Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սուտանի դեսպան Ահմետ Հասան Ահմետ Մոհամետի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Սուտանի միջեւ յարաբերութիւններն ու տնտեսական եւ ճարտարարուեստի մարզերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Խարթումի մէջ Սապունճեանի ստորագրած համաձայնագիրները գործնականացնելու քայլերը, Սուտանի մէջ ճարտարարուեստի, զբօսաշրջութեան եւ երկրագործութեան մարզերուն մէջ լիբանանեան ներդրումները դիւրացնելու, ինչպէս նաեւ սուտանեան շուկան լիբանանեան արտադրութիւններուն դիմաց բաց ձգելու կարելիութիւնները:
Վ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:


