Թրքական «Թուտէյզ Զաման»-ը կը հաղորդէ, որ Տերսիմի մէջ 1937-1938-ին տեղւոյն ալեւի, քիւրտ, ասորի եւ հայ բնակչութեան դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրածներու եւրոպաբնակ շարաւիղները Լա Հէյի միջազգային քրէական դատարանին մէջ դատական հայց ներկայացուցած են «ընդդէմ անոնց, որոնք տեղի ունեցածին համար պատասխանատու են»:
Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Հոլլանտայի մէջ բնակող շարաւիղները «մենք Տերսիմի ցեղասպանութեան համար արդարութիւն կը պահանջենք» գրութեամբ պաստառներով քայլարշաւ կատարած են դէպի դատարանի շէնք եւ յանձնած շուրջ երեք հարիւր էջերէ բաղկացած հայցը:
Փաստաբան Էրտալ Տողան, որ դատարանին յանձնած է հայցը, լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ «այսքանով պիտի չբաւարարուինք ու պիտի դիմենք ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբին»:
«Թէեւ մեր վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ներում հայցած է` ըսելով, որ այն, ինչ որ կատարուած է Տերսիմի մէջ, եղած է ծրագրուած սպանդ, բայց եւ այնպէս, ան չէ ըսած ամէնէն կարեւորը` 1937-1938-ի ընթացքին տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը նպատակ հետապնդած է թրքացնել այդ հողերը եւ այդտեղէն ալեւիները վերցնել», նշած է փաստաբանը:


