիչ սպիտակով եւ հաւատաւորի կարմիրով, կարմիր մը, որ խորհրդանիշը չէ երբեք մեր ժողովուրդին քաղաքական իղձերը խեղաթիւրող «կարմիր» իշխանաւորներուն:

Մէջ ընդ մէջ արտասանութիւններով, երգով եւ նուագով իրենց մասնակցութիւնը բերին` Թերզեան Այտա, Անահիտ Թանաշեան, Գոհարիկ Մովսէսեան, Անեթ Պաղչեճեան, Մ. Մանուկեան, Յակոբ Թորոսեան եւ Սիմոն Գալֆայեան:

Ծաղկեպսակներով իրենց մասնակցութիւնը բերած էին հանդիսութեան` ՀՅԴ տեղւոյն մարմինը, ԼՕԽ-ի Զահլէի եւ Շթորայի մասնաճիւղերը, երեք յարանուանութիւնները եւ ՀՄԸՄ-ը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Ի՞ՆՉ Կ՛ԸՍԵՆ ԱՍՏՂԵՐԸ

Յաջորդը

ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՇՈՒՐՋ. ԵԹԷ ԴՈՒՆ ԱՊՐԷԻՐ…

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։